Հայ Դատ

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԵՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՄՆԱՆ ԲԱՐԱԿ ՍԱՌՈՅՑԻ ՎՐԱՅ

Յաջողութիւնը բազմաթիւ հայրեր ունի, սակայն ձախողութիւնը որբ է: Շարք մը թուրք գործիչներ հրապարակ ելան, երբ Ֆրանսայի օրէնսդիրները Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդ յղեցին: Օրինագիծին մարտահրաւէր կարդացող խնդրագիրը ստորագրած ծերակուտականներու բարձր թիւը զարմացուց բազմաթիւ անձեր` ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Ֆրանսայի մէջ: Մինչդեռ իսկական անակնկալը եկաւ Ազգային ժողովէն, որուն աւելի քան 60 անդամներ միացան օրինագիծին մարտահրաւէր կարդացող ծերակուտականներուն: Կը թուի, թէ...

ԳՈՐԾԱԶՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԽՈՉԸՆԴՈՏ` ԱՐՑԱԽՑԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԵԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ԼՈՒՍԻՆԷ ՄՈՒՍԱՅԷԼԵԱՆ Արցախում երիտասարդութեան զբաղուածութեան հարցը շարունակում է չլուծուած մնալ: Կառավարութիւնն այդ ուղղութեամբ դեռեւս չունի մշակուած քաղաքականութիւն: Եւ գործազուրկ անձանց թիւն էլ հեռու է իրականութիւնից: Այսպիսով, 140 հազար բնակչութիւն ունեցող Արցախի հանրապետութիւնում, ըստ պաշտօնական վիճակագրական տուեալների, գործազուրկների թիւը կազմում է ընդամէնը մօտ 3000 քաղաքացի: Այս թիւը չի կարող արտացոլել իրական վիճակը, քանի որ աշխատանք փնտռողներից շատերը պարզապէս չեն գրանցւում որպէս...

«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԶԱՐԹՕՆՔԸ». ՀԱՅ ԴԱՏԸ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ ԻՐ ՃԻՇԴ ՀՈՒՆԻՆ ՄԷՋ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Թուրքիոյ հայոց զարթօնքը»... Այսպէս խորագրուած էր ֆրանսական մեծ օրաթերթ «Լը Մոնտ»-ի 22 դեկտեմբեր 2011-ի համարին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը` ստորագրուած Կիյոմ Փերիէի կողմէ, թերթի մասնաւոր թղթակից, որ գտնուած է Տերսիմ: Կիյոմ Փերիէ կը նկարագրէ գետ մը, ներկայ անուանումով` Մունզուր, որուն ջուրերը կը փշրուին ժայռերուն վրայ, յառաջացնելով փրփուրի հսկայ փունջեր: Այս խարակներուն վրայէն «այրեր եւ կիներ նետուած են...

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-Ի. ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՈՒՄ, ՈՐԴԵԳՐՈՒՄ ԵՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

18-րդ դարու աւարտին մտայղացուած Ֆրանսայի նշանաբանին բառերը` «Ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն» կը յիշեցնեն վերոյիշեալ երեք բառերը` քրէականացում, որդեգրում եւ վաւերացում: Լամարթինի, Շաթոպրիանի եւ Ռուսոյի նման գրագէտներ, փիլիսոփաներ եւ հանճարներ կրցած են ստեղծել ժողովուրդէն ծնած, տարածուած ու ապա գրանցուած այդ հռչակաւոր նշանաբանը: Յունուար 23, 2012-ին ալ խումբ մը ծերակուտականներ ի վերջոյ մտայղացումը ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան գծով, այդ իւրայատուկ նշանաբանին հետքերով կատարել...

«ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆ ԿՈՂՄԷՆ ԵԿԱԾ ՀԱՅԵՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ՄԸ ԸՐԻՆ»

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթի կիրակի, 29 յունուար 2012-ի յաւելուածին մէջ յայտնի հրապարակագիր ու համալսարանի դասախօս Պասքըն Օրան ստորագրած էր ինքնատիպ յօդուած մը, որ նախ զարմանք կը պատճառէր, յետոյ` կը պարզէր նշանակալից խորհուրդ մը: Պասքըն Օրանի յօդուածը կը կրէր տարօրինակ խորագիր մը. «Անգարայի մէջ հայերու ուժի ցուցադրութիւնը»: Հայերը ինչպիսի՞ ցոյց մը ըրած էին Անգարայի մէջ` կրելով վերտառութիւններ, որոնց վրայ մէկ-մէկ խաչ քաշուած...

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՔԼԻՆԹԸՆԸ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը խստօրէն քննադատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կողմէ հինգշաբթի, յունուար 26-ին կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ Ուաշինկթընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը «շատ վտանգաւոր դուռ մը պիտի բանայ»` պատասխանելով Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին մասին հարցումի մը: Քլինթըն կրկնեց, թէ ասիկա պէտք է պատմական քննարկումի նիւթ դարձնել: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր...

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՀԵՏ ՀԱՇՏՈՒԵԼՈՒ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ հինգշաբթի, յունուար 25ին, անդրադառնալով Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ ծերակոյտին կողմէ վաւերացուած Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին` ըսաւ, թէ Թուրքիա պէտք է իր պատմութեան մութ էջերուն հետ դէմ յանդիման գայ, եթէ կը փափաքի երկիրը աշխարհի մեծագոյն տնտեսութիւնը ունեցող ցուցակին առաջին տասնեակին հասցնել մինչեւ 2023 թուական, ինչպէս խոստացած էր վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ան աւելցուց, թէ պատմաբանները...

ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Լրացաւ Պոլսում լոյս տեսնող «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի ողբերգական մահուան 5-րդ տարելիցը, որը Թուրքիայում ու ողջ աշխարհում լայնօրէն ոգեկոչուեց սգոյ հանդիսութիւնների ու երթերի միջոցով: Այդ թերթի խմբագրի ճակատագիրը անցած 5 տարիների ընթացքում արդէն հասցրել է այնպիսի խոր հետք թողնել մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, որ արժանի է ոչ միայն քաղաքական, այլեւ լայն աշխարհայեացքային ու պատմահամեմատական գնահատականի: Հրանդ Տինքի...

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՈՂՆԱՍԻՒՆԸ` «ԻՆՉՔԵՐ»…

Դատարանին տուած որոշումէն սորվեցանք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած էր ո՛չ թէ գաղտնի կազմակերպութեան մը, այլ քանի մը ստահակներու կողմէ: Հրանդ հարիւր տոկոսով իրաւացի էր, երբ կ՛ըսէր. «Եթէ հարց տրուի, որ հայերուն լքած ինչքերը որո՞նց բաժնուեցան, կամ ինչեր եւ ովքեր ի՞նչ եղան, ասիկա շատ մեծ ցնցում պիտի յառաջացնէ, որովհետեւ երկրին պարտադրուած պատմութիւն մը փուլ պիտի գայ. «Եթէ այս պատմութիւնը մեզի սխալ...

ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի եւ Եւրոմիութիւն-Թուրքիա խառն յանձնախումբի համանախագահ Ճուսթ Լակենտիք հինգշաբթի, յունուար 19-ին հետաքրքրական յօդուած մը հրատարակած է «Էն. Թի. Վի.» կայանի կայքին վրայ եւ մեկնաբանութիւններ ըրած` քաղաքական գետնի վրայ ներողութիւն խնդրելու հարցին մասին: Ստորեւ համադրաբար կը ներկայացնենք անոր յօդուածը: «Հինգ տարի առաջ սպաննուեցաւ լրագրող Հրանդ Տինք: Անոր յիշատակը վառ պահելու նպատակով, ամէն տարի Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ աշխատաժողովներ...

ՓԱԹՐԻՔ ՏԵՒԵՃԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ «ՄԻԼԼԻՅԷԹ»-ԻՆ

Փաթրիք Տեւեճեան բաւական երկար հարցազրոյց մը տուած է թրքական «Միլլիյէթ»-ին, զոր թերթը խորագրած է «Թուրքիա ինչո՞ւ կը պաշտպանէ Թալէաթ փաշան»: Փարիզի մէջ հարցազրոյցը վարող լրագրող Փընար Էրսոյի` «Ֆրանսայի մէջ ցեղասպանութիւնը ընդունուած է: Այս նոր օրինագծէն հայերը ի՞նչ նպաստ կը ստանան» հարցումին Տեւեճեան կը պատասխանէ. «Այս օրինագիծը երկու բան կը փոխէ: Նախ` թրքական պետութիւնը Ֆրանսայի մէջ այլեւս ժխտողական քարոզչութիւն չի կրնար...

ՊԱՏԺԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒՆԵՐԸ

Ֆրանսական ծերակոյտին կողմէ պատժելիութեան օրինագիծի քննարկման հակազդեցութիւններու դիմաց հայկական կողմը, մտաւորական դասը պատասխանեց եւ, պէտք է ըսել, շատ յաճախ` դիպուկ եւ համոզիչ կերպով` մասնաւորապէս համացանցի եւ տպագիր մամուլի էջերուն մէջ, պատասխանի իրաւունք եւ վիճարկում բաժիններուն մէջ: Երեւոյթը ընդգծելի է այնքանով, որ նման ծանրակշիռ նիւթի դիմաց, որ ներգրաւեց ֆրանսական քաղաքական մտաւորական եւ տնտեսական դասը իր զանազան հոսանքներով, կարգ մը հայկական կազմակերպութիւններու...

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅԵՐԸ ՋԱՒԱԽՔԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆ

ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ վրացական կառավարութեան միջեւ շարունակուող երկխօսութիւնը Թիֆլիսի եւ Ուաշինկթընի մէջ իբրեւ նպատակ կը հետապնդէ ընդլայնել հայ-վրացական համագործակցութիւնը եւ աւելցնել վրացական եւ հայկական ներդրումները, ինչպէս նաեւ ընդարձակել Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը Վրաստանի Սամցխէ-Ջաւախքի շրջանին մէջ աշխատատեղերու ստեղծման գործին մէջ: «Վրաստանի դեսպանատունը, հետեւելով Սամցխէ-Ջաւախքի շրջանի եւ ամբողջ հանրապետութեան մեր բոլոր...

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԹԱՂՈՒՄԸ

Ձմեռ ըլլայ, թէ ամառ, մեր յիշողութեան մէջ ցաւը տակաւին թարմ է: Ես կը յիշեմ 2007-ի յուլիսեան տաքը, երբ մենք` Հրանդ Տինքի պաշտօնակիցներս եւ ընկերներս, խռնուած էինք Պոլսոյ մէկ դատարանի փոքր դահլիճին մէջ` հեղձամահ ըլլալու վտանգը աչքերնիս առնելով: Այս դատավարութիւնը սկսաւ Հրանդ Տինքի սպանութենէն հինգ ամիս ետք. մեծ յուսախաբութիւն մը` բոլոր անոնց համար, որոնք փոփոխութիւն կ՛երազէին, կ՛ակնկալէին: Երեքշաբթի, 17 յունուարին, քաղաքը ...

ՏԻՆՔԻ ԳՈՐԾՈՎ ԴԱՏԱԿԱՆ ՎՃԻՌԸ ՉԻ ԲԱՒԱՐԱՐԵՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԶԳԱՑՈՒՄԸ

Թէեւ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութենէն հինգ տարիներ անցած են արդէն, սակայն քաղաքացիական հասարակութիւնը նախկինին նման մտահոգ է, անհանգստացած է, որ ոճիրին իրական մեղաւորներուն վերաբերող ապացոյցները ցարդ կը քողարկուին, եւ եթէ նոյնիսկ դատական վճիռը կը պատժէ կրակողը, արդարութեան հանրային զգացումը բաւարարուած չէ: «Ակօս» թերթի հանգուցեալ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինք օր ցերեկով սպաննուեցաւ 19 յունուար 2007-ին, Պոլսոյ մէջ, թերթի խմբագրութեան գրասենեակին մօտ,...

ԺԽՏՈՂԱԿԱՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ «ՆՈՒՎԵԼ ՕՊՍԵՐՎԱԹԷՕՐ»-Ի ՄԷՋ` «1915-Ի ՋԱՐԴԵՐՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹԸ ՉԷ ՓԱՍՏՈՒԱԾ»

«Նուվել Օպսերվաթէօր» շաբաթաթերթի յունուար 5-ի թիւին մէջ թերթին հիմնադիր-խմբագիրը` Ժան Տանիէլ, ստորագրած է պատժելիութեան օրէնքը քննադատող խմբագրական մը, որ միաժամանակ իր բնոյթով ինքնաբերաբար կ՛արդարացնէ նման օրէնքի անհրաժեշտութիւնը: Նախ, Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելու ընթացքին, ան, թուրքերուն նման, կը չակերտէ բառը` վերջն ալ հեգնանքով ըսելով, թէ` «Արդէն կը զգամ, որ ասով իսկ օրէնքին դէմ կը գործեմ»: Ապա կը գրէ բառացիօրէն. «Քաղաքական դէմքերը...

ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵԼՈՒ ՏԵՂԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ»

«Պելկէ» հրատարակչատան հիմնադիր, գրող եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու իր փաստաբան Սեննուր Պայպուայի միջոցով Թուրքիոյ խորհրդարանին յղած է խնդրագիր մը, ուր կոչ կ՛ուղղէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին` Թուրքիոյ խորհրդարանը ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անկէ բխող ձուլումի ու տեղահանութեան արարքները: Այս խնդրագիրը հրատարակած է թրքական «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքէջը: Զարաքօլու իր խնդրագիրին սկիզբը կը նշէ, թէ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու...

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ. ՊԱՔՈՒ ԿԸ ԲՈՑԱՎԱՌԻ ԴԵՍՊԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿՄԱՆ ԽԱՓԱՆՈՒՄՈՎ

Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը չյաջողեցաւ վաւերացնել Պաքուի մէջ գործող դեսպան Մեթիու Պրայզայի նշանակումը: Ասիկա անշուշտ կը սպառնայ Միացեալ Նահանգներու հետ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն: Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի` Պրայզայի պաշտօնավարութեան ժամկէտը աւարտեցաւ 2011-ի վերջաւորութեան, երբ ծերակոյտը  չձեռնարկեց նախագահ Օպամայի կողմէ անոր վերանշանակումը վաւերացնող քայլի: Պրայզային նշանակման ընդդիմացան հայկական սփիւռքի լոպիական խումբեր, որոնք ակնյայտօրէն կը հաւատան, որ դիւանագէտը չափազանց սերտ եւ մտերմիկ յարաբերութիւններ ունի...

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ… ԹՈՒՐՔԸ

Ստորեւ լոյս ընծայուած յօդուածին երկար-բարակ «գլխարկ» մը որոճալու ատեն, յանկարծ հայեացքս կեդրոնացաւ այս շարքի «Ի՞նչ կը մտածէ միւս թուրքը» ընդհանուր խորագիրին վրայ: Այս ընդհանուր խորագիրը որդեգրուած է ինծի համար շատ յարգելի անձի մը կողմէ, ժամանակի ընթացքին նաեւ դարձաւ իմ ու «Ազդակ»-ի սիրելի բարեկամը, այդ անձին առաջարկով: Թող ներէ մեր սիրելի բարեկամը, բայց այս յօդուածին «միւս» բառը խոտոր կը համեմատի: Թէ`...

ԴՈՒՔ ՁԵՐ ՃԱՄԲՈՎ, ՄԵՆՔ` ՄԵՐ…

Իրաւունք ունին Թուրքիոյ իշխանութիւնները: Մենք ենք մեղաւորը: Մենք ենք, որ պէտք է ներողութիւն խնդրենք: Մենք ենք, որ պէտք է զիջինք, մեղանչենք հաւաքաբար: Հրապարակաւ խոստովանինք ու` «Ե՛ս քեզ մեղայ» աղերսենք: Նոյնիսկ եթէ պատերազմինք, արեան գնով փրկենք մեզմէ յափշտակուած հայրենիքը, ոչինչ կը փոխուի, 20 տարի անց դարձեալ մենք պէտք է համակերպինք: Նոյնիսկ եթէ ֆրանսական խորհրդարանը հակաթուրք բանաձեւ որդեգրէ, մենք ենք, որ պէտք...

Page 48 of 53 1 … 47 48 49 … 53

Արխիւներ