Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Առիթով` Յունահայութիւնըվերանորոգեց Պահանջատիրական Պայքարը Շարունակելու Իր Վճռականութիւնը Բողոքի Բազմամարդ Ցոյցեր` Աթէնքի Մէջ

Ապրիլ 27, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hounasdan_42316

Շաբաթ, ապրիլ 23-ին եւ կիրակի, 24 ապրիլին, Յունաստանի ողջ տարածքին, պահանջատէր հայութիւնը վերանորոգեց Հայ դատի պայքարը վճռականօրէն յառաջ մղելու իր ազգային ուխտը:

Մեծ Եղեռնի մեր սրբադասուած նահատակներու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման եւ աղօթքի արարողութիւններով, ինչպէս նաեւ Աթէնքի թրքական դեսպանատան եւ Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ բողոքի բազմամարդ ցոյցերով` յունահայութիւնը հելլէն հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հրաւիրեց թրքական պետութեան կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին վրայ` հանուր մարդկութեան լսելի դարձնելով իրաւունքի եւ արդարութեան մեր պահանջատիրութիւնը:

hounasdan1_42316

Հարիւրաւոր հայեր եւ յատկապէս երիտասարդներ մասնակցեցան Աթէնքի մայրաքաղաքին կեդրոնը կազմակերպուած բողոքի տպաւորիչ ցոյցին, որուն քաղաքական պատգամը կեդրոնացաւ Հայ դատի պահանջատիրութեան ծիրին մէջ, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ ուղղուած հայատեաց թշնամանքն ու ցեղասպանական սպառնալիքը համազգային ուժերով դիմագրաւելու հրամայականին վրայ:

ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած բողոքի կեդրոնական ցոյցը, կիրակի կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ, Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմա հրապարակ համախմբած էր բազմահարիւր հայեր, որոնց շարքին մեծակշիռ ներկայութիւն էին մեր երիտասարդներն ու պատանիները:

Մինչեւ ցոյցին սկսիլը ազդանշանը, հաւաքուած ժողովուրդն ու անցորդները օրուան խորհուրդին եւ պատգամին հաղորդ պահուեցան` Յունաստանի երիտասարդական միութեան կազմակերպած ցուցահանդէս-տաղաւարին միջոցաւ:

Բողոքի ցոյցի մեծ թափօրը սկսաւ յառաջանալու կէսօրուան ժամը 1:00-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակն ու հայկական պահանջատիրութիւնը նշող յատուկ շապիկներ հագած մեր երիտասարդներուն եւ պատանիներուն առաջնորդութեամբ: Անոնք պարզած էին օրուան պահանջը խտացնող մեծ պաստառը, հսկայական Եռագոյն դրօշը եւ կը կրէին բազմաթիւ փոքր` Եռագոյն ու Յունաստանի դրօշներ, նաեւ` պահանջատիրական կարգախօսներ կրող մեծադիր պաստառներ: Ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին յոյն-պոնտական կազմակերպութիւններու եւ ասորիներու ներկայացուցիչները:

Ցուցարարները, անցան հելլէն խորհրդարանի շէնքին առջեւէն ու յառաջացան դէպի Ռիղիլիս պողոտայի խաչմերուկ, պահ մը կանգ առնելով Ազրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ եւ «Ղարաբաղը մերն է» լոզունգը վանկարկելով: Նաեւ, քանի մը երիտասարդներ, վազելով, անցան ճամբան ու դեսպանատան դուռին վրայ զետեղեցին Արցախի դրօշը ու ազերիկան վայրագութիւնը ցոյց տուող նկարներ:

 

hounasdan2_42316

Ապա` ցուցարարները ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն: Ռիղիլիս պողոտայի անկիւնը, սակայն, բողոքի ցոյցը ստիպուեցաւ կանգ առնել, որովհետեւ հելլէն ոստիկանութիւնը այս տարի եւս չյարգեց Հայ դատի յանձնախումբին նախօրօք տուած իր խոստումը` արտօնելու ցոյցին, որ յառաջանայ մինչեւ թրքական դեսպանատան շէնքը: Հայ դատի յանձնախումբին պատասխանատուները բանակցութեանց մէջ մտան ոստիկանութեան պատասխանատուին հետ, որ սակայն անդրդուելի մնաց իրեն տրուած հրահանգին` դէպի թրքական դեսպանատուն փողոցը փակ պահելու որոշումին վրայ:

Այդ միջոցին, շուրջ կէս ժամ, բողոքի ցոյցը ամբողջապէս փակեց Վասիլիս Սոֆիաս պողոտան` զոյգ ուղղութեամբ երթեւեկութեան առջեւ, իսկ ցուցարարները ո՛չ միայն շարունակեցին Հայ դատի պահանջատիրութեան յունարէն եւ հայերէն կարգախօսներու վանկարկումը, այլ նաեւ իրենց բարձրաձայն զօրակցութիւն յայտնեցին ցոյցի պատասխանատու յանձնախումբի ներկայացուցիչին կողմէ բարձրախօսով տրուած զեկոյցներուն եւ դատապարտանքի խօսքերուն` ոստիկանութեան կողմէ դէպի թրքական դեսպանատուն ճամբան փակ պահելու մասին:

Ցոյցի պատասխանատուները ստիպուեցան Յունաստանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանութեան ուղղուած մեր բողոքի ու պահանջատիրութեան յունարէն յուշագիրը կարդալ բարձրախօսով` ո՛չ միայն ցուցարարները իրազեկ պահելու, այլ նաեւ ու մանաւանդ զայն հանրային կարծիքին սեփականութիւնը դարձնելու համար:

hounasdan3_42316

Հանրային կարգի պահպանման պատասխանատու ոստիկանութեան հետ բախումը կանխելու առաջադրանքով` բողոքի ցոյցը իբրեւ դժգոհութեան եւ ընդվզումի արտայայտութեան` Ռիղիլիս պողոտայի խաչմերուկին այրեց թրքական դրօշը:

Տեղւոյն վրայ որոշուեցաւ նաեւ, որ ցոյցը դէպի Սինտաղմայի հրապարակը իր վերադարձի ճամբուն վրայ` կանգ առնէ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ:

Այդպէ՛ս ալ եղաւ: Պահանջատէր հայութեան բողոքի ցոյցին անունով` յատուկ կարեւորութեամբ հանրային կարծիքին բարձրաձայն յայտարարուեցաւ, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան փաստօրէն կը հանդիսանան հայասպան միեւնոյն քաղաքականութեան մետալին երկու երեսները: Ազրպէյճան այսօր, Արցախի հետ սահմանի ամբողջ երկայնքին, միակողմանիօրէն եւ նախայարձակ թշնամանքով կը խախտէ 1994-ի զինադադարը, անզէն հայերու եւ մանուկներու արիւն կը թափէ եւ իր ձեւով կը շարունակէ հայոց հայրենի հողը հայաթափ ընելու համաթրքական յանցագործ քաղաքականութիւնը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (27 Ապրիլ 1966)

Յաջորդը

Թեհրանի Մէջ Ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?