
Իր հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութիւնը խթման գիշերը` 26 մարտին, կազմակերպեց ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը, «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Ճէյն Այանեաններուն, ներկայութեամբ շուրջ 200 հայրենակիցներու եւ հիւրերու:
Երեկոյթին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Բարսեղ Գույումճեանը, որ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ միութեան հիմնադրութեան, անոր գործունէութեան եւ հետապնդած նպատակներուն:
Ապա վարչութեան փոխատենապետ Սարգիս Սեֆերեան փաուըրփոյնթի վրայ ներկաները ծանօթացուց միութեան կատարած աշխատանքներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն:
Անկէ ետք վարչութեան գանձապահ Շանթ Օհանեան բեմ հրաւիրեց փոխատենապետ Սարգիս Սեֆերեանն ու ատենադպիր Լեւոն Ճերմակեանը, որպէսզի պրոնզեայ գնահատագիրներ յանձնեն այն անձերուն, որոնք 1990 թուականին` լիբանանեան յետպատերազմեան շրջանին, ընկերակցութեան վարչութիւնը վերականգնեցին: Պարգեւատրուեցան` Գույումճեան Բարսեղ, Տիւնիայեան Յակոբ, Ճումպուշեան Յակոբ, Մարգարեան Յովիկ, Ճռճրեան Տիգրան, Էմմեան Կարպիս, ինչպէս նաեւ յուշանուէրներ յանձնուեցան Կարապետ Այանեան եւ որդիք հաստատութեան ու Կարապետ Գույումճեանին` իրենց նիւթական աջակցութեան համար` վարչութեան վերականգնման ժամանակաշրջանին:
Ճաշկերոյթի աւարտին բոլոր ներկաներուն տրամադրուեցաւ այս առիթով հրատարակուած եւ Լեւոն Ճերմակեանի կողմէ խմբագրուած «Կեսարիա, Նոր Կեսարիա եւ ժառանգորդներ արձագանգ 2» գիրքը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուած է պատմականին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Արմաւիր քաղաքին մէջ այսօր գոյութիւն ունեցող Նոր Կեսարիոյ: Գիրքին նպատակն է նոր սերունդին փոխանցել պատմական տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ` անոնց գիտակցութեան մէջ վառ պահել ազգային գիտակցութիւնը. հոն տեղ տրուած է նաեւ երիտասարդ սերունդի կեսարացիներու նկարներուն ու ամփոփ կենսագրականներուն:
Երեկոն ճոխացուցին Հրաչ Կայծակեանն ու Շաքէ Պաղտասարեանը` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին եւ իր նուագախումբին, ինչպէս նաեւ` ջութակահար Ռիթա Աստիկեանը:
Ճաշկերոյթին ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնց համար վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլորին:
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ
ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


