Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլ 24-ի Ոգեկոչում Զահլէի Մէջ

Ապրիլ 20, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

zahle-(2)_41716

Կիրակի, 17 ապրիլ 2016-ին Զահլէի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը` կազմակերպութեամբ Զահլէի ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Համազասպ» կորիզին:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով:  Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Ապրիլեան Եղեռնի զոհերուն յիշատակը, անկէ ետք Խաժակ Բալուլեան արտասանեց ձեռնարկին բացման խօսքը: Ան ըսաւ. «101 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, սակայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հաւատարիմ մնաց իր ուխտին, լեզուին եւ ինքնութեան` շնորհիւ իր թափած ջանքերուն եւ նուիրուածութեան սփիւռքի տարբեր հողաշերտերուն վրայ»:

Անդրադառնալով Արցախի ներկայ իրավիճակին` ան ըսաւ, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ ամբողջ հայութիւնը չի կրնար միայն հանդիսատեսի դեր ունենալ, այլ ան տարբեր ձեւերով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Արցախի ժողովուրդին օժանդակելու եւ խաղաղութիւն վերահաստատելու:

Բացման խօսքէն ետք Նարէ Փիլաւճեան ներկայացուց Պետիկ Հերկելեանի «Կեաւուրի լակոտ» քերթուածը, որմէ ետք Յասմիկ Այնթապլեան (ֆլութ) եւ Գէորգ Տէր Սարգիսեան (կիթառ) ներկայացուցին «Ղարաբաղցին» եւ «Ախպերս ու ես» երգերը:

zahle-(1)_41716

Այնուհետեւ օրուան բանախօս Վարդգէս Խօշեան ըսաւ, թէ` «Օսմանեան պետութեան որոշումով հայ ժողովուրդը բնաջնջելու ծրագիրը չյաջողեցաւ, որովհետեւ մահասփիւռ աւերակներուն մէջէն յայտնուեցաւ ապրելու տենչն ու գոյատեւելու կամքը, եւ հայ ժողովուրդը շարունակեց ապրիլ ու կերտել իր սեփական ինքնութիւնը»:

Ան շարունակեց` ըսելով, թէ հայոց պատմութեան նորագոյն հանգրուանը ներկան է, որ շատ աւելի պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ եւ ճակատագրական է, որովհետեւ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ օրէ օր ծաւալող մարտահրաւէրներ:

Ան ըսաւ, թէ հայ ազգը իր ոխերիմ թշնամիին դէմ պէտք է պայքարի վստահելով իր սեփական կարողութիւններուն, կառոյցներուն եւ միասնակամ ուժին:

Խօշեան, անդրադառնալով Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն, իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ ձեւով. «Մենք բարձրաձայն եւ ճակատաբաց կը յայտարարենք, թէ հայ ժողովուրդի համընդհանուր շահերուն տէր կանգնելու համար մենք դարձեալ ու միշտ պիտի  վերցնենք գերագոյն զոհաբերութիւն: Մեր բոլոր տարակարծութիւնները պիտի փշրուին գործելու համար զգաստ եւ միակամ»:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ հոգեւոր հայրերու օրհնութեամբ:

Նախորդը

Չորսօրեայ Պատերազմի Վերլուծումը Հայաստանի Պաշտպանութեան Բանակի Մամլոյ Խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանի Կողմէ

Յաջորդը

«Շրթնաներկով Էի Գնում Կռուի»…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?