
Շաբաթ, 9 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Ուաշինկթընի «Պաշտպանութիւն քրիստոնէութեան» համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ համախմբումի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինիի:
Սեպտեմբեր 2014-ի Ուաշինկթընի մէջ համախմբումին կողմէ կազմակերպուած համաժողովէն ի վեր Թուֆիք Պաաքլինի եւ համախմբումի ներկայացուցիչները զանազան առիթներով կը հանդիպին վեհափառին հետ` ունենալու անոր կարծիքը համախմբումի գործունէութեան մասին, յատկապէս` վերջին տարիներուն ընթացքին շրջանին մէջ տիրող կացութեան լոյսին տակ: Այս հանդիպումին ընթացքին անոնք ներկայացուցին համախմբումին յառաջիկայ ծրագիրները:
Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ համախմբումը մօտէն կը գործակցի Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի գրասենեակին հետ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ: Անոնք վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեցին, որ ղարաբաղեան տագնապի լոյսին տակ ամէն ձեւով օգտակար պիտի հանդիսանան` այս հարցը եւս լսելի դարձնելու Ամերիկայի Քոնկրեսին մէջ: Ան ողջունեց համախմբումին գործունէութիւնը, յատկապէս` անոնց գիտակից մօտեցումը մարդկային իրաւանց, արդարութեան եւ խաղաղութեան վերաբերեալ հարցերուն:


