Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Մշակոյթի Կերտիչներէն Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի Կեանքն Եւ Ստեղծագործական Ուղիին Նուիրուած Ձեռնարկ

Մայիս 12, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

gra-1

Հովանաւորութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի տեղական վարչութեան, չորեքշաբթի, 4 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Թէքէեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ մշակոյթի կերտիչներու ձեռնարկ նուիրուած Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի: Ձեռնարկը նախաձեռնուած էր ի պատիւ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի` իբրեւ մէկը լիբանանահայ մշակոյթի կերտիչներէն, նպատակ ունենալով լուսարձակի տակ առնել անոր կեանքը եւ ստեղծագործական ուղին:

Բարի գալուստի խօսքը ներկայացուց Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Ասիլեան, որ ըսաւ, թէ հայր Անդրանիկ իր վերջին տարիներուն հրատարակած գիրքերուն մէջ դրած է իր կեանքի փորձառութեան հիւթը, նշելով, որ այսօր քիչ է թիւը այն հայ գործիչներուն, որոնք հայր Կռանեանի տարողութեամբ եւ խորքով ծառայական փորձառութիւն ունեցած են միջինարեւելեան հայ օճախներուն հետ: Վ. Ասիլեան հաստատեց, որ այսօր մեր իրականութեան մէջ կարիք կայ հայր Անդրանիկին նման անձնաւորութիւններու եւ անոնց կորովին, որովհետեւ ան «ոչ միայն չցամքող, այլ վարար աղբիւր է` հարազատ ու զուլալ ջուր հայթայթող»:

gra-2f

Ապա բեմ հրաւիրուեցան խմբագիր Սարգիս Նաճարեանը եւ  «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը, որպէսզի լուսարձակի տակ առնեն Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի կեանքը եւ ստեղծագործական ուղին:

Սարգիս Նաճարեան իր խօսքին մէջ հայր Կռանեանը նկարագրելով` ըսաւ. «Մարդ մը, որուն կեանքը իրեն չէ պատկանած, այլ` եկեղեցւոյ եւ ազգին: Մարդ մը, որուն անունը բազմապատկուած է միաժամանակ ուսուցիչ, դաստիարակ, իմաստասէր, աստուածաբան, դասախօս, լրագրող, խմբագիր, հրապարակագիր, թարգմանիչ, վերլուծաբան, բանասէր, թատերագիր, բանաստեղծ, ծիսագէտ եւ այս բոլորէն առաջ եւ վեր` վարդապետ ստորոգելիներով: Մարդ մը, որուն համար ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ գերագոյն եւ բացարձակ արժէք է, վարքագծի նշանաբան, պայքարի հզօրագոյն զէնք, որովհետեւ ան ճշմարտութեան մէջ տեսած է Աստուած: Այսուհանդերձ, պարզապէս թուենք միայն քանի մը հատը, որոնք ամէնէն աւելի կը բնորոշեն հայր Կռանեանի ստեղծագործական ուղին: «Հայ ծիսական պաշտամունքը», լոյս տեսած` 2001-ին, «Արեւելեան ծէսերու գոհարը», «Անապահով օրեր»-ը, զորս լիբանանահայութիւնը ապրեցաւ: Մարդեղութեան 2000-ամեակին նուիրուած «Լուսարձակդ բաց վրաս…» հատորը, «Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիի մասին» հատորը, որ լոյս տեսած է 2012-ին», ըսաւ Նաճարեան:

gra-3

Ան աւելցուց, որ հայր Կռանեան հեղինակ է հայերէն բառարաններու եւ գրաբարի դասագիրքի մը, վեց թատերախաղերու` երեքը անտիպ, անտիպ կը մնան նաեւ  անոր դասաւանդած նիւթերուն բնագիրները`«Հայ մատենագրութիւն», «Հայ երաժշտութեան պատմութիւն», «Հայկական ծէսը» ֆրանսերէն դասագիրքը: Բանախօսը նաեւ յիշեց Ս. Հոգի համալսարանին մէջ հայր Կռանեանին ֆրանսերէնով տուած դասախօսութիւններու շարքը, որ հրատարակուած է համալսարանին կողմէ:

Գեղարուեստական բաժինով Լոռի Եափուճեան շուիի վրայ նուագեց երկու հայրենասիրական երգեր:

Անկէ ետք խօսք առաւ Սեւակ Յակոբեան, որ յոյն մեծ փիլիսոփայ Պղատոնի գրած քարայրի մեկնաբանութեամբ սկսած խօսքը` զայն նմանցնելով հայր Անդրանիկին տարած սուրբ աշխատանքին հետ: Ան հաստատեց, որ չըլլալով սովորական մահկանացու` Անդրանիկ ծ. վրդ.  Կռանեանը դժուար է մեծարել, որովհետեւ իր ներկայութեամբ ինք կը պատուէ իր շուրջ գտնուողները:

«Յեղափոխական մըն է հայր Անդրանիկը` իր սիրեցեալ Յիսուս Քրիստոսի նման: Յեղափոխական հայր Անդրանիկը թերեւս  զէնք չվերցուց, սակայն զէնքի մղեց իր զաւակները… երկաթէ շերեփի: 1968-1973 թուականներու մէջ ան հրատարակեց «Երիտասարդ հայ»-ը, որ հոգեկան սնունդ հանդիսացաւ այդ օրերու հայ ազատամարտիկներուն: Կարդացէք իր 1999-ին հրատարակուած «Անապահով օրեր» գիրքը, որ խտացումն է իր խմբագրած «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած պատմուածքներուն:  Իսկ իր վերջինով, բայց` ոչ վերջակէտով` «Դէմ առ դէմ» գրքոյկով մենախօսութեամբ է, որ հայր Անդրանիկ իր պատգամը կը փոխանցէ», յայտնեց Յակոբեան:

Եզրափակելով` Սեւակ Յակոբեան խօսքը ուղղեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին. «Եթէ ժամանակը գայ, երբ հայր Անդրանիկի արարիչը յարմար տեսնէ իր մօտ կանչել իր սիրեցեալը, եւ եթէ անշուշտ հայր Անդրանիկը այդպէս ալ կտակէ, իմ փափաքս է, որ այնտեղ` Հայոց սպարապետին ու Հայոց զօրավարին մօտիկ յաւերժ հանգչի նաեւ հայոց վարդապետը, սփիւռքահայոց  յեղափոխական վարդապետ»:

gra-4

Ապա Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադիրներու ատենապետ Յակոբ Գասարճեան «Լիբանանեան մշակոյթի կերտիչներու» անուան արժանացող հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանին յանձնեց շքանշանը:

Աւարտին հայր Անդրանիկ իր շնորհակալական եւ սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, յատկապէս` ձեռնարկին նախաձեռնողներուն, ինչպէս նաեւ երախտագիտութիւնը` Աստուծոյ:

Հայր Անդրանիկ իր խօսքը աւարտեց ծանօթ առակով, որ կ’ըսէ. «Խօսքը կը թռչի՛, գիրը կը մնայ»:

 

Նախորդը

Ազգը Պէտք Է Պատրաստուի Իրերայաջորդ Պատերազմներու (Մերօրեայ Հերոսամարտեր) Գ.

Յաջորդը

Կարգախօսը` «Արցախի Հետ»

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?