Վերնիսաժի բարեկարգումն ու արդիականացումը ամբողջութեամբ պիտի աւարտի այս տարի: Լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Դաւիթ Օհանեան նշեց, որ բարեկարգման այդ աշխատանքներուն համար կատարուած ներդրումները կազմած են 110 միլիոն դրամ: «Վերնիսաժը արդէն աւելի քան քսան տարի է ի վեր կը գործէ, այնտեղ աշխատող առեւտրականներուն թիւը արդէն շատ էր: Վերնիսաժի բարեկարգման նախագիծը դրուած է հանրային քննարկման», ըսաւ ան:
Դաւիթ Օհանեան նշեց, որ Վերնիսաժի տարածքին ապրանքներու վաճառքին առումով կանոնակարգ մը հաստատուած է եւ յատկացուած է ցանկը այն ապրանքներուն, որոնց այնտեղ վաճառքը թոյլատրուած է: «Վերնիսաժին մէջ ծախուող անասունները տեղափոխեցինք Զէյթունի շուկայ, իսկ Բիւզանդ փողոցին մէջ գործածուած հագուստներ վաճառողները` Հրազդան տօնավաճառ», հաստատեց քաղաքապետի տեղակալը:
Դաւիթ Օհանեան լուսարձակի տակ առաւ այն փաստը, որ Վերնիսաժի վերանորոգումը իրականացած է հատուած առ հատուած, որպէսզի մարդիկ կարենան իրենց առեւտուրը կատարել:
Վերնիսաժի բարեկարգման եւ արդիականացման ծրագիրով տարածքի միջնամասը գտնուող, ներկայիս չգործող շատրուաններուն փոխարէն` կը նախատեսուի ստեղծել նոր ճեմուղի, որուն երկու կողմերուն պիտի կազմակերպուի տօնավաճառը:
Տարածքը պիտի կահաւորուի նաեւ նստարաններով: Երկու կողմերուն մուտքերը պիտի առանձնանան ջուրի աւազաններով: Ամբողջ հատուածը պիտի բարեկարգուի եւ կանաչապատուի: Վերնիսաժին մէջ միայն իր անունին համապատասխան ապրանքներ պիտի ներկայացուին, օրինակ` գեղանկարչութիւն, ձեռագործ աշխատանքներ եւ զարդարուեստ:



