Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուսուցչաց Տօնը Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարանին Մէջ

April 4, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանին մէջ ուսուցչաց տօնը վերածուեցաւ քանի մը տեսակ գնահատականներու դրսեւորումի: Աշակերտները, աւարտական 12-րդ կարգի իրենց ընկերներուն միջոցով, իրենց ուսուցիչներուն հանդէպ  գնահատանք արտայայտեցին` խօսքով, ծաղիկներով, երգով, նուագով եւ ասմունքով: Այսպէս` Աննա-Մարիա Գապաքեան կատարեց բացման խօսքը, Մելիսա Յակոբեան խօսեցաւ աշակերտներուն անունով եւ բարձր գնահատեց Հայ ուսուցիչին դերն ու զոհողութիւնը, Ճեսի եւ Լիւսի Աւետիսեան քոյրերը (ջութակ եւ դաշնակ) ներկայացուցին «Սիրելի ուսուցիչ» երգը: Նախակրթարանի 6-րդ կարգը ուսուցիչը դրուատող կտոր մը ասմունքեց եւ երգեց «Իմ ուսուցիչ» երգը:

Յայտագիրը, որ նուիրուած էր վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած, հայոց լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհի Զուարթ Աբէլեանին, ընդգրկեց երեք բաժին: Առաջինով Յակոբ Հանտեան խօսք առաւ Զ. Աբէլեանի աշակերտած ուսանողներուն անունով: Ան թուեց ե՛ւ որպէս մարդ, ե՛ւ որպէս դաստիարակ-ուսուցիչ Զուարթ Աբէլեանի դրսեւորած առաքինութիւնները` անոր տալով «ուսուցչամայր» տիտղոսը:

 

Երկրորդ բաժինով Զուարթ Աբէլեանի եղբօր դուստրը` Անի Աբէլեան-Հոկլինտ ներկայացուց իր հօրաքրոջ կենսագրութիւնը, ապա հրամցուց տեսանիւթէ մը բեկորներ,  ուր Զ. Աբէլեան  կ՛ասմունքէր բանաստեղծական երկար կտորներ:

Երրորդ բաժինով տնօրէնուհի Վ. Պալըգճեան յայտարարեց «Զուարթ Աբէլեան» գրական մրցանակի հիմնումը: Արուեստագիտուհի եւ հոգեբան դոկտ. Անիթա Թութիկեան (1980-ի շրջանաւարտ) հաստատեց տարեկան այս մրցանակը, որպէսզի շարունակուի աշակերտներ ներշնչելու, քաջալերելու եւ յառաջ մղելու ջանքը, որուն ձեռներէց վարպետուհին եղած է Զ. Աբէլեան` բնիկ քէօրքիւնէցի հայ դաստիարակը: Յայտագիրը սկսելէ առաջ կատարուեցաւ բացումը, նոր անունով, երկրորդական բաժնի գրադարանին, որ այս առիթով կոչուեցաւ «Զուարթ Աբէլեան» գրադարան:

Յայտագիրի աւարտին ուսուցիչ, աշակերտ եւ ծնողք վայելեցին 12-րդ կարգի եւ Ծնողական յանձնախումբին պատրաստած հիւրասիրութիւնը:

Յիշատակը անթառամ Զուարթ Աբէլեանին եւ վարձքը կատար` բոլոր կրթական հայ մշակներուն:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Ապրիլ 1967)

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակի Ծանօթացման Համար Հանդիպում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.