Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայկական Ճարտարապետութիւնը Լիբանանի Մէջ` Ինքնութեան Հարցը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Ապրիլ 11, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան գործակցութեամբ  եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար տոքթ. Ղաթթաս Խուրիի, դասախօսական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ  «Հայկական ճարտարապետութիւնը Լիբանանի մէջ` ինքնութեան հարցը» խորագիրով, չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:

Արդարեւ, Լիբանանի մէջ ֆրանսախօսութեան ամսուան գործունէութեանց ծիրին մէջ կազմակերպուած սոյն երեկոն առաւելաբար նպատակադրուած ու դասաւորուած էր հայ ճարտարապետութիւնը  ծանօթացնելու համար  լիբանանցի մշակութասէր հասարակութեան:

Երեկոյի բացումը կատարեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի գործադիր տնօրէն Անիթա Լիպիար, որ ողջունեց ներկաները, բարի գալուստ մաղթեց անոնց ու անդրադարձաւ երեկոյի զգեցած կարեւորութեան` ընդգծելով, որ միութիւնը յատուկ կարեւորութեամբ կը մօտենայ ֆրանսախօս երկիրներուն կողմէ նախաձեռնուած ձեռնարկներուն, այս պարագային` Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն, գործակցելով թէ՛ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հետ:

Իր խօսքի աւարտին Ա. Լիպիար ներկայացուց օրուան բանախօսը` ճարտարապետ, հնագէտ եւ թանգարանապահ Րաֆֆի Չերչեանը, որ  ճարտարապետութեան եւ հնութիւններու պատմութեան դասախօս է, ընթացիկ հետազօտութիւններ կատարած է Կիլիկիոյ հայկական մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ:

«Եթէ Հայաստանը աղբիւրն է հայ կրօնական ճարտարապետութեան ձեւաւորման, Լիբանանը երկիրն է, ուր այդ արուեստը մշակուած  է կիլիկեան եւ տեղական ազդեցութիւններով, աստիճանաբար վերցնելով շրջանի ոճը», հաստատեց Րաֆֆի Չերչեան:

Դասախօսութեան ընթացքին ան անդրադարձաւ  20-րդ դարու նշանաւոր հայ ճարտարապետներուն, որոնք կառուցած են այնպիսի կոթողներ, որոնք կը մնան եզակի` լիբանանեան իրականութեան մէջ, ինչպիսիք են` Լիբանանի խորհրդարանը, «Էլ Աապետ» ժամացոյցը, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքը եւ Հարիսայի Ս. Պօղոս կառոյցը:

Նախորդը

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Շնորհաւորական Խօսքը` Մայրութեան Եւ Գեղեցկութեան Օրուան Առիթով

Յաջորդը

ՌԱԿ-ի «Մովէս Յովսէփեան» Ակումբի Դաստիարակչական Յանձնախումբ. «Հայոց Պահանջատիրութիւնը Դար Մը Ետք Դէպի Ո՞ւր» Նիւթով Կլոր Սեղան

RelatedPosts

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In