Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի 30-ամեակի Հունձքը

Մայիս 22, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 6 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը` հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական Պէյրութի թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, նախագահութեամբ` «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի նախագահ հայր Ուալիտ Մուսայի,  ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, պաշտօնական հիւրերու, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու:

34 շրջանաւարտներու մուտքին յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութիւնը: Բացման խօսքին  մէջ Էլիզապեթ Կիւզէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին, որ` «օժտեց մեզի ազգային ու մարդկային արժանիքներով, եւ դարձուց հայ գիրի ու այբուբենի զինուորներ»:

Յայտագիրին գեղարուեստական բաժինով խումբ մը աշակերտներ հանդէս եկան լատինական «Չա Չա» պարով, իսկ խմբերգով ներկայացուեցաւ «Հերոսների կենացը» եւ «Անա պըթնաֆֆաս հուրրիյէ» երգերը:  Ասատուր Պասմաճեան` հայերէն, Ռիթա Համալեան` արաբերէն, Ժաք Ճիզմեճեան` անգլերէն, եւ Լիւսի Ղարիպեան` ֆրանսերէն ուղերձներով փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը, այնուհետեւ, անոնք յուշանուէրով պատուեցին իրենց ծնողները:

Շրջանաւարտներ Ասատուր Պասմաճեան եւ Կրէյս Նետիր դպրոցի վահանը փոխանցեցին 11-րդ դասարանի երկու աշակերտներու` Թամար Կանիմեանին եւ Կրէյս Հալէպլեանին, որպէսզի յաջորդ սերունդը շարունակէ վարժարանին գոյերթը:

Տնօրէնութեան խօսքը ուղղելով  Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, թէ արժեւորում կատարելով անցնող ինը ամիսներու աշխատանքին, կը տեսնենք, որ վարժարանը, իր տնօրէնութեամբ եւ ուսուցչակազմով, ոչինչ խնայեց եւ ամէն կարելին ի գործ դրաւ իր աշակերտները օժտելու գիտութեան բոլոր զէնքերով` քաջ գիտնալով, որ անոնք ալ իրենց կարգին պիտի արդարացնեն իրենց վրայ դրուած յոյսերը, եւ իրենց յաջողութիւններով հպարտութիւն ու բերկրանք պիտի պարգեւեն իրենց անձին, ծնողքին եւ վարժարանին:

Ապա ան իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով ըսաւ. «Այս նուիրական յարկին տակ կայծ առաւ ձեր գիտութեան կանթեղը, որուն լոյսը տարուէ տարի բոցավառելով լուսաւորեց ձեր միտքը` ձեզի տալով տգիտութեան խաւարը եւ կեանքի բազմաբնոյթ դժուարութիւնները շրջանցելու բոլոր միջոցները: Ձեր կեանքին նպատակը թող ըլլայ ամէն գնով պահել քրիստոնէական, մարդկային ու ազգային ոգին, ձեր էութիւնը, որպէսզի ըլլաք լաւ անհատներ, պարկեշտ քաղաքացիներ եւ մեր ամբողջական հայրենիքին կառչած հայորդիներ, հպարտանալով մեր մշակութային փառաւոր պատմութեամբ, հզօր Հայաստանով ու հերոսական Արցախով, որուն նուիրուած տարուան հունձքը ըլլալու պատիւն ունիք անկասկած»:

Օրուան նախագահ հայր Ուալիտ Մուսա իր խօսքին մէջ աշակերտները որակեց Լիբանանի ապագան. լուսաւոր, մաքուր կենսոլորտի եւ օրէնքը յարգող Լիբանանի ապագան, եւ թէ իրենք կը ներկայացնեն մեր երազները, որովհետեւ չեն փճացած յարանուանական թոյներով: Ան ըսաւ, թէ ճիշդ է, որ լաւ է մեռնիլ հայրենիքին համար, բայց աւելի լաւ է ապրիլ անո՛ր համար, եւ հայ ժողովուրդը մեզի սորվեցուցած է նահատակութեան դասը, ուստի,- ըսաւ ան,- անոր պատգամը տարէ՛ք ձեզի հետ ու ամբողջ աշխարհին մէջ ցանեցէ՛ք սիրոյ, բարեկամութեան եւ եղբայրասիրութեան ծաղիկը: Հայր Մուսա աշակերտները խրախուսեց անվախօրէն կերտելու ապագան, որովհետեւ` «ապագան ճակատագիր չէ, այլ` կերտուածք. դուք կերտեցէք ձեր ապագան եւ թոյլ մի՛ տաք, որ ուրիշը կերտէ զայն»: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտներուն ծնողները, որոնք իրենց ամբողջ սրտէն տուին եւ այսօր հպարտ են իրենց զաւակներով:

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի տնօրէնուհին յուշանուէրով մը պատուելէ ետք հայր Ուալիտ Մուսան, հրաւիրեց Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը, որպէսզի երեքով կատարեն վկայականաց բաշխումը: Տնօրէնութեան կողմէ գնահատանքի յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցան աւարտական դասարանի գերազանց աշակերտները: Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ 12-րդ դասարանի լաւագոյն երեք միջիններ ապահոված աշակերտներուն պարգեւատրումը` «Յարութիւն եւ Արաքսի Պոյաճեան» ֆոնտին կողմէ, ձեռամբ Շահէ Պոյաճեանի: Պարգեւատրուեցան նաեւ հայոց լեզուին մէջ բարձր միջին ունեցող շրջանաւարտները:

Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեան խօսք առնելով` ըսաւ, որ այս պահուն ինք կը յիշէ 1987-ի փետրուար ամիսը, երբ Զմմառեան վարժարանը փոխադրուեցաւ Զալքա եւ օրին իր անձին վիճակուեցաւ տնօրինել նորակառոյց  Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտները, անոնց ծնողները, ինչպէս նաեւ` տնօրէնութիւնը, որ այս դպրոցը հասցուց այն բարձր մակարդակին, որ պատիւ կը բերէ թէ՛ հայ համայնքին եւ թէ՛ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան:

Աւարտին, տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ծաղկեփունջով շնորհաւորեց հանդիսութիւնը պատրաստող ուսուցչուհիները եւ բոլորը հրաւիրեց դպրոցին բակը, ուր շրջանաւարտները շնորհաւորութիւններ ընդունեցին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1967)

Յաջորդը

Մեսրոպեան Վարժարանը Յանձնեց 2016-2017 Տարեշրջանի 56 Աւարտականներու Հունձքը

RelatedPosts

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով.   Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ
Գաղութային

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով. Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ

Մարտ 28, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In