Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Միջդպրոցական Այս Տարեշրջանի Մրցումները Կը Հասնին Իրենց Աւարտին

Մայիս 19, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ ու բարձր տնօրինումով  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ութերորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի լիբանանահայ վարժարաններու միջդպրոցական հայ լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան ու կրօնի, ինչպէս նաեւ ասմունքի մրցումները:

Մրցումներու առաջին փուլը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 11 մարտ 2017-ի յետմիջօրէին ասմունքի մրցումով, որուն յաջորդեցին հայ լեզուի ու գրականութեան եւ հայոց պատմութեան ու կրօնի մրցումները, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 միջնակարգ եւ 11 երկրորդական լիբանանահայ վարժարաններ:

Չորս շաբաթներու վրայ երկարող մրցոյթները եղան սուր` դպրոցներու միջեւ: Աշակերտներ երկու փուլով մասնակցեցան ասմունքի մրցումներուն, իսկ հայ լեզուի ու գրականութեան մրցումներու ծիրէն ներս պատասխանեցին լեզուական, գրականագիտական, վերլուծական եւ շարադրական բազմաճիւղ հարցարանին, իսկ հայոց պատմութեան գծով անոնք հրապարակ հանեցին իրենց պատմական գիտելիքները` պատասխանելով զանազան դարերու վերաբերող հարցարանին:

«Խաչիկ Պապիկեան» մրցոյթի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 14 մայիս 2017-ի կէսօրին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Մրցանակաբաշխութեան բացման խօսքը կատարեց կաթողիկոսարանի հայագիտական բաժանմունքի պատասխանատու Ժիրայր Դանիէլեան, որ իր խօսքին մէջ նշելէ ետք այս տարուան մրցոյթներուն մանրամասնութիւնները, հրաւիրեց մրցոյթի մրցանակակիր ու յիշատակութեան արժանի աշակերտները, որպէսզի վեհափառ հայրապետին ձեռամբ ստանան իրենց նիւթական պարգեւն ու յիշատակութեան նուէրները:

Նուէրներու բաշխումէն ետք վեհափառը  իր հայրապետական պատգամին մէջ շեշտեց հայ դպրոցին մէջ հայ լեզուի, մշակոյթի ու պատմութեան հանդէպ սէր ջամբելու անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը` յիշեցնելով, որ հայ լեզուն հայ ինքնութեան աղբիւրն է եւ կը շարունակէ մնալ հայ մշակոյթի առանցքը: Վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատեց նման ձեռնարկներու կրկնութեան անհրաժեշտութիւնը` հայ դպրոցներու եւ մշակութային զանազան միութիւններու մէջ:

Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս իր բարձր գնահատանքը յայտնեց «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի միջդպրոցական մրցանքի յանձնախումբի անդամներուն, մասնակից աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ` անոնց ծնողներուն: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Հաւաքական աշխատանքները կը կատարուին հաւաքակա՛ն հաւատքով ու հետեւողական աշխատանքով»:

Նախորդը

Եւրոպայի Թագուհիները Աւելի Շատ Պատերազմներ Շղթայազերծած Են, Քան` Թագաւորները

Յաջորդը

Սողոմոն Թեհլիրեանի Կիսանդրիի Բացման Օրուան Բանախօս Լեւոն Աւետանեանի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով.   Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ
Գաղութային

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով. Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ

Մարտ 28, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In