Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Գիշերօթիկի 70-ամեակ

Մայիս 24, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 20 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի գիշերօթիկ բաժինը նշեց իր հիմնադրութեան 70-ամեակը:

Հանդիսութիւնը սկսաւ գիշերօթիկ բաժնի տնօրէն երիցուհի Նանոր Աքպաշարեանի բացման խօսքով, որով ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, յատկապէս` «Հիլֆսպունտ» կազմակերպութեան միսիոնարներուն: Ապա հակիրճ ձեւով ներկայացուց գիշերօթիկ հաստատութեան առաքելութիւնը` զայն ամփոփելով երեք կէտերու մէջ` պատուել անցեալը, լուսաւորել ներկան, կերտել ապագան:

Օրուան հանդիսավարն էր Արփա Անտոնեան, որ ամփոփ ձեւով ներկայացնելէ ետք օրուան միսիոնար հիւրերը, ըսաւ. «Շատեր կը յիշեն, որ այս հաստատութիւնը պատսպարեց հայ մանուկը` առանց համայնքային խտրութեան: Շատ մը հայ մանուկներ եւ պատանիներ այս ապահով եւ տաքուկ վայրին մէջ ստացած են ո՛չ միայն կրթական, այլ նաեւ հոգեւոր սնունդ»: Ապա հիւրերը բեմ հրաւիրեց որպէսզի իրենց սրտի խօսքերը արտայայտեն:

Քոյր Հաննա ըսաւ. «Աստուած հարստացուց իմ կեանքս` զիս ծառայութեան դաշտին մէջ դնելով եւ գացի հոն, ուր որ Ան զիս ղրկեց»:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ քոյր Էլիզապէթ Քայսր, որ բաժնեկցեցաւ իր փորձառութիւնը գիշերօթիկի ոլորտին մէջ, եւ բացատրեց, որ լաւ ճամբան միշտ կարճ եւ արագ ճամբան չէ:

Իսկ Աննա Լիզա Շփանկնպերկ իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ Այնճարը որքան իր սրտին մօտիկ եղած է: Ան նաեւ նշեց, թէ Այնճարի մէջ զգաց աղօթքին կարեւորութիւնը:

Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան ըսաւ, որ «Հիլֆսպունտ» միսիոնարութիւնը նեցուկ կանգնեցաւ բոլոր կարիքաւոր ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ ըսաւ, որ քոյր Հետուիկ եղած է մօր ու քրոջ տիպարը` իւրաքանչիւր անհատի կեանքէն ներս:

Պատ. Յակոբ Աքպաշարեան` Այնճարի Հայ աւետ. եկեղեցւոյ հովիւը, իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մանուկներ գիշերօթիկին մէջ կը սորվին ո՛չ միայն առօրեայ դասեր, այլ կը ձերբազատին անցեալի գէշ փորձառութիւններէ. իր խօսքէն ետք ան երախտագիտութեամբ բեմ հրաւիրեց «Հիլֆսպունտ» կազմակերպութեան ներկայ տնօրէն պատ. Անտրէաս Պոմէն, որ իր կարգին շեշտեց, որ «Հիլֆսպունտ» կազմակերպութիւնը նեցուկ կը կանգնի գիշերօթիկի գործին` Այնճարի մէջ, որովհետեւ այս գործը կեանքեր կը փոխէ եւ այս է կազմակերպութեան առաքելութիւնը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ՄԱՀԱ եկեղեցւոյ նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, որ յիշեց, թէ կարիքաւորներ միշտ պիտի ըլլան եւ նոր պէտքեր միշտ երեւան պիտի գան, սակայն այդ մէկը գաղափար մը պէտք չէ մնայ եւ մեր ներդրումը միասնաբար եւ գործակցաբար պէտք է  շարունակենք կերտելու համար ապագան:

Օրուան հանդիսութեան երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ «Միհրան» նուագախումբի անդամները իրենց երգերով:

«Քաթար ֆոնտ»-ի փոխտնօրէն Յովիկ Տեմիրճեան իր բաժինը բերաւ տեսերիզով մը, որով ան իր անձնական փորձառութեամբ վկայեց իբրեւ գիշերօթիկի նախկին սան:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով: Ապա ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?