Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանը Յանձնեց 2016-2017 Տարեշրջանի 56 Աւարտականներու Հունձքը

Մայիս 22, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 12 մայիս 2017-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները յանձնեցին 2016-2017 տարեշրջանի աւարտականներու հունձքը: Հանդէսին ներկայ եղան` հոգեւորականներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հազարէ աւելի բարեկամներ: Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ կայացած հանդէսին նախագահեց Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի փոխանորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեանը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ զոյգ վարժարաններու տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Շնորհաւորելէ ետք շրջանաւարտները եւ խօսքը ուղղելով անոնց` Գալուստ ըսաւ. «Այս բեմէն ձեր առջեւ նոր հորիզոն մը կը գծագրուի այսօր: Մեկնելով լոյսի աղբիւրէն` դուք հետամուտ պիտի ըլլաք աւելի յորդառատ լոյսի, գօտեպնդուած Մեսրոպեան վարժարանի դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ»: Տնօրէնը դիտել տուաւ, որ վարժարանի շրջանաւարտները` իբրեւ հայու սերունդներ, Մեսրոպի շունչն ու ոգին տարածելու առաքելութիւնը ունին, ինչպէս նաեւ պարտականութիւնը` հայ ազգի գոյութեան յաղթերթը շարունակելու:

Շրջանաւարտներուն անունով խօսքեր արտասանեցին Արազ Ապաճեան, Հայկ Թապաքեան, Թալին Խաչոյեան եւ Եւա Պազըրպաշեան, որոնք արտայայտեցին իրենց երախտագիտութիւնը` իրենց վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն հանդէպ, վստահեցնելով, որ ուսման թէ այլ ասպարէզներու մէջ պիտի ըլլան կրողները այն արժէքներուն, որոնցմով կազմաւորուեցան վարժարանին մէջ:

Մեսրոպեանի ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ Ժորժ Հաժ, որ շեշտեց բարձրագոյն կրթութեան կարեւորութիւնը արդի աշխարհին մէջ` կոչ ուղղելով շրջանաւարտներուն, որ չընկրկին դժուարութիւններուն առջեւ, այլ ընդհակառակն, ամրապնդելով կամքերը, ձգտին իրենց երազներու լիակատար իրականացման: Հաժ դիտել տուաւ, որ միայն կրթեալ ու լուսաւորեալ սերունդներու շնորհիւ է, որ ազգն ու հայրենիքը կրնան նուաճել զարգացման նոր մակարդակներ:

Հանդիսութեան պատգամախօսն էր Մեսրոպեանի նախկին սան եւ շրջանաւարտ, հայ կաթողիկէ համայնքային գործիչ բժիշկ Կոստան Եափուճեան: Ան նախ անդրադարձաւ արդի ընկերութեան տագնապներուն, որոնք անխուսափելիօրէն եւ ծանրօրէն կը ճնշեն պատանեկութենէն երիտասարդութիւն թեւակոխող պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն վրայ` յաճախ յանգեցնելով յուսախաբութիւններու, մտատանջանքներու եւ ցաւագին ապրումներու, որոնցմէ պէտք է դուրս գալ գիտակցութեան զարգացման եւ իւրաքանչիւր սորված բան քաջաբար վերարժեւորելու ճանապարհով: Տոքթ. Եափուճեանի պատգամը շրջանաւարտներուն կեդրոնացած էր այն գաղափարին վրայ, որ մտքի ազատութիւնը այն մեծագոյն պարգեւն է, որուն օգտագործումով մարդ անհատը կրնայ յաղթահարել նախապաշարումներու եւ մարդկային թուլութիւններու պատճառով ծնած եւ երեւակայութեան մէջ զարգացած իւրաքանչիւր վախ, որպէսզի ան կարենայ իրապէս կայանալ այս կեանքին  մէջ եւ այդպիսով նպաստել, որ աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը դառնայ բոլորին համար:

Հանդէսի գեղարուեստական մասով, անհատական եւ խմբային ելոյթներ ունեցան շրջանաւարտները` նուագի, երգի, պարի եւ ասմունքի միջոցով արտայայտելով իրենց ուրախութեամբ ու տխրութեամբ խառն ապրումները` դպրոցական կեանքի աւարտին առիթով:

Շրջանաւարտներուն կողմէ յաջորդ հունձքի ներկայացուցիչներուն Մեսրոպեանի վահանի փոխանցումէն ետք խօսք առաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, որ շնորհաւորեց շրջանաւարտները, անոնց ծնողները եւ Մեսրոպեանի ամբողջ ընտանիքը` մաղթելով, որ նոր սերունդներուն առջեւ ճամբան միշտ կանաչ ըլլայ, որպէսզի անոնք հասնին իրնեց նպատակներուն` յուրախութիւն բոլորին:

Հուսկ, վկայականներ շնորհուեցան Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 25 եւ արուեստից վարժարանի 31 աւարտականներուն, որոնք տօնական հրավառութենէն ետք ընդունեցին շնորհաւորանքներ:

Նախորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի 30-ամեակի Հունձքը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Մայիս Բ. – Ազատագրուած Բերդաքաղաքը Եւ Մեր Յանձնառութիւնը

RelatedPosts

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով.   Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ
Գաղութային

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով. Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ

Մարտ 28, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In