Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան102-ամեակի Նշում Եւ Քայլարշաւ

Մայիս 15, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Երեքշաբթի, 25 ապրիլ 2017-ին Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտները Ցեղասպանութեան 102-ամեակը նշեցին զանազան ձեռնարկներով: Տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին` նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ:

Նախակրթարանի աշակերտներուն ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Չալեան» սրահին մէջ: Զ. դասարանի աշակերտ Ճորճ Տեմիրճեան կարդաց բացման խօսքը, ապա օրուան պատգամը տուաւ Աշոտ Բագրատունի, որ պատմական արագ ակնարկէ մը ետք, զրոյց-դասախօսութեամբ անդրադարձաւ «Նեմեսիս» գործողութեան, որուն նպատակն էր պատժել թուրք ոճրագործները, ապա բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս հայութիւնը կազմակերպուեցաւ գաղթօճախներուն մէջ: Հասնելով մինչեւ մեր օրերը` Աշոտ Բագրատունի խօսեցաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին մասին` շեշտելով համայն հայութեան ցուցաբերած հայրենիքի օգնութեան պատրաստակամութիւնը: Իր խօսքի աւարտին ան բացատրեց պահանջատիրութիւն բառին իմաստը, ապա պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն: Ցեղասպանութեան վերաբերող տեսերիզներու ցուցադրութեամբ աւարտեցաւ ձեռնարկը:

«Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն կազմակերպած միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն յատուկ ձեռնարկը, զոր վարեցին ԺԱ. դասարանէն Սելին Տաքեսեան եւ Ռազմիկ Տէրունեան` յայտագրին ընթացքին հայ գրագէտներու ոգեշունչ խօսքեր արտասանելով: Բացման խօսքը կարդացին ԺԱ. դասարանէն Նանի Գալուստեան եւ Լոռի Գորեսեան: Հայոց ցեղասպանութենէն մինչեւ սփիւռքի կազմաւորում պատմական հոլովոյթին անդրադառնալէ ետք, անոնք ըսին. «Մեր պայքարը կը սկսի հոսկէ, մեր դպրոցէն` Ճեմարանէն. մեր լեզուն եւ պատմութիւնը լա՛ւ սորվելով արդէն յաղթած կ’ըլլանք թուրքին, ապա` կազմելով հայ ընտանիքներ, չձուլուելով  եւ ծառայելով մեր ազգին ու մեր Դատին: Շատ բան վստահուած է մեզի: Ապրիլ 24-ը ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր է, իսկ մնացեալ բոլոր օրերը պայքարի օրեր են մեզի համար: Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը մեր պապերուն կտակն է, մեր պա՛րտքն է, եւ մենք ամենայն յանձնառութեամբ զայն իրագործելու ճանապարհը կը բռնենք»:Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ռիթա Մուրատեան (Ժ. դասարան) ասմունքեց Սիամանթոյի «Պարը», որմէ ետք Լորի Եահնիեան(Է. դասարան)  ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ եղեռնական»-էն հատուած մը: Ապա Կարօ Գրիգորեան (Ժ. դասարան) դաշնակի վրայ նուագեց «Էլեկիա»: Արամ Հանտեան (Է. դասարան) ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը», ապա Կայէլ Գրիգորեան (Թ. դասարան)  քանոնով նուագեց «Կիլիկիա»-ն, որմէ ետք Հրակ Լախեան (Է. դասարան)  ասմունքեց Ժաք Ս. Յակոբեանի «Մենք»-ը: Մարիա Գափլանեան (Է. դասարան)  երգեց «Ողբ Ատանայի»` նուագակցութեամբ Շահան Նաճարեանի (դաշնակ), ապա Քարլօ Դարբինեան (ԺԱ. դասարան) ասմունքեց  Գ. Էմինի «Մենք»-ը: Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը փակուեցաւ Ը. դասարանէն խումբ մը աշակերտներու «Ախպերս ու ես» երգով` նուագակցութեամբ Ժ. դասարանէն Նարեկ Մեսրոպեանի (կիթառ):

Ամբողջ աշխարհի տարածքին, տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին տեղի ունեցած պահանջատիրութեան երթերու եւ քայլարշաւներու նկարներ ընդգրկող տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան իր պատգամը տուաւ աշակերտներուն: Ան բարձր գնահատեց աշակերտներուն կազմակերպած ոգեկոչման ձեռնարկը եւ ըսաւ. «Դուք այսօր ասմունքով, երգով ու նուագով ձեր յարգանքի տուրքը մատուցեցիք Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին. երբ այսպիսի ձեռնարկ մը աշակերտներո՛ւ կողմէ կը կազմակերպուի ու կը ներկայացուի, մեզի աւելցնելիք չի մնար: Բոլորդ նախորդող օրերուն ներկայ գտնուեցաք ոգեկոչման զանազան ձեռնարկներու կամ դիտեցիք Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած նորագոյն ժապաւէնը, տեղեկացաք զանազան երկիրներու մէջ հայութեան կողմէ կազմակերպուած քայլարշաւներու, հաւաքներու, ջահերթի կամ դասախօսական երեկոներու մասին: Այս բոլորը, մեր նահատակներուն յիշատակը յարգելու կողքին, կը միտին համայն աշխարհին յիշեցնել Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում պահանջել: Իբրեւ աշակերտներ ձեր պայքարի դաշտը ներկայիս ամէն բանէ առաջ հայրենագիտական գիտելիքներով զինուիլն է` հայերէն մտածելով, խօսելով ու գրելով»:

Ձեռնարկէն ետք, Ժամը 9:00-ին, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները քայլարշաւով գացին Անթիլիասի մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում` Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց:

Նախորդը

Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Նշումը Մեսրոպեանի Մէջ

Յաջորդը

Հպարտ Ենք Քեզմով…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?