«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ.– 530 հազար տոլար գումար հաւաքագրուած է քանատահայ համայնքին կողմէ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Քանատայի տեղական մարմինին կողմէ կազմակերպուած հանդիսաւոր ճաշկերոյթի ընթացքին, նոյեմբեր 12-ին, Թորոնթօ քաղաքին մէջ աւելի քան 400 քանատահայեր մասնակցած են նուիրատուութեան: Ճաշկերոյթի ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ աճուրդ: Ֆութպոլիստ Հենրիք Մխիթարեանին մարզաշապիկը աճուրդին վաճառուած է 20 հազար ամերիկեան տոլարի:
Ձեռնարկը նուիրուած էր Քանատայի 150 եւ Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի 25-ամեակին:
Խօսքով հանդէս եկաւ Քանատայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանը, որ կարեւոր նկատեց հիմնադրամին դերը` անկախ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման համար:
Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեանը մանրամասնօրէն ներկայացուց իրականացուած վերջին 12 ծրագիրները` նշելով, որ այս 25 տարիներու ընթացքին ընդհանուր 72 ծրագիր կեանքի կոչուած է թորոնթոհայերու հանգանակութիւններով: Վերջին ձեռնարկներն են` դպրոցի կառուցում Ուխտասար համայնքին մէջ, շտապ օգնութեան մեքենայի նուիրաբերում եւ ջրամատակարարման ապահովում Թադիվանք համայնքին, չորս բնակելի տան կառուցում Ճարտարի, Ուխտաձորի, Կուսապատի, Լուսաձորի մէջ, լուացարաններու կառուցում Շուշիի, Ամարասի եւ Թադիվանքի վանական համալիրներուն կից, Կեանքի կեդրոնի կառուցում Խնձորիստան համայնքին մէջ եւ բացօթեայ մարզահրապարակի կառուցում Նալպանտեան համայնքի դպրոցին համար, որ վերանորոգուած եւ մասնակիօրէն վերակառուցուած է թորոնթոհայ բարերարներ Պերճուհի եւ Արմէն Նալպանտեաններու հովանաւորութեամբ 2016 թուականին: Ներկայացուեցան նաեւ ընթացիկ ձեռնարկներն ու 2018 թուականի «Ջուրը կեանք է» խորագրով ծրագիրը` ոռոգման ջուրի ապահովումը գիւղական համայնքներուն: Կարեւորագոյն այս ծրագիրը կը ներառէ խորքային հորերու հորատում, ջրմուղներու եւ ջրատարներու կառուցում, որոնց միջոցով հնարաւոր պիտի ըլլայ ոռոգման ջուրը հասցնել բազմազաւակ ընտանիքներու տնամերձ հողակտորներ` մշակելի դարձնելով զանոնք:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամէնամեայ հեռուստամարաթոնին ընդառաջ հիմնադրամի տեղական մարմինները տարբեր երկիրներուն մէջ կը կազմակերպեն նմանօրինակ ձեռնարկներ` գումար հաւաքելու համար: Քանատահայերու հաւաքած 530 հազար ամերիկեան տոլարը նուիրաբերուեցաւ նոյեմբեր 23-ին կայացած հեռուստամարաթոնին: «Բերքառատ Արցախ» խորագիրը կրող մարաթոնի բնաբանը Արցախի ոռոգման համակարգի կառուցումն է եւ արեւային ուժանիւթային կայաններու տեղադրումը: