Արցախի Թեմի Առաջնորդարանին Մէջ Մամլոյ Ասուլիս` Պաքուի Ջարդերու 30-րդ Տարելիցին Նուիրուած
3 փետրուարին, Արցախի թեմի առաջնորդարանին մէջ, «Արցախ» մամլոյ ակումբին նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս` Պաքուի ջարդերուն 30-րդ տարելիցին առիթով: Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան խօսեցաւ Արցախի թեմի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Ըստ անոր, Արցախի թեմի ծրագիրները մնացած են նոյնը, ինչպէս էին իրենց սկսման ատեն` 1989-ին, երբ 60 տարուան դադարէ ետք վերաբացուեցաւ Արցախի թեմը: Ըստ սրբազանին, իրենց նպատակը եղած է վերադարձնել...




















