Ապահովութեան Խորհուրդը Միաձայնութեամբ Կ՛որդեգրէ ՏԱՀԵՇ-ի Ֆինանսաւորման Աղբիւրները Ցամքեցնելու Որոշում Մը
Շաբաթներ տեւած խորհրդակցութիւններէ ետք, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածին տրամադրութեանց տակ միաձայնութեամբ որդեգրեց թիւ 2199 բանաձեւը, որ կը դատապարտէ Քայիտայի, ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ֆինանսաւորումը: Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր միջոցներով վերջ տալու այդ ֆինանսաւորման, մասնաւորաբար քարիւղի եւ հնութեան վաճառքին ու փրկագինի վճարման: Օրինագիծը ներկայացուած էր Ռուսիոյ կողմէ: Միացեալ Նահանգներ ողջունեցին բանաձեւի որդեգրումը եւ մաղթեցին, որ դատապարտած ըլլար նաեւ...




















