Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յորդանանցի Պատանդին Ճակատագիրը` Անծանօթ. ՏԱՀԵՇ Մահապատիժի Կ՛ենթարկէ Երկրորդ Ճափոնցի Պատանդը

February 2, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

20215_Japan-ISILՏԱՀԵՇ յայտարարեց, որ մէկ շաբթուան մէջ երկրորդ ճափոնցի պատանդը` Քինժի Օթոն մահապատիժի ենթարկած է, արարք մը, որ բուռն կերպով դատապարտեց Թոքիօ: ՏԱՀԵՇ այդ առնչութեամբ հրապարակեց տեսերիզ մը, որուն մէջ Օթոն ծունկի եկած էր դահիճին մօտ: Վերջինս պատանդին սպանութեան համար պատասխանատու նկատեց ճափոնական կառավարութիւնը:

Ըստ Իսլամական կայքերու դիտարկման կեդրոնին, դահիճին խօսելու ոճը մտածել կու տայ, որ ան գլխատման այլ տեսերիզներուն մէջ երեւցող անձն է: Դահիճը կը յայտնէ, որ հոկտեմբերի վերջաւորութեան Սուրիոյ մէջ առեւանգուած Օթոն մահապատիժի ենթարկելու պատճառը «ժիհատականներու դէմ պատերազմին» Ճափոնի «մասնակցութիւնն» է:

Ճափոնցի պատանդին սպանութիւնը դատապարտեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, ինչպէս նաեւ Սուրիան, Իրաքն ու Յորդանանը:

Տեսերիզին մէջ որեւէ ակնարկութիւն չկար յորդանանցի օդաչու Մաազ Քասասիպային, որուն ազատ արձակման շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենային: ՏԱՀԵՇ պահանջած էր մինչեւ անցեալ հինգշաբթի ազատ արձակել մահապատիժի դատապարտուած իրաքցի Սաժիտա Ռայշաուին, այլապէս մահապատիժի պիտի ենթարկէ յորդանանցի օդաչուն: Ամման պատրաստակամութիւն յայտնեց Ռայշաուին ազատ արձակելու, սակայն պահանջեց, որ ՏԱՀԵՇ փաստէ, որ Սուրիոյ վերեւ վար առնուած յորդանանեան օդուժին պատկանող «Էֆ-16» կործանիչի օդաչուն տակաւին ողջ է:

Յորդանանեան կառավարութեան բանբեր Մոհամետ Մումնի կառավարական «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ իր երկիրը նախապէս պատրաստակամութիւն յայտնած է Քասասիպայի փոխարէն Ռայշաուին ազատ արձակելու եւ այսօր կը վերանորոգէ այդ պատրաստակամութիւնը:

Նախորդը

Եգիպտոսի Մէջ. «Ժազիրա»-ի Աւստրալիացի Լրագրողը Ազատ Արձակուեցաւ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի  Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր  Ժողովներ Գումարուած Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր Ժողովներ Գումարուած Են»

September 23, 2026
Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի,  Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»

September 23, 2026
Ռուպիօ. «Հուսիներուն Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Հակամարտութեան Կարգաւորման Կարելիութիւնը Կը Սերտենք, Եւ Ռիատին Պիտի Աջակցինք»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Հուսիներուն Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Հակամարտութեան Կարգաւորման Կարելիութիւնը Կը Սերտենք, Եւ Ռիատին Պիտի Աջակցինք»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.