Իսրայէլեան օդուժի ռմբաձիգները երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն երկու յարձակում գործեցին Քնայթրայի Թալ Շահմի մօտ սուրիական բանակին պատկանող երկու դիրքերու վրայ: Մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած, սակայն քանդուած է 122 միլիմեթրնոց հրետանի մը` իր զինամթերքով միասին:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ յարձակումը տեղի ունեցած է կէս գիշերէն ետք` իբրեւ հակադարձութիւն բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն դէմ երկու հրթիռներու արձակման: Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Մոշէ Եաալոն իր կարգին նշեց, որ իսրայէլեան օդուժին այս յարձակումը «յստակ պատգամ մըն է, որ պիտի չհանդուրժենք մեր ուղղութեամբ կրակոց, եւ մեր գերիշխանութեան որեւէ ոտնահարումի պիտի հակադարձենք ուժգին ու խիստ կերպով»: