Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ Հետ Կազի Գինի Զեղչի Շուրջ Բանակցութիւնները Տակաւին Արդիւնք Չեն Տուած» Կ՛ըսէ Եըլտըզ

Յունուար 31, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թաներ Եըլտըզ
Թաներ Եըլտըզ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հետ կազի գինը զեղչելու շուրջ բանակցութիւնները տակաւին արդիւնք չեն տուած:

Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգարա եւ Մոսկուա այդ հարցին շուրջ բանակցութիւններու երկու հանգրուան ունեցած են: Բանակցութիւններու երրորդ հանգրուանը կը նախատեսուի կատարել յաջորդ շաբաթ:

Յիշեցնենք, որ կազի սակագինին վեց առ հարիւրով նուազման մասին յայտարարած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` անցեալ տարուան դեկտեմբերին Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Թուրքիա շահած է քարիւղի համաշխարհային գիներու անկումէն:

«Թուրքիա շահած է քարիւղի գինի նուազումէն: Մեր մեծագոյն շահը վճարային հաշուեկշիռի բացին կրճատումէն եղած է», Պապաճան: Ան աւելցուցած է, որ քարիւղի գինի նուազումը կրնայ աննշան բացասական ազդեցութիւն ունենալ թրքական տնտեսութեան վրայ` քարիւղամթերքի առեւտուրէն ստացուող հարկերու նուազման պատճառով:

Ըստ Պապաճանի, թրքական տնտեսութեան աճը 2015-ին համար կը նախատեսուի 4 առ հարիւր, սակայն ատիկա կատարուած է` հաշուի առնելով քարիւղի աւելի բարձր գինը, քան ատոր ներկայ արժէքն է:

Պապաճան նաեւ անդրադարձած է ռուսական տնտեսութեան վրայ քարիւղի գինի նուազման բացասական հետեւանքներուն` նշելով, որ Ռուսիա արտաքին առեւտուրի կարեւոր գործընկեր է Թուրքիոյ համար: «Հաւանական է թրքական արտածումի ծաւալներու նուազում դէպի Ռուսիա, ինչպէս նաեւ ռուս զբօսաշրջիկներէն ստացուող եկամուտներու նուազում` անոնց թիւի կրճատման պատճառով», ըսած է ան:

 

Նախորդը

«Թուրքիա Վրաստանի Թիւ Մէկ Առեւտրական Գործընկերն Է» Կ՛Ըսէ Ղարիպաշվիլի

Յաջորդը

Վրաստանն Ու Թուրքիան Մտադիր Են Աշխուժացնել Առեւտրական- Տնտեսական Համագործակցութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?