Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիա Վրաստանի Թիւ Մէկ Առեւտրական Գործընկերն Է» Կ՛Ըսէ Ղարիպաշվիլի

January 31, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իրաքլի Ղարիպաշվիլի
Իրաքլի Ղարիպաշվիլի

NewsGeorgia.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի վերջերս Տաւոսի մէջ ընթացած Համաշխարհային տնտեսական համախմբումին ընթացքին հանդիպում ունեցած է իր թուրք պաշտօնակիցին` Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ: Կողմերը քննարկած են երկու երկիրներուն փոխյարաբերութիւնները եւ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները:

Վրաստանի կառավարութեան հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Վրաստանի կառավարութեան ղեկավարի յայտարարութեան համաձայն, Վրաստանը յատուկ նշանակութիւն կու տայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հետագայ խորացման: Հանդիպումին ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն յատկացուած է տնտեսական համագործակցութեան հարցերուն, եւ նշուած է, որ Թուրքիան Վրաստանի թիւ մէկ առեւտրական գործընկերն է»:

Վարչապետ Ղարիպաշվիլի հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ զայն հրաւիրած Վրաստան: «Վրաստանի վարչապետը Ազրպէյճանի նախագահը հրաւիրած է Վրաստան: Կողմերը քննարկած են երկու երկիրներուն բարի դրացիական յարաբերութիւնները եւ ռազմավարական համագործակցութեան հարցերը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ղարիպաշվիլի եւ Ալիեւ ցանկութիւն յայտնած են խորացնելու յարաբերութիւնները քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ:

 

Նախորդը

«Ես Շարլին Եմ»-ը Ֆրանսայի` Աշխարհին Ուղղած Միակ Պատգամը Չէ» Ըսաւ Ֆրանսայի Վարչապետը

Յաջորդը

«Ռուսիոյ Հետ Կազի Գինի Զեղչի Շուրջ Բանակցութիւնները Տակաւին Արդիւնք Չեն Տուած» Կ՛ըսէ Եըլտըզ

RelatedPosts

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան  Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ  Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու  Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»

November 28, 2026
Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը  Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ  Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»
Միջազգային

Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։