Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաֆթար Եգիպտոսին Կոչ Կ՛ուղղէ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու. Եգիպտոս Հակադարձելով Եգիպտացիներու Սպանութեան Ռմբակոծեց ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը

February 17, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21615_EgyptԳահիրէ յայտարարեց, որ երէկ արշալոյսին Լիպիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ օդային հարուածներ հասցուցած է: Եգիպտական բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ օդային հարուածներուն թիրախ դարձած են ՏԱՀԵՇ-ի զօրակայաններ, կեդրոններ, մարզումի վայրեր եւ զինապահեստանոցներ: Եգիպտական բանակի յայտարարութեան զուգահեռ լիպիական բանակը յայտարարեց, որ Լիպիոյ արեւմուտքը ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերու դէմ գործողութեան ձեռնարկած է:

Լիպիոյ օդուժի հրամանատարը յայտարարեց, որ եգիպտական օդային հարուածները ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ 40-50 զոհ պատճառած են` վստահեցնելով, որ այդ օդային հարուածները վերջինը պիտի չըլլան: Ան նշեց, որ երկու երկիրներուն բանակներուն միջեւ ամբողջական համակարգում գոյութիւն ունի:

Լիպիոյ Ազգային խորհուրդը, սակայն, դատապարտեց «Լիպիոյ Տառնա շրջանին դէմ եգիպտական յարձակումը»` զայն նկատելով «լիպիական գերիշխանութեան բռնաբարում»:

Լիպիացի հազարապետ-զօրավար Խալիֆա Հաֆթար յայտարարեց, որ ինք «ուժեղ կերպով կ՛աջակցի» ՏԱՀԵՇ-ը հարուածելու համար Լիպիոյ մէջ Եգիպտոսի զինուորական միջամտութեան` հարուածելու համար 21 ղպտիներու գլխատման պատասխանատուները: Ան Թուրքիան, Քաթարը եւ Սուտանը ամբաստանեց այդ խմբաւորումներուն աջակցելու յանցանքով` նշելով, որ անոնց վերջնական նպատակը Եգիպտոսը հարուածելն է:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի երէկ առաւօտեան այցելեց ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Մայր տաճար եւ ղպտիներու Թէոդորոս պապին յայտնեց, որ եգիպտացիներուն արիւնը զինք պարտաւորութեան տակ կը դնէ, եւ ինք անոնց վրէժը պիտի լուծէ:

Ան երէկ առաւօտեան նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Երկու նախագահները կոչ ուղղեցին Լիպիոյ հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ գումարելու:

Մինչ այդ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի հնգօրեայ այցելութեամբ ուղղուեցաւ Ուաշինկթըն` Լիպիոյ մէջ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու կարելիութիւնները քննարկելու համար: Ան հանդիպում պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի եւ Ապահովութեան խորհուրդի պաշտօնատարներուն հետ` Ուաշինկթընի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասնակից կարգ մը անձնաւորութիւններու հետ Լիպիոյ մէջ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու եւ այդտեղ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներուն դիմակայման համար միջազգային աջակցութիւն ապահովելու համար:

Դիւանագիտական աղբիւրներ «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեցին, որ ըստ նախատեսութեանց, եգիպտական դիւանագիտութեան պետը պիտի մասնակցի Ուաշինկթընի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խորհրդաժողովին, որ կազմակերպուած է ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ:

Նախորդը

Իրան Կը Հերքէ Խամենէի` Օպամային Պատասխան-Նամակ Յղելու Մասին Լուրը

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Կարեւորը Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին Միջեւ Երկխօսութեան Պահպանումն Է»

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.