Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոսի Նախագահը Լիպիոյ Մէջ Միջազգային Միջամտութեան Որոշում Մը Կը Պահանջէ. Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Կը Գումարէ Լիպիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Արտակարգ Նիստ Մը

February 18, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21715_egyptՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր կը գումարէ արտակարգ նիստ մը` քննարկելու Լիպիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կարելիութիւնները: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի երէկ արշալոյսին ուղղուած է Նիւ Եորք` Լիպիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ քայլեր առնելու գծով միջազգային աջակցութիւն ապահովելու ջանքով մը:

Շուքրի Նիւ Եորքի մէջ նախապատրաստական խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի մէջ Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի, Պահրէյնի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպաններուն հետ` Ապահովութեան խորհուրդի նիստին նախապատրաստուելու ծիրին մէջ ռազմավարութիւն մը որդեգրելու համար:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի նախագահը երէկ ֆրանսական «Էօրոփ» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` որդեգրելու որոշում մը, որ Լիպիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու համար միջազգային դաշինքի մը կազմութեան լիազօրութիւն կու տայ: Ան ըսաւ, որ Լիպիոյ ժողովուրդին եւ կառավարութեան համաձայնութեամբ, ինչպէս նաեւ անոնց կողմէ Եգիպտոսին ուղղուած միջամտելու կոչերուն լոյսին տակ այլընտրանք մը գոյութիւն չունի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Եգիպտոս դարձեալ Լիպիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը պիտի հարուածէ՞` Սիսի ըսաւ, որ կացութիւնը կը պահանջէ այդ մէկը կատարել, եւ այդ ալ` հաւաքական կերպով:

Մինչ այդ, ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, եգիպտական ու լիպիական պատերազմական օդանաւեր Արեւելեան Լիպիոյ Տառնա քաղաքին մէջ  դարձեալ հարուածած են ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը` ահաբեկչական խմբաւորման շարքերուն մէջ պատճառելով տասնեակներով մահեր:

Լիպիական օդուժի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Սաքըր Ժարուշի յայտնեց, որ, ըստ վերջին տուեալներուն, եգիպտական ու լիպիական պատերազմական օդանաւերուն նախապէս կատարած հարուածները ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ 150 մահ պատճառած են:

Նախորդը

Համանախագահները Ալիեւին Հետ Քննարկած Են Շփման Գիծին Վրայ Տիրող Իրավիճակը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.