Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դամասկոս Պատրաստ Է Հալէպի Ռմբակոծումը 6 Շաբաթով Առկախելու» Կ՛ըսէ Տը Միսթուրա

Փետրուար 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սթեֆան Տը Միսթուրա
Սթեֆան Տը Միսթուրա

«Էսոշիէյթըտ փրես» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտնեց, որ սուրիական կառավարութենէն ստացած է Հալէպ քաղաքին դէմ օդային հարուածներն ու ռմբակոծումները վեց շաբաթով առկախելու յանձնառութիւն մը` առիթ ընծայելու համար երկրին մեծագոյն քաղաքին մէջ բախումները «սառեցնելու» ՄԱԿ-ի ծրագիրին փորձարկման:

Տը Միսթուրա այդ յայտարարութիւնը կատարեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի դռնփակ նիստին ընթացքին իր տուած զեկուցումին ընթացքին: Չէ նշուած, թէ ռմբակոծումի առկախումը ե՛րբ պիտի սկսի, սակայն պատուիրակը յայտնեց, որ «կարելի եղածին չափ շուտ» պիտի վերադառնայ Սուրիա, որպէսզի տեսնէ, թէ սուրիական կառավարութեան յանձնառութիւնը կարելի՞ է, եւ սառեցման սկիզբի թուական մը յայտարարէ:

Տը Միսթուրա լրագրողներուն յայտնեց. «Անկեղծ ըլլանք, պատրանքներ չունիմ: Հիմնուելով անցեալի փորձառութեան վրայ` դժուար ձեռքբերելի հարց մըն է»:

Թուրքիա Եւ Միացեալ Նահանգներ
Պիտի Մարզեն Սուրիոյ Զինեալ
Ընդդիմադիրները

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա կրցած են համաձայնութիւն գոյացնել սուրիացի զինեալ ընդդիմադիրները պատրաստելու հարցին մէջ: Ըստ համաձայնութեան, Անգարայէն բացի Ուաշինկթըն եւս պիտի զբաղի Սուրիոյ զինեալ ընդդիմադիրներու զինահանդերձաւորումով:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը ծրագրեն 400 զինուոր ուղարկել, որպէսզի սուրիացի զինեալները պատրաստեն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին:

Իրենց տարածքին մէջ համապատասխան մարզումի ճամբարներ ստեղծելու պատրաստակամութիւն յայտնած էին Քաթարը, Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Միջամտութիւնը Ժխտական Ազդեցութիւն Կ՛ունենայ Լիպիոյ Ապահովութեան Եւ Կայունութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Լիպիոյ Վարչապետը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?