Ռիատ յաջորդաբար երրորդ օրն ըլլալով հիւրընկալեց Ծոցի արաբական երկիրի մը ղեկավարները եւ անոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ծոցի շրջանի, Արաբական աշխարհի եւ միջազգային վերջին զարգացումները:
Քուէյթի իշխան շէյխ Սուպահ Ահմատ Սուպահէն եւ Ապու Տապիի կառավարիչ շէյխ Մուհամատ պըն Զայետէն ետք` Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք այցելեց Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Ալ Թանին, որուն կ՛ընկերակցէր բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Օդակայանին մէջ Քաթարի իշխանը դիմաւորեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման Ապտելազիզ թագաւորն ու գահաժառանգ Մուհամատ պըն Նայեֆ իշխանը:
Ըստ սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութեան, երկու ղեկավարները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Ծոցի շրջանի, Արաբական աշխարհի եւ միջազգային վերջին զարգացումները:
Քաթարի իշխանին կ՛ընկերակցէին Քաթարի վարչապետ, ներքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Նասեր Ալ Թանի, արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Խալետ պըն Մուհամետ, պետական անվտանգութեան մարմինի ղեկավար Ղանեմ պըն Խալիֆա Քապսի, իշխանական պալատի մէջ ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեանց բաժանմունքի տնօրէն Մուհամետ պըն Նասեր Հաժիրի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: