«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ եկած է Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի միջեւ դրամանշային միութիւն ստեղծելու ժամանակը:
Փութին Ասթանայի մէջ Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի ղեկավարներուն հետ եռակողմ հանդիպումին աւարտին նշած է, որ «Կը կարծեմ, որ եկած է ժամանակը խօսելու դրամանշային միութիւն ստեղծելու հեռանկարին մասին»` աւելցնելով, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուած են եւրասիական համարկման առնչուող հարցեր:
Ըստ անոր, ուս-ուսի տուած աշխատելով աւելի դիւրին է յաղթահարել արտաքին ելեւմտական եւ տնտեսական սպառնալիքներն ու պահպանել միացեալ շուկան: