Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հիւլէական Ծրագիրին Մասին Համաձայնագիրի Առնչակից Բոլոր Կողմերուն Գործողութիւնները Պիտի Վերահսկուին» Կ՛ըսէ Արաքժի

Մարտ 24, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապպաս Արաքժի
Ապպաս Արաքժի

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժի «Թասնիմ» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ ապագայ համաձայնագիրի առնչակից բոլոր կողմերուն գործողութիւնները պէտք է լիովին վերահսկուին:

«Բնականաբար, Իրանի հիւլէական ծրագիրը պէտք է գտնուի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան լիակատար վերահսկողութեան տակ: Նոյնպէս ալ պէտք է լիովին վերահսկուի նաեւ պատժամիջոցներու ջնջման գծով միւս կողմի պարտաւորութիւններու կատարումը», յայտարարած է ան:

«Եթէ մենք հասնինք գործարքի կնքումին, ապա ստուգման կարելիութիւնները պէտք է գոյութիւն ունենան երկու կողմերուն համար ալ: Իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ համաձայնագիրին վերաբերեալ մեր կամ միւս կողմի ստանձնած պարտաւորութիւնները պէտք է ըլլան թէ՛ ստուգելի, թէ՛ ալ ապացուցելի», ըսած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ 25 մարտին Լոզանի մէջ պիտի շարունակեն երկկողմանի խորհրդակցութիւնները իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ վերջնական համապարփակ համաձայնագիրի մշակման նպատակով:

Միւս կողմէ, «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Պրենըն «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն ճնշում գործադրել Իրանի վրայ, հակառակ շարունակուող բանակցութիւններու արդիւնքին: «Յոյս ունինք, որ հիւլէական ծրագիրը պիտի դադրեցուի, սակայն կը տեսնենք նաեւ, որ Իրան կը շարունակէ ահաբեկչութեան հովանաւոր ըլլալ», ըսած է Պրենըն:

Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ պէտք է համոզուած ըլլան, որ Թեհրան կարելիութիւն պիտի չունենայ շարունակելու «ապակայունացնել շրջանին մէջ շարք մը երկիրներ»:

Պրենըն ընդգծած է, որ Իրան պէտք է ըմբռնէ Միացեալ Նահանգներու վճռականութիւնը` չարտօնելու, որ Իրանի իշխանութիւններուն ձեռքը հիւլէական զէնք յայտնուի:

 

Նախորդը

Սալման Թագաւորը Իրաքի Վարչապետը Հրաւիրած Է Ռիատ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?