Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Իսրայէլի Անվտանգութեան Ապահովման Համար Անհրաժեշտ Է Վերջ Տալ 50-Ամեայ Բռնագրաւումին»

Մարտ 25, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տենիս Մքտոնօ
Տենիս Մքտոնօ

Սպիտակ տան անձնակազմի տնօրէն Տենիս Մքտոնօ «Ճի Սթրիթ» կազմակերպութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակարգը միջինարեւելեան իր քաղաքականութեան մէջ երեք հարց առանցքային կը նկատէ: Առաջինը` Իսրայէլի ապահովութեան նկատմամբ յանձնառութիւնն է, որ անկախ Իսրայէլի վարչապետին ինքնութենէն երբեք պիտի չնուազի: Երկրորդը այն է, որ ամերիկեան վարչակարգը ունի այն հաստատ համոզումը, որ երկարատեւ ժամկէտի վրայ Իսրայէլի անվտանգութիւնը ապահովելու լաւագոյն ուղին անոր եւ պաղեստինցիներուն միջեւ «երկու պետութիւններ» լուծումին միջոցով համապարփակ խաղաղութեան հաստատումն է` շեշտելով, որ ատիկա Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան հիմնաքարն է:

Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլի անվտանգութեան ապահովման համար անհրաժեշտ է «վերջ տալ 50-ամեայ բռնագրաւումին: Պաղեստինցիները իրաւունք ունին ապրելու եւ իրենք զիրենք կառավարելու իրենց գերիշխան պետութեան սահմաններուն մէջ»:

Մքտոնօ շեշտեց. «Իսրայէլ չի կրնար անվերջ կերպով իր զինուորական իշխանութիւնը պարտադրել այլ ժողովուրդի մը վրայ»: Ան վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի այն խօսքը, թէ ո՛չ բռնագրաւումը, ո՛չ ալ պաղեստինցիներու արտաքսումը լուծում են: Սպիտակ տան անձնակազմի տնօրէնը զգուշացուց Իսրայէլը, թէ իր երկիրը պիտի չհամաձայնի Այսրյորդանանի հողամասերուն Իսրայէլի կողմէ միակողմանի կցման, որ ապօրինի քայլ մը պիտի ըլլայ, որուն երբեք պիտի չզօրակցին Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլի այլ բարեկամները:

Ինչ կը վերաբերի իր երկրին արտաքին քաղաքականութեան երրորդ առանցքային հարցին, Մքտոնօ ըսաւ, որ ատիկա Օպամայի համար Իրանն է եւ Միացեալ Նահանգներու այն ջանքը, որ այդ երկիրը հիւլէական զէնքի տէր չդառնայ: Ան նշեց, որ Իրանի հետ դիւանագիտական հաղորդակցութեան քաղաքականութիւնը իսկական ձեռքբերումներու յանգած է:

 

Նախորդը

Սիսի. «Սկզբունքներու Շուրջ Համաձայնութիւնը Եգիպտոսի, Սուտանի Եւ Եթովպիոյ Միջեւ Համագործակցութեան Առաջին Քայլն Է»

Յաջորդը

«Աշխարհի Փոխարէն Սուրիա Եւ Իրաք ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Կը Պայքարին» Ըսաւ Ժաաֆարի

RelatedPosts

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
Սուրիոյ Նախագահը Պաքու Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Նախագահը Պաքու Այցելեց

Յուլիս 14, 2025
Արաղչի. «Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային  Գործակալութեան Հետ Թեհրանի Համագործակցութիւնը  Չէ Դադրեցուած, Սակայն Նոր Ձեւաչափով  Պիտի Շարունակուի»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Հետ Թեհրանի Համագործակցութիւնը Չէ Դադրեցուած, Սակայն Նոր Ձեւաչափով Պիտի Շարունակուի»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?