
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ ծերակուտական Թետ Քրուզ պաշտօնապէս հաստատած է իր մասնակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն:
Ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է. «Ես պիտի պայքարիմ նախագահի պաշտօնին համար, եւ յոյսով եմ, որ պիտի ստանամ ձեր աջակցութիւնը»:
Նախապէս «Սի.Էն.Էն.» հաղորդած էր նախագահի պաշտօնին առաջադրուելու Քրուզի մտադրութեան մասին:


