Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աշխարհի Փոխարէն Սուրիա Եւ Իրաք ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Կը Պայքարին» Ըսաւ Ժաաֆարի

Մարտ 25, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մոաալեմ եւ Ժաաֆարի
Մոաալեմ եւ Ժաաֆարի

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի երէկ ընդառաջելով իր սուրիացի պաշտօնակիցին հրաւէրին այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ներառեալ` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Ան իր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկեց ահաբեկչութեան թղթածրարը եւ շարք մը հասարակաց հետաքրքրութեան հարցեր` նշելով, որ աշխարհի փոխարէն Սուրիա եւ Իրաք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը կռուին: Ան յայտնեց, որ Իրաքի ապահովութիւնը կը բխի Սուրիոյ ապահովութենէն, եւ երկու երկիրներուն դիմագրաւած հասարակաց վտանգները երկու երկիրներուն միջեւ աւելի բարձր համակարգում կը պահանջեն:

Ժաաֆարի Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ` Իրաքի կողքին կանգնելուն համար` նշելով. «Երբեք պիտի չմոռնանք, թէ Սուրիան ինչպէ՛ս կանգնեցաւ Իրաքի կողքին»: Ան ըսաւ, որ գետնի վրայ ցամաքային ուժերու կարիքը չկայ, որովհետեւ իրաքեան բանակը իր պարտականութիւնը կը կատարէ, սակայն արաբական երկիրները կրնան օդուժի օժանդակութիւն տրամադրել` աւելցնելով. «Դրացի երկիրները պէտք է Սուրիոյ եւ Իրաքի կողքին կանգնին, որպէսզի ահաբեկչութիւնը իրենց չհասնի»:

Մոալլեմ իր կարգին նշեց, որ Սուրիան ու Իրաքը հասարակաց ճակատագիր ունին, եւ երբ Սուրիան լաւ վիճակի մէջ ըլլայ, Իրաք եւս լաւ կ՛ըլլայ:

Խօսելով Եգիպտոսի մասին, Մոալլեմ ըսաւ, որ իրենք կը հասկնան Եգիպտոսի պայմանները եւ կը յուսան, որ այդ երկիրը շուտով դուրս կու գայ իր ճգնաժամէն` աւելցնելով, որ «մինչեւ հիմա Սուրիոյ նկատմամբ Եգիպտոսի կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն մը չնշմարեցինք», եւ յոյս յայտնեց, որ Գահիրէն շուտով կը վերադառնայ իր պատմական դերակատարութեան:

Փորձագէտներ անդրադառնալով Արաբական լիկայի Շարմ Շէյխի վեհաժողովի նախօրեակին Ժաաֆարիի Սուրիա այցելութեան կը յայտնեն, որ իրաքեան կողմը թերեւս ժողովին փոխանցէ սուրիական կողմին տեսակէտը, մասնաւորաբար ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին վերաբերեալ:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Ասատ Ժաաֆարիի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ սուրիական եւ իրաքեան բանակներուն արձանագրած յաջողութիւնները նպաստած են ահաբեկչութեան յառաջխաղացքը կասեցնելու, իսկ Ժաաֆարի յայտնած է, որ Իրաք նախանձախնդիր է սուրիացի ժողովուրդի կողքին կանգնելու:

Լոնտոն Եւ Ռիատ. «Ասատ Սուրիոյ Մէջ
Դերակատարութիւն Պիտի Չունենայ»

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը բրիտանացի իր պաշտօնակից Ֆիլիփ Համընտի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ժընեւ 1»-ի յայտարարութեան սկզբունքները սուրիական տագնապի լուծման շրջագիծներն են են, որոնց հիմամբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ բոլոր անոնք, որոնց ձեռքերը սուրիացիներուն արիւնով ներկուած են, պիտի չունենան որեւէ ներկայ կամ ապագայ դերակատարութիւն»:

Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ, որպէսզի Իրան հիւլէական զէնքի չտիրանայ, «բան մը, որ կրնայ սպառնալ շրջանի եւ աշխարհի ապահովութեան, մասնաւորաբար Իրանի կիրարկած թշնամական քաղաքականութեանց եւ շրջանի երկիրներուն հարցերուն միջամտութեանց լոյսին տակ»:

Ինչ կը վերաբերի Եմէնի կացութեան, Ֆայսալ իշխանը ըսաւ. «Այդտեղ լուծումը միայն միջազգային միաձայնութեան ականջ տալով կ՛ըլլայ եւ յեղաշրջումի մերժումով»` աւելցնելով. «Եմէնի ապահովութիւնն ու Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն ապահովութիւնը անմասնատելի են»: Ան ըսաւ, որ Ծոցի երկիրները պիտի ընդառաջեն Եմէնի նախագահ Ապետ Ռապօ Մանսուր Հատիի` Ռիատի մէջ վերջինիս հովանաւորութեամբ երկխօսութեան նիստ գումարելու առաջարկին:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց. «Այն ինչ որ Եմէնի մէջ տեղի կ՛ունենայ, քաղաքացիական պատերազմ է, եւ Բրիտանիա դատապարտեց Եմէնի մէջ յարձակումները»` նշելով, որ ինք վերահաստատած է, որ Բրիտանիա կը շարունակէ աջակցիլ Եմէնի նախագահ Մանսուրին եւ զինք նկատել օրինական նախագահ: «Միջազգային ընտանիքը ձեռնածալ պիտի չմնայ, մինչ որոշ ուժեր Եմէնը կը քանդեն», նշեց Համընտ:

Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ զինուորական ջանքը առանձինը չի կրնար ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնել, այլ պէտք է օտար զինեալներու հոսքը եւ ծայրայեղականներու ֆինանսաւորումը դադրեցնել:

«Բրիտանիա Սուրիոյ մէջ չափաւորական ընդդիմութեան ամրապնդման կ՛աջակցի, որպէսզի գետնի վրայ ստեղծուի հաւասարակշռութիւն մը, որ սուրիական վարչակարգը մղէ քաղաքական քննարկումի» ըսաւ Համընտ` աւելցնելով. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ ապագային մէջ դեր պիտի չունենայ»:

Նախորդը

Սպիտակ Տուն. «Իսրայէլի Անվտանգութեան Ապահովման Համար Անհրաժեշտ Է Վերջ Տալ 50-Ամեայ Բռնագրաւումին»

Յաջորդը

«Էրպաս-320» Մը Ջախջախուեցաւ Ալպիան Լեռներուն Վրայ

RelatedPosts

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ  Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր  Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն  Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան  Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?