Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Օգնեն Իրաքին Վերատիրանալու Ռամատիին»

May 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-18-15_Ramadi«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Էլիս Սմիթ յայտնած է, որ եթէ նոյնիսկ իրաքեան Ռամատի քաղաքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները «առաւելութիւն ստացած են», ապա ատիկա պիտի չյանգեցնէ ընդհանուր առմամբ Իրաքի զինեալ ուժերու պարտութեան:

Ըստ Սմիթի, քաղաքի կորուստը միայն ժամանակաւոր կերպով պիտի նպաստէ ՏԱՀԵՇ-ի քարոզչութեան, որովհետեւ քաղաքը վերստին պիտի ազատագրուի:

«Վերջ ի վերջոյ, դաշնակից ուժերը պիտի աջակցին իրաքեան զինեալ ուժերուն եւ վերստին ձեռք պիտի բերեն քաղաքը» նշած է ան:

Նշենք, որ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյն Տահքան երէկ Պաղտատ այցելեց` իր իրաքցի պաշտօնակից Խալետ Օպէյտիի հետ «խորհրդակցական ժողով» մը գումարելու համար:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ Ռամատին գրաւելով մարտական ձեռքբերում մը արձանագրած է, սակայն աւելցուց, որ շրջանին մէջ իրաքեան զինուորական պատրաստուածութիւնը անհրաժեշտ մակարդակի վրայ չէր, եւ կացութեան «մօտալուտ յեղաշրջում» մը խոստացաւ:

«Անպարի մէջ, ուր իրաքեան բանակը ինքնապաշտպանութենէն յարձակումի անցնելու համար տակաւին բաւարար ներկայութիւն չէ, եւ կը շեշտեմ, «տակաւին» բառը, Ռամատիի նման առիթներ կը ստեղծուին, ուր ՏԱՀԵՇ բաւական վնաս պատճառելու կարելիութիւն ունի»` աւելցնելով. «Ռամատիի մէջ մեր տեսածին նման յարձակումներ տեսնելու կարելիութիւն գոյութիւն ունի, սակայն վստահ եմ, որ յառաջիկայ օրերուն կացութիւնը պիտի շրջուի»:

Ան նշեց, որ շրջանի բոլոր երկիրները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ են եւ անոր դէմ կռիւին կը մասնակցին, սակայն ճակատամարտերու ընթացքին տեղատուութիւն եւ յառաջխաղացք պիտի ըլլայ` աւելցնելով. «Ես վստահ եմ հեռակայ արդիւնքէն, սակայն պիտի ըլլան պահեր, երբ պիտի դիմագրաւենք երէկ Ռամատիի մէջ պատահածին նման մարտահրաւէրներ»:

Նշենք, որ Ռամատին կը գտնուի մայրաքաղաք Պաղտատէն 180 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Երէկ հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ Ռամատիի մէջ անցնող 2 օրուան ընթացքին 500 անձ սպաննած է:

 

 

Նախորդը

Եմէնի Մէջ Մարդասիրական Զինադադարի Ժամկէտի Աւարտէն Ետք. Արաբական Դաշնակից Ուժերուն Օդային Հարուածները Վերսկսան

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Դատապարտեց, Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Անոր Թելադրեց «Լուռ Մնալ». Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Ատանայի Եւ Մերսինի Կեդրոնները Ականահարուեցան

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.