Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Բանակը Ետ Մղած Է Հնադարեան Փալմիրի Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումը

May 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-18-15_PalmyraԱմերիկեան «Սի.Պի.Էս. Նիուզ»-ը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակը կիրակի օր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ետ մղած է հնադարեան Փալմիր քաղաքի մերձակայքէն: Նախապէս լրատուամիջոցները կ՛ահազանգէին, որ պատմական վայրերու նկատմամբ իրենց քաղաքականութեամբ յայտնի իսլամականները վտանգ կը ներկայացնեն երկհազարամեայ Փալմիրի աւերակներուն, որոնք կը նկատուին մշակութային եզակի արժէք:

«Պի.Պի.Սի. Արապիք» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակին հաղորդումով, Փալմիրը ամբողջութեամբ իշխանութիւններուն վերահսկողութեան տակ է: Ատիկա կարելի դարձած է քանի մը օր տեւած կատաղի մարտերէ ետք: Այդ ընթացքին իսլամականներու դիրքերուն դէմ տասնեակ մը օդային հարուածներ հասցուած են:

Կը հաղորդուի, որ քառօրեայ մարտերու ընթացքին արձանագրուած է շուրջ 300 զոհ, որոնց շարքին` 123 սուրիացի զինուոր, 115 ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ եւ 57 քաղաքայիններ: Իսլամականները սկսած էին մահապատիժի ենթարկել շրջակայ գիւղերու խաղաղ բնակիչները` զանոնք մեղադրելով կառավարական ուժերուն հետ գործակցելու համար: Մահապատիժի ենթարկուածներուն շարքին են երեխաներ:

Միւս կողմէ, լիբանանեան «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ Փալմիրի մէջ բախումներու ընթացքին սպաննուած է ՏԱՀԵՇ-ի Հասաքէի կառավարիչ Մուհայմեն Արմիտ Թահին: Ան Գամիշլիի գիւղական շրջանի արաբական Թայ ցեղախումբի անդամներէն է, սուրիական բանակէն դասալիք եղած տասնապետ մըն է եւ Սուրիական ազատ բանակի հիմնադիրներէն մէկը, ան հետագային միացած է Ժապհաթ Նուսրային, ապա ՏԱՀԵՇ-ին եւ վերջերս ՏԱՀԵՇ-ի կազմակերպական վերադասաւորումներուն ծիրին մէջ փոխադրուած է Հոմս ու անոր գիւղական շրջանները:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Սահմանին Վրայ Տեղի Կ՛ունենայ «Սահմանային Վահան» Յատուկ Գործողութիւնը

Յաջորդը

Եմէնի Մէջ Մարդասիրական Զինադադարի Ժամկէտի Աւարտէն Ետք. Արաբական Դաշնակից Ուժերուն Օդային Հարուածները Վերսկսան

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»

February 9, 2026
Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Պէտք Է Թեւաւոր Հրթիռներուն Եւ Անոր Առանցքին Աջակցութեան Վերջ Տան»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Պէտք Է Թեւաւոր Հրթիռներուն Եւ Անոր Առանցքին Աջակցութեան Վերջ Տան»

February 9, 2026
Մասքաթի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ «Դրական Մթնոլորտով» Անուղղակի Բանակցութիւններ Եւ Զանոնք «Յարմար Ժամանակին» Շարունակելու Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Մասքաթի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ «Դրական Մթնոլորտով» Անուղղակի Բանակցութիւններ Եւ Զանոնք «Յարմար Ժամանակին» Շարունակելու Համաձայնութիւն

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.