Միջազգային

Ըստ «Հայաթ»-ի.  Դաշնակից Ուժերու Օդային Հարուածները Ընդլայնելով  Տահեշ-Ի Կողմէ Հալէպի Գրաւման Արգելք Հանդիսանալու  Արեւմտեան Ճնշումներ Գոյութիւն Ունին

Ըստ «Հայաթ»-ի. Դաշնակից Ուժերու Օդային Հարուածները Ընդլայնելով Տահեշ-Ի Կողմէ Հալէպի Գրաւման Արգելք Հանդիսանալու Արեւմտեան Ճնշումներ Գոյութիւն Ունին

Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ արեւմտեան  պետութիւններ ճնշում կը բանեցնեն, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի կործանիչները իրենց օդային հարուածները ընդլայնեն, որպէսզի արգելք հանդիսանան, որ ՏԱՀԵՇ գրաւէ Հալէպ քաղաքը: Անոնք ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման համոզեն, որ Թուրքիոյ մէջ մարզուած սուրիական ընդդիմադիր զինեալներու առաջին ճակատը ըլլայ Հալէպի գիւղական շրջանը: Աղբիւրները կը նշեն, որ...

Նեթանիահու. «Խաղաղութեան Արաբական  Նախաձեռնութիւնը Այլեւս Չի Պատշաճիր  Շրջանին Մէջ Արձանագրուող Զարգացումներուն»

Նեթանիահու. «Խաղաղութեան Արաբական Նախաձեռնութիւնը Այլեւս Չի Պատշաճիր Շրջանին Մէջ Արձանագրուող Զարգացումներուն»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը այլեւս չի պատշաճիր շրջանին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն»: Ան ըսաւ, որ «Իսրայէլի եւ Ծոցի երկիրներուն Իրանի հիւլէական ծրագիրին ու շրջանին մէջ իրանեան թշնամական գործողութեանց նկատմամբ զգացած մտահոգութիւնը իր մէջ կը պարունակէ անոնց միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնը»` աւելցնելով, որ ինք «կ՛աջակցի շրջանային խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը պաշտպանելու համար արաբական զօրախումբ մը յառաջացնելու գաղափարին»: Նեթանիահու ընդգծեց. «Այդ...

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ  Դարձեալ Անձնասպանական  Գործողութիւն` Շիիներու  Մզկիթի Մը Դէմ

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Դարձեալ Անձնասպանական Գործողութիւն` Շիիներու Մզկիթի Մը Դէմ

Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ չորս անձեր, ներառեալ` անձնասպանական գործողութիւն կատարողը մահացած են, երբ Տամմամ քաղաքին մէջ Իմամ Հիւսէյն մզկիթին դէմ ահաբեկչական գործողութիւն մը ձախողութեան մատնուած է: Նախարարութիւնը կը նշէ, որ մզկիթին պահակները մզկիթին մօտ գտնուող կառատուն մուտք գործող կասկածելի ինքնաշարժ մը տեսնելով մօտեցած են անոր, եւ այդ պահուն տեղի ունեցած է պայթումը, որուն պատճառով նաեւ շարք մը...

«Ժէյշ Ֆաթըհ» Արիհայի  Գրաւումը Յայտարարեց

«Ժէյշ Ֆաթըհ» Արիհայի Գրաւումը Յայտարարեց

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ «Ժէյշ Ֆաթըհ» անուան տակ համախմբուած Ժապհաթ Նուսրայի եւ այլ խմբաւորումներու զինեալները գրաւած են Իտլիպի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Արիհա քաղաքը, իսկ սուրիական բանակն ու շրջանին մէջ անոր դաշնակիցները նահանջած են դէպի Արիհա-Ժըսըր Շուղուր ճամբուն վրայ գտնուող Աուրամ Ժոզ եւ Մահպալ շրջան: «Ժէյշ Ֆաթըհ» յարձակում մը շղթայազերծած էր Արիհա քաղաքի եւ Ժապալ Արպային շրջանին ուղղութեամբ:...

«Եւրոպական Միութեան Անհրաժեշտ Է  Յարմարիլ «Արեւելեան Գործընկերութեան»  Երկիրներու Իրականութեան»  Կ՛ըսէ Հան

«Եւրոպական Միութեան Անհրաժեշտ Է Յարմարիլ «Արեւելեան Գործընկերութեան» Երկիրներու Իրականութեան» Կ՛ըսէ Հան

Եոհաննես Հան «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է «Արեւելեան գործընկերութեան», սակայն անհրաժեշտ է յարմարեցնել քաղաքականութիւնը տեղւոյն երկիրներու իրականութեան: «Ռիկայի վեհաժողովին մէջ վերահաստատուեցաւ Եւրոպական Միութեան նուիրուածութիւնը «Արեւելեան գործընկերութեան», սակայն մենք պէտք է քաղաքականութիւնը յարմարեցնենք տեղական իրականութեան», գրառած է Եոհաննես Հան:  

«Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը  Մեծ Ապագայ Ունի` Հակառակ Բոլոր  Դժուարութիւններուն»  Կ՛ըսէ Նազարպայեւ

«Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը Մեծ Ապագայ Ունի` Հակառակ Բոլոր Դժուարութիւններուն» Կ՛ըսէ Նազարպայեւ

Նուրսուլթան Նազարպայեւ Ria.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը մեծ ապագայ ունի` հակառակ այն դժուարութիւններուն, զորս այժմ կը դիմագրաւէ: «Համոզուած եմ, որ այդ միութիւնը մեծ ապագայ ունի` հակառակ այսօրուան դժուարութիւններուն եւ միտումներուն», ըսած է ան: Նազարպայեւ նաեւ նշած է, որ այժմ չի տեսներ...

«Սուրիա Եւ Իրաք Մասնատման Վտանգը  Կը Դիմագրաւեն, Եթէ Միջազգային  Դաշինքը Շուտով Չամրապնդուի»  Կը Զգուշացնէ Ֆապիւս

«Սուրիա Եւ Իրաք Մասնատման Վտանգը Կը Դիմագրաւեն, Եթէ Միջազգային Դաշինքը Շուտով Չամրապնդուի» Կը Զգուշացնէ Ֆապիւս

Լորան Ֆապիւս «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երէկ յայտարարած է, թէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող միջազգային դաշինքը կարիքը ունի շուտով ամրապնդուելու` կանխարգիլելու համար յաւելեալ ջարդերն ու երկու երկիրներուն մասնատումը: Ան նաեւ քննադատեց իրաքեան կառավարութիւնը` ըսելով, որ Ֆրանսա անցեալ տարի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներ հասցնել որոշած էր այն հիմամբ, որ Պաղտատ...

«Ամերիկացիներուն Հետ Հիւսիսային  Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտի Ստեղծելու Շուրջ  Համաձայնութիւն Գոյութիւն Չունի»  Կ՛ըսէ Պիլկիչ

«Ամերիկացիներուն Հետ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտի Ստեղծելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Պիլկիչ

Թանժու Պիլկիչ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Ամերիկացիներուն հետ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի ստեղծելու շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի»` աւելցնելով, որ իր երկիրը կ՛աջակցի այդպիսի քայլի մը գաղափարին: Պիլկիչ նշեց, որ ամերիկացիներուն հետ գոյացած համաձայնութիւնը կը վերաբերի սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն` անոնց մարզումի աւարտէն եւ Սուրիա մուտք գործելէն ետք, օդային պաշտպանութիւն տրամադրել, որպէսզի Սուրիոյ բանակին...

Թուրքիոյ Մէջ Դանակահարած Են  Իշխող Կուսակցութեան Թեկնածուն

Թուրքիոյ Մէջ Դանակահարած Են Իշխող Կուսակցութեան Թեկնածուն

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ալատաղ շրջանին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան` Ատանայի մէջ առաջադրուած երեսփոխանական թեկնածու Ռամազան Տեմիր շաբաթ երեկոյեան ընտրական հաւաքի մը ընթացքին յարձակումի ենթարկուած է: Աշխատանքներով զբաղած թեկնածուին վրայ յարձակած են անծանօթ երկու անձեր` զինուած դանակներով: Թեկնածուն որովայնի շրջանին մէջ դանակի երեք հարուած ստացած է ու տեղափոխուած հիւանդանոց: Դէպքին մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է...

Փալմիրի Թանգարան Մուտք Գործելով` ՏԱՀԵՇ  Քանդեց Շարք Մը Հնադարեան Արձաններ

Փալմիրի Թանգարան Մուտք Գործելով` ՏԱՀԵՇ Քանդեց Շարք Մը Հնադարեան Արձաններ

Սուրիոյ Հնութիւններու եւ թանգարաններու ընդհանուր տնօրէն Մամուն Ապտելքարիմ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները մուտք գործեցին կեդրոնական Սուրիոյ մէջ գտնուող հնադարեան Փալմիր քաղաքին թանգարանը, քանդեցին շարք մը արձաններ եւ թանգարանին մուտքին կանգնեցուցին պահակներ: Ան նշեց, որ զինեալները 13-րդ դարուն կառուցուած եւ հնադարեան հնութիւններուն հսկող իսլամական բերդին վրայ բարձրացուցած են ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը: Ան նշեց, որ քանդուած արձանները կրկնօրինակներ են, որոնք կրթական նպատակներու համար...

Իրան-Վեցեակ Բանակցութիւններու  Նոր Հանգրուանը 26 Մայիսին` Վիեննայի Մէջ

Իրան-Վեցեակ Բանակցութիւններու Նոր Հանգրուանը 26 Մայիսին` Վիեննայի Մէջ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ իրանեան բարձրաստիճան դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնած է, թէ Վեցեակի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու յաջորդ հանգրուանը պիտի սկսի  26 մայիսին` Վիեննայի մէջ: Հանդիպում տեղի պիտի ունենայ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժիի եւ եւրոպական դիւանագիտութեան փոխղեկավար Հելկա Շմիտթի միջեւ, ինչպէս նաեւ այլ հանդիպումներու` մասնագէտներու մակարդակով: «Ապպաս Արաքժի երեքշաբթի օր հանդիպում պիտի ունենայ Հելկա Շմիտթի հետ: Հաւանաբար,...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարի Օգնականը Չեղեալ Յայտարարած Է  Պաքու Տալիք Այցելութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Օգնականը Չեղեալ Յայտարարած Է Պաքու Տալիք Այցելութիւնը

Թոմ Մալինովսքի «Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «Ազատլըգ» թերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի մարդու իրաւունքներու հարցերով օգնական Թոմ Մալինովսքի վերջին պահուն չեղեալ յայտարարած է Պաքու տալիք իր այցելութիւնը: Անոր համաձայն, քաղաքացիական հասարակութեան եւ արեւմտեան հիմնարկներուն վրայ շարունակուող ճնշումներու վերաբերող հարցեր քննարկելու համար նախատեսուած Ազրպէյճանի հետ ժողովրդավարութեան մասին երկխօսութիւնը արդիւնաւէտ պիտի չըլլայ: Ազրպէյճանական թերթը նշած է, որ Ուաշինկթըն փաստօրէն...

Սէուտական Արաբիոյ Արեւելեան Շրջանի Մէջ  Անձնասպանական Գործողութիւն Մը  Բազմաթիւ Զոհեր Պատճառեց

Սէուտական Արաբիոյ Արեւելեան Շրջանի Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Մը Բազմաթիւ Զոհեր Պատճառեց

Սէուտական Արաբիոյ Արեւելեան շրջանի  Քաթիֆ նահանգի Քատիհ գիւղի շիիական Իմամ Ալի Պըն Ապի Թալեպ մզկիթին մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը 19 զոհ պատճառեց: Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ապահովական մարմինները ջանք պիտի չխնայեն «ահաբեկչական այս քստմնելի ոճիրին բոլոր մեղսակիցները հետապնդելու», ձերբակալելու եւ զանոնք յանձնելու արդարադատութեան` արդար պատիժ ստանալու համար: Նախարարութիւնը արարքը նկատեց թագաւորութեան հասարակութեան ազգային միասնականութիւնը հարուածելու փորձ մը:...

Ասորիները Հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ Մէջ  Կ՛ազատագրեն ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ  Բռնագրաւուած Իրենց Գիւղերը

Ասորիները Հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ Մէջ Կ՛ազատագրեն ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Բռնագրաւուած Իրենց Գիւղերը

Ասորական զինուորական խորհուրդի եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ազատագրեցին Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ մէջ գտնուող ասորական Խապուր շրջանի գիւղերը` փախուստի մղելով ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները: Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բանբեր Փոլաթ Ճան յայտնեց, որ քիւրտ զինեալները յաջողած են ամբողջութեամբ ազատագրել Թել Թամր, Ժապալ Ապտելազիզ եւ Խապուրի գիւղերը` աւելցնելով, որ Թել Թամրէն դէպի արեւելք մինչեւ Հասաքէ եւ Թել Թամրէն դէպի հարաւ մինչեւ Ժապալ Ապտելազիզ,...

Յունական Սիրիզա Կուսակցութեան  Ներկայացուցիչը Պիտի Մասնակցի Թրքական  Ընդդիմութեան Ընտրական Հաւաքին

Յունական Սիրիզա Կուսակցութեան Ներկայացուցիչը Պիտի Մասնակցի Թրքական Ընդդիմութեան Ընտրական Հաւաքին

Յունաստանի իշխող Սիրիզա կուսակցութեան կեդրոնական յանձնախումբի անդամ Եանիս Պուռնոս պիտի մասնակցի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախընտրական հաւաքին: Քրտամէտ կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Ճեմ Պիճօ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է. «Մեր կուսակցութեան հրաւէրով յունական Սիրիզա կուսակցութեան կեդրոնական յանձնախումբի անդամ Եանիս Պուռնոս ներկայ պիտի գտնուի մեր հանրահաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ 23 մայիսին` Իզմիրի մէջ»: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ատանայի եւ...

Տաւութօղլու. «Աքսայի Մզկիթը Մերն Է  Յաւիտեան, Եւ Աստուածն  Ու Պատմութիւնը Ատոր Վկաներն Են»

Տաւութօղլու. «Աքսայի Մզկիթը Մերն Է Յաւիտեան, Եւ Աստուածն Ու Պատմութիւնը Ատոր Վկաներն Են»

Ահմեթ Տաւութօղլու   Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց. «Աքսայի մզկիթը մերն է յաւիտեան, եւ Աստուածն ու պատմութիւնը ատոր վկաներն են, ատիկա մերը պիտի մնայ յաւիտեան»: Ան նշեց, որ իր երկիրը չի կրնար դաշնակից կամ բարեկամ ըլլալ անոնց, որոնք Աքսայի մզկիթը պղծեցին: Տաւութօղլու գովաբանեց իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 2002-ին իշխանութեան գալէն ի վեր արձանագրած ձեռքբերումները` նշելով, որ այդ կուսակցութիւնը...

Փենթակոն. «ՏԱՀԵՇ-Ի Դէմ Պատերազմի  Ամերիկեան Ռազմավարութիւնը Չէ Փոխուած»

Փենթակոն. «ՏԱՀԵՇ-Ի Դէմ Պատերազմի Ամերիկեան Ռազմավարութիւնը Չէ Փոխուած»

Փենթակոնի բանբեր Սթիւ Ուորըն յայտարարեց, որ հակառակ Իրաքի Անպար նահանգի մեծագոյն քաղաք Ռամատիի գրաւման, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմի Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութիւնը չէ փոխուած` շեշտելով, որ Փենթակոնը պիտի չբացայայտէ ապագային խմբաւորման դէմ գործադրուելիք որեւէ գործողութիւն: Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ իրաքեան ոստիկանութենէն եւ Անպարի սիւննի ցեղախումբերէն կազմուած միացեալ ուժ մը, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ բախումներէ ետք, ազատագրած են Ռամատիի արեւելքը գտնուող Ժուպիյէի...

Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի  Ժընեւի Մէջ Եմէնի Հարցով Ժողով Գումարելու  Քի Մունի Նախաձեռնութեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի Ժընեւի Մէջ Եմէնի Հարցով Ժողով Գումարելու Քի Մունի Նախաձեռնութեան

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն 28 մայիսին Ժընեւի մէջ Եմէնի հարցով երկխօսութեան նիստ գումարելու նախաձեռնութեան մը դիմեց: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը զօրակցեցաւ անոր առաջարկին: Ապահովութեան խորհուրդի անդամները մտիկ ըրին Եմէնի հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Խալետ Եամանիի` Եմէնի մէջ Քայիտայի ներկայացուցած վտանգին վերաբերեալ զգուշացումներուն: Քի Մունի բանբերի տեղակալ Ֆարհան Հաք յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նախաձեռնութեան նպատակը եմէնեան կառավարութեան անդամ բոլոր...

Թուրքիա.  Քաղաքապետի Մը Դէմ Մահափորձ, Իսկ Իշխող  Կուսակցութեան Կեդրոնի Մը Մօտ` Ձայնային Ռումբ

Թուրքիա. Քաղաքապետի Մը Դէմ Մահափորձ, Իսկ Իշխող Կուսակցութեան Կեդրոնի Մը Մօտ` Ձայնային Ռումբ

Երէկ Մերտինի մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրական կեդրոնին մօտ ձայնային ռումբ մը պայթեցաւ, ինչ որ ճամբեզրին կանգ առած ինքնաշարժներուն վնասներ պատճառեց: Ոստիկանութիւնը յանցագործները ձերբակալելու ջանքով մը անմիջապէս հասաւ դէպքին վայրը, հետաքննութեան ձեռնարկեց եւ ընտրական կեդրոնին մօտ գտնուող շարք մը բնակարաններ խուզարկեց: Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ Կիւրսուի քաղաքապետ Ճիւնէյթ Եըլտըզ մահափորձի ենթարկուելով ծանրօրէն վիրաւորուած...

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը «Ըմբռնումով»  Մօտեցած Է Ռիկայի Վեհաժողովէն Ալիեւի Բացակայութեան

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը «Ըմբռնումով» Մօտեցած Է Ռիկայի Վեհաժողովէն Ալիեւի Բացակայութեան

Տոնալտ Թուսք «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Տոնալտ Թուսք ցաւակցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` վերջերս Պաքուի մէջ տեղի ունեցած մեծ հրդեհին համար եւ ըմբռնումով մօտեցած Ռիկայի մէջ «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովէն անոր բացակայութեան: «Այսօր առաւօտ ես ցաւակցութիւն յայտնած եմ նախագահ Ալիեւին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հրդեհին պատճառով զոհերու ընտանիքներուն եւ ընկերներուն: Կը ցաւիմ, որ այդ ողբերգական դէպքը...

Page 859 of 881 1 … 858 859 860 … 881

Արխիւներ