Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց.«Ինծի համար Եգիպտոսի նախագահը Մոհամետ Մուրսին է եւ ոչ թէ յեղաշրջումի հեղինակ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին»: Ան դժգոհութիւն յայտնեց «Եգիպտոսի առաջին ընտրեալ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի եւ Իսլամ եղբայրներու այլ ղեկավարներու թղթածրարին մահապատիժի վճիռի արձակման առ ի պատրաստութիւն միւֆթիին փոխանցուելուն նկատմամբ»:
Ան դարձեալ քննադատեց Արեւմուտքը այս հարցին նկատմամբ լուռ մնալուն համար` հարց տալով. «Ո՜վ Եւրոպական Միութեան պետութիւններ, եթէ մահապատիժը Եւրոպական Միութեան մէջ արգիլուած է, ապա ինչո՞ւ ձեր ձայնը չենք լսեր, ինչո՞ւ չէք խօսիր: Անոնք սնամէջ յայտարարութիւններ կ’ընեն»:


