Ռուսական «Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա»-ն կը հաղորդէ, որ Ճափոնի մէջ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան գործերը կատարող երկրին հրդեհի գլխաւոր վարչութիւնը յայտնած է, որ Ճափոնի մէջ 11-17 մայիսին երկիրը հարուածած տաք օդին պատճառով երկու մարդ մահացած է եւ աւելի քան 480 ուրիշներ հիւանդանոց փոխադրուած:
Նախորդ շաբաթ Ճափոնի բազմաթիւ շրջաններու, ներառեալ` մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ ջերմաստիճանը բարձրացած էր մինչեւ 30 աստիճան:
Երէկ սակայն, տարուան այս ժամանակաշրջանին համար անսովոր տաքը համեմատաբար նուազած է եւ սկսած անձրեւ տեղալ: