Միջազգային

Պոլսոյ Մէջ Յունական Եկեղեցւոյ Վրայ  Յարձակած Եւ Դուռը Հրկիզած Են

Պոլսոյ Մէջ Յունական Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակած Եւ Դուռը Հրկիզած Են

Պոլսոյ Քատըքէօյ շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ վրայ  յարձակում կատարուած է: Յոյն ուղղափառ համայնքի եկեղեցական դպրոցներու եւ գերեզմանոցի հիմնադրամի ղեկավար փրոֆեսէօր Եորկօ Իսթեֆանոպոլուսը հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթին յայտնած է, որ բողոք ներկայացուցած են յարձակում իրականացուցած անձին դէմ, կը գրէ ermenihaber.am-ը: Մանրամասնութիւններ ներկայացնելով յարձակման մասին` Իսթեֆանոպոլուս յայտնած է, որ յարձակում իրականացնող անձը «Ալլահ ու աքպար» գոռալով, ձեռքի վառելիքը լեցուցած...

Տիգրանակերտի Մէջ Զինեալ  Բախումներ 4 Զոհ Պատճառած Են

Տիգրանակերտի Մէջ Զինեալ Բախումներ 4 Զոհ Պատճառած Են

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ 9 յունիսին Տիգրանակերտ նահանգին մէջ իսլամամէտ քրտական Նոր գիտութեան, ծառայութեան, համագործակցութեան եւ հետազօտութեան միութեան ղեկավար Այթաչ Պարանի սպանութենէն ետք տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացած է 4-ի: Պարան զինեալ յարձակումի ենթարկուելով սպաննուած էր, որմէ ետք ծագած բախումներուն ընթացքին յաւելեալ 3 անձեր սպաննուած են եւ վեց ուրիշներ վիրաւորուած: Ձերբակալուած են շուրջ 14 անձեր:...

Օպամա Քննադատած Է Թուրքիան` ՏԱՀԵՇ-ի  Զինեալներուն Սուրիա  Մուտքը Չկանխարգիլելուն Համար

Օպամա Քննադատած Է Թուրքիան` ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներուն Սուրիա Մուտքը Չկանխարգիլելուն Համար

Պարաք Օպամա Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Եօթներու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին քննադատած է Թուրքիան` յայտարարելով, որ Թուրքիայէն հազարաւոր զինեալներ կ՛անցնին Սուրիա եւ կը միանան ՏԱՀԵՇ-ին: Թուրքիոյ մէջ նախընտրական արշաւի ամբողջ ընթացքին այդ երկրին մասին որեւէ յայտարարութիւն չկատարած Օպաման այս քննադատութիւնը հնչեցուցած է կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք: Սուրիա եւ Իրաք օտարազգի...

Կիւլ Տաւութօղլուին Կոչ Ուղղած Է  Կառավարութիւն Ձեւաւորելու

Կիւլ Տաւութօղլուին Կոչ Ուղղած Է Կառավարութիւն Ձեւաւորելու

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ երկրի վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին կոչ ուղղած է կառավարութիւն ձեւաւորելու: Կիւլ նշած է, որ 7 յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները կ՛արտացոլեն ժողովուրդին կամքը: Մէկ օր առաջ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը գլխաւորող Ահմեթ Տաւութօղլուին կոչ ուղղած էր կառավարութիւն ձեւաւորելու: Թուրքիոյ նոր կառավարութիւնը պէտք է ձեւաւորուի...

Փութին Շաբթուան Վերջաւորութեան  Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

Փութին Շաբթուան Վերջաւորութեան Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Փութին այս շաբթուան վերջաւորութեան պիտի այցելէ Ազրպէյճան: «Այս շաբաթ նախագահը պիտի այցելէ Իտալիա եւ շաբթուան երկրորդ կիսուն` Ազրպէյճան», ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը: Փեսքով մարտի վերջաւորութեան չէր բացառած Փութինի Ազրպէյճան այցելութիւնը` ներկայ գտնուելու համար բացումին առաջին Եւրոպական խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Պաքուի մէջ:

Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական  Կուսակցութիւնը Կը Յայտարարէ.  «Ձախողութեան Մատնեցինք Վարչակարգը  Նախագահականի Փոխելու Էրտողանի Ծրագիրը»

Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը Կը Յայտարարէ. «Ձախողութեան Մատնեցինք Վարչակարգը Նախագահականի Փոխելու Էրտողանի Ծրագիրը»

Ֆելեքնաս Ուճա Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ ձախողութեան մատնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` երկրին սահմանադրութիւնը բարեփոխելով վարչակարգը նախագահականի վերածելու ծրագիրը: Կուսակցութիւնը նշեց, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութեան մը մաս պիտի չկազմէ: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին յայտարարեց. «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը առաջին դիրքի վրայ է եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթականը»` նշելով. «Ոչ ոք կրնայ...

«Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած  Ընտրութիւնները Նոր Կարելիութիւններ  Պիտի Ստեղծեն Եւրոպական  Միութիւն-Թուրքիա Յարաբերութիւններուն Համար»  Կ՛ըսէ Մոկերինի

«Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Ընտրութիւնները Նոր Կարելիութիւններ Պիտի Ստեղծեն Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա Յարաբերութիւններուն Համար» Կ՛ըսէ Մոկերինի

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հանի միացեալ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ յառաջիկային Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացման համար նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին: Եւրոպական Միութիւնը բարձր գնահատած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրուած 86 առ հարիւրի մասնակցութեան ցուցանիշը` զայն նկատելով Թուրքիոյ ժողովրդավարացման ուժեղ ցուցանիշ,...

Ռուսիա Յոյսով Է, Որ Եւրասիական Տնտեսական  Միութիւնը Աշնան Պիտի Ստանայ  ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Դէտի Կարգավիճակ

Ռուսիա Յոյսով Է, Որ Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը Աշնան Պիտի Ստանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Դէտի Կարգավիճակ

Սերկէյ Լաւրով ԹԱՍՍ կը գրէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Վլատիմիր Մաքէյի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Ռուսիա յոյսով է, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 70-րդ նիստին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերին, Եւրասիական տնտեսական միութեան դէտի կարգավիճակ պիտի տրամադրուի: «Յոյս ունինք, որ սեպտեմբերին` Ընդհանուր ժողովի 70-րդ նիստին ընթացքին, Եւրասիական տնտեսութեան միութիւնը պիտի...

Թուրքիա Կը Յայտարարէ Քաթարի Հետ  Զինուորական  Գործակցութեան Ուժի Մէջ Մտնելը

Թուրքիա Կը Յայտարարէ Քաթարի Հետ Զինուորական Գործակցութեան Ուժի Մէջ Մտնելը

Անգարա յայտարարեց, որ թուրք-քաթարական զինուորական գործակցութեան համաձայնութեան Թուրքիոյ պետական պաշտօնաթերթին մէջ լոյս տեսնելէն ետք թրքական կողմէն ուժի մէջ մտած է: Համաձայնութեան հիմամբ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը կը վերաբերի զինուորական մարզումին, զինուորական արդիւնաբերութեան եւ թրքական զինեալ ուժերու քաթարական հողերու վրայ տեղակայման: Երկու կողմերուն միջեւ զինուորական մարզումի, զինուորական արդիւնաբերութեան, միացեալ ռազմափորձերուն եւ երկու երկիրներուն մէջ զինեալ ուժերու փոխադարձ տեղակայման վերաբերեալ համագործակցութեան ամրապնդման...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Կը Նշէ.  «Եւրոպական Միութիւնը «Արեւելեան  Գործընկերութեան» Երկիրներէն Հակառուսական  Պատժամիջոցներ Պիտի Չպահանջէ»

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Կը Նշէ. «Եւրոպական Միութիւնը «Արեւելեան Գործընկերութեան» Երկիրներէն Հակառուսական Պատժամիջոցներ Պիտի Չպահանջէ»

Տէյվիտ Օ՛Սալիվըն Միացեալ Նահանգներու մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Տէյվիտ Օ՛Սալիվըն «Սփութնիք» գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի անդամ երկիրներէն պիտի չպահանջէ աջակցիլ Ռուսիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան հաստատած պատժամիջոցներուն: «Մենք ոչ մէկ պարագայի «Արեւելեան գործընկերութեան» երկիրներէն կ՛ակնկալենք աջակցութիւն Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան, ինչ որ կ՛ակնկալենք Եւրոպական Միութեան թեկնածու երկիրներէն», ըսած է Օ՛Սալիվըն:

«Մեր Մեծագոյն Ձեռքբերումը  Ուքրանիոյ Պահպանումն Է»  Կ՛ըսէ Փորոշենքօ

«Մեր Մեծագոյն Ձեռքբերումը Ուքրանիոյ Պահպանումն Է» Կ՛ըսէ Փորոշենքօ

Փիոթըր Փորոշենքօ Ուքրանական «սենսոր» կայքը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ երկրի Գերագոյն Ռատային մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ ոչ միայն իր, այլեւ ամբողջ ժողովուրդին մեծագոյն ձեռքբերումը նկատած է այն, որ յաջողած են բարդ պայմաններու մէջ պահպանել Ուքրանիան: «Կարեւոր ձեռքբերումը տարուան ընթացքին այն էր, որ մենք պահպանեցինք Ուքրանիան», ըսած է ան: Փորոշենքօ նշած է. «Խրիմը բռնակցուած է, Տոնպասի մեծ...

«Ռուսիա Մենաշնորհի Չի Յաւակնիր  Յետխորհրդային Տարածքին Մէջ»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիա Մենաշնորհի Չի Յաւակնիր Յետխորհրդային Տարածքին Մէջ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ իր երկիրը յետխորհրդային տարածքին մէջ մենաշնորհի չի յաւակնիր եւ կը ճանչնայ բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու իր դրացիներուն իրաւունքը: Լաւրով դաշնակցային խորհուրդին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին ըսած է. «Մենք գործունէութեան մենաշնորհ չունինք այդ տարածքին մէջ: Մենք կը ճանչնանք մեր դրացիներուն, նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն, սակայն...

«Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային  Գործակալութեան Քննիչներու Իրանի Հիւլէական  Կեդրոններ Մուտքը Պիտի Կատարուի  Թեհրանի Վերահսկողութեամբ»  Ըսաւ Արաքժի

«Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Քննիչներու Իրանի Հիւլէական Կեդրոններ Մուտքը Պիտի Կատարուի Թեհրանի Վերահսկողութեամբ» Ըսաւ Արաքժի

Ապպաս Արաքժի «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժի Վիեննայի մէջ «Թասնիմ» գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան կնքման պարագային Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան քննիչներու Իրանի հիւլէական կեդրոններ մուտքը պիտի կատարուի Թեհրանի վերահսկողութեամբ: «Եթէ Իրանի եւ աշխարհի տէրութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ եւ ատոր հիման վրայ գործադրուի Լրացուցիչ...

«Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Հետ  Բաց Երկխօսութեան Կը Զօրակցին»  Կ՛ըսէ Ռոտզ

«Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Հետ Բաց Երկխօսութեան Կը Զօրակցին» Կ՛ըսէ Ռոտզ

Պեն Ռոտզ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան խորհրդականի տեղակալ Պեն Ռոտզ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցի միջազգային տարբեր հարցերու, ներառեալ` Ուքրանիոյ մէջ կացութեան շուրջ Ռուսիոյ հետ ուղղակի երկխօսութեան: Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի վերջերս Սոչի կատարած այցելութեան` Ռոտզ ըսաւ, որ «մենք երկխօսութեան բաց գիծին կը զօրակցինք»` աւելցնելով, որ ատիկա միայն Ուքրանիոյ հարցին չի վերաբերիր, այլ նաեւ...

Ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի,  Միացեալ Նահանգներ Թերեւս Եւրոպայի Մէջ  Ռուսիոյ Դէմ Ուղղուած Հրթիռներ Տեղադրէ

Ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի, Միացեալ Նահանգներ Թերեւս Եւրոպայի Մէջ Ռուսիոյ Դէմ Ուղղուած Հրթիռներ Տեղադրէ

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան հասած է Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսիի զեկուցումին մէկ օրինակը, ըստ որուն, Միացեալ Նահանգներ կը քննարկեն Եւրոպայի կամ Ասիոյ մէջ հրթիռներ տեղադրելու կարողութիւնը: Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ հրթիռները պատասխան միջոցներ են, որովհետեւ Ռուսիան ամբողջական կերպով չի կատարեր միջին եւ մօտ հեռաւորութեան հրթիռներու ոչնչացման համաձայնագիրը: «Օպամայի վարչակազմը կը քննարկէ շարք մը յարձակողական պատասխան...

«Կազփրոմ». «Թրքական Հոսք»-ի  Կառուցումը Պիտի Սկսի Յունիսի Վերջը»

«Կազփրոմ». «Թրքական Հոսք»-ի Կառուցումը Պիտի Սկսի Յունիսի Վերջը»

«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Փարիզի մէջ 3 յունիսին Կազի համաշխարհային խորհրդաժողովին ընթացքին «Թրքական հոսք» նախագիծի մամլոյ քարտուղարը յայտարարած է, որ «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարին կառուցումը, որ պիտի արտօնէ Թուրքիոյ ապահովել ռուսական կազի մատակարարումը, պիտի սկսի յունիսի վերջը: Երեք տարին անգամ մը տեղի ունեցող խորհրդաժողովին ընթացքին Ռուսիա ներկաներուն ներկայացուցած է նախագիծը եւ ատոր նոր պաշտօնական անուանումը: Անունը «Թրքական հոսք»-էն փոխուած...

Ազրպէյճան Կը Փակէ Պաքուի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Գրասենեակը

Ազրպէյճան Կը Փակէ Պաքուի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Գրասենեակը

Պաքուի մէջ որոշում տրուած է փակելու Ազրպէյճանի մէջ ԵԱՀԿ-ի համակարգողի գրասենեակը: Դիւանագիտական աղբիւրներ «Թուրան» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ 3 յունիսին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը համապատասխան նամակը ուղարկած է ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր գրասենեակ: Կը նշուի, որ Ազրպէյճանի կառավարութեան կարծիքով, Պաքուի մէջ այլեւս ԵԱՀԿ-ի նախագիծերու համակարգողի գործունէութեան անհրաժեշտութիւն չկայ:

Սուրիոյ Մէջ Բախումները  Կը Մօտենան Ժապալ Տրուզին

Սուրիոյ Մէջ Բախումները Կը Մօտենան Ժապալ Տրուզին

Սուրիոյ մէջ բախումները մօտեցած են տիւրզիներու բնակավայր Ժապալ Տրուզին: Ժապհաթ Նուսրայի եւ այլ զինեալ խմբաւորումներու զինեալները Սուէյտա շրջանին մէջ կը պատրաստուին յարձակում գործելու Սաալա օդակայանին եւ 52-րդ զօրամասին կեդրոնատեղիին դէմ: Լաւատեղեակ աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեց, որ Իսրայէլի մէջ տիւրզի համայնքի ղեկավարները դրամահաւաք կը կատարեն` զինելու համար Սուրիոյ տիւրզիները, որոնք, ըստ աղբիւրին, օգնութիւն խնդրած են եւ սուրիական վարչակարգը ամբաստանած...

Թուրքիոյ Խորհրդարանական  Ընտրութիւններէն 2 Օր Առաջ.  Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական  Կուսակցութեան Ընտրահաւաքին Ընթացքին  Պայթումներ 2 Զոհ Պատճառեցին

Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն 2 Օր Առաջ. Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Ընտրահաւաքին Ընթացքին Պայթումներ 2 Զոհ Պատճառեցին

Առնուազն երկու զոհ եւ հարիւր վիրաւոր արձանագրուեցաւ, երբ Տիգրանակերտի մէջ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրական հաւաքին ընթացքին երկու պայթումներ տեղի ունեցան: Հազարաւորներ կը մասնակցէին 7 յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ կուսակցութեան վերջին հաւաքին: Կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ քաղաքին մէջ հանդարտութեան կոչ ուղղեց: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու խոստացաւ պայթումներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարել: «Յստակ չէ, թէ ասիկա յարձակո՞ւմ է, թէ՞ արկած: Պատճառը...

Սատտամի Օգնական Թարեք Ազիզ Մահացաւ

Սատտամի Օգնական Թարեք Ազիզ Մահացաւ

Թարեք Ազիզ Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգի երկար տարիներու արտաքին գործոց նախարար ու փոխվարչապետ Թարեք Ազիզ մահացաւ իրաքեան հիւանդանոցի մը մէջ: 2010¬ին Իրաքի գերագոյն դատարանը զինք մահուան դատապարտած էր կրօնական կուսակցութիւնները հալածելուն համար, սակայն վճիռը չգործադրուեցաւ: Քրիստոնեայ Ազիզ 2003¬ին Պաղտատի գրաւումէն ետք անձնատուր եղած էր ամերիկեան ուժերուն: 79-ամեայ Ազիզ սրտի կաթուած անցընելէ ետք բանտէն հիւանդանոց փոխադրուած է:

Page 857 of 881 1 … 856 857 858 … 881

Արխիւներ