Թուրք Ընդդիմադիր Ղեկավար Մը Կը Յայտարարէ. «Բոլոր Խնդիրները Կը Բխին Շրջանին Մէջ Օսմանականութեան Գաղափարը Վերականգնելու Փորձէն»
Էմինէ Իւլքեր Թարհան Թուրքիոյ Անատոլու կուսակցութեան ղեկավար Էմինէ Իւլքեր Թարհան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կոչ ուղղեց` «այլ երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտելէ դադրելու»` նշելով. «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը երկու չափ երկու կշիռի սկզբունքով կ՛ընթանայ, եւ ամէն բան կը դիտէ իր գաղափարախօսութեան պրիսմակէն, հակառակ անոր որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մարդկային իրաւանց խախտման ախոյեան մըն է եւ ժողովրդավարութեան ու...




















