Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը Կը Յայտարարէ. «Ձախողութեան Մատնեցինք Վարչակարգը Նախագահականի Փոխելու Էրտողանի Ծրագիրը»

June 9, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆելեքնաս Ուճա
Ֆելեքնաս Ուճա

Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ ձախողութեան մատնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` երկրին սահմանադրութիւնը բարեփոխելով վարչակարգը նախագահականի վերածելու ծրագիրը:

Կուսակցութիւնը նշեց, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութեան մը մաս պիտի չկազմէ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին յայտարարեց. «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը առաջին դիրքի վրայ է եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթականը»` նշելով. «Ոչ ոք կրնայ իր պարտութիւնները յաղթանակներու վերածել, եւ բոլորը պէտք է իրենք զիրենք հաշուետուութեան ենթարկեն»:

Ան շեշտեց, որ ժողովուրդին կամքը բարձրագոյն եւ վերջնական կամքն է, զոր բոլոր կողմերն ու կուսակցութիւնները պէտք է յարգեն: «Իշխանութեան վրայ 12-13 տարին պատմական մեծ երթերուն համար պարզապէս սկիզբն են: Փառք Աստուծոյ, մեծ յաջողութիւններ արձանագրեցինք եւ տակաւին ունինք արձանագրելիք», ընդգծեց Տաւութօղլու:

Ան թրքական կուսակցութիւններուն կոչ ուղղեց Թուրքիոյ «ապագային եւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար» բանաձեւել «աշխարհիկ» սահմանադրութիւն մը` շեշտելով. «Ոչ մէկ ուժ կրնայ տիրել ժողովուրդին կամքին, եւ որեւէ լոպի կամ էութիւն երկրին ճակատագիրին ճշդման մէջ դեր պիտի չունենայ»:

Էրտողան երէկ հանդիպում ունեցաւ Տաւութօղլուի հետ եւ անոր հետ քննարկեց խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքը:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Էրտողան կիրակի օր հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ընդգծած է, որ ընտրութիւններուն մասնակցութեան ցուցանիշը աճած է, ինչ որ ժողովրդավարացման հարցին մէջ վճռականութեան նշան է:

«Մեր ժողովուրդին գնահատականը ամէն բանէ բարձր է: Ան որեւէ կուսակցութեան առանձին իշխելու կարելիութիւն չէ տուած, եւ այսպիսի պատկերի պարագային ընտրութեան մասնակցած բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ կ՛ակնկալեմ առողջ եւ իրատեսական մօտեցում: Ընտրութենէն ետք սկսած այս նոր ժամանակաշրջանին մէջ մեր երկրին մէջ կայունութեան ու վստահութեան մթնոլորտի, ժողովրդավարական ձեռքբերումներու պահպանման համար բոլոր կուսակցութիւնները անհրաժեշտ զգայնութիւնը պէտք է ցուցաբերեն եւ պատասխանատու մօտեցում դրսեւորեն», ըսած է ան:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ գնչուներն ու եզիտիները առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած պիտի ըլլան խորհրդարանին մէջ: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն գնչու թեկնածու Էօզճան Պուրչու եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն եզիտի թեկնածուներ Ֆելեքնաս Ուճա եւ Ալի Աթալան խորհրդարանին մէջ իրենց աթոռները ապահոված են:

Նշենք, որ ընտրութիւններէն ետք Պոլսոյ սակարանը երէկ 6 առ հարիւրի անկում մը կրեց, իսկ թրքական թղթոսկին արժեզրկուեցաւ: Իշխող կուսակցութեան արձանագրած արդիւնքին լոյսին տակ անկում կրեց նաեւ ջրաշիթ մեքենաներ արտադրող թրքական ընկերութեան մը բաժնետոմսերու գինը:

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Ընտրութիւնները Նոր Կարելիութիւններ Պիտի Ստեղծեն Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա Յարաբերութիւններուն Համար» Կ՛ըսէ Մոկերինի

Յաջորդը

Փութին Շաբթուան Վերջաւորութեան Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.