ԹԱՍՍ կը գրէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Վլատիմիր Մաքէյի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Ռուսիա յոյսով է, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 70-րդ նիստին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերին, Եւրասիական տնտեսական միութեան դէտի կարգավիճակ պիտի տրամադրուի:
«Յոյս ունինք, որ սեպտեմբերին` Ընդհանուր ժողովի 70-րդ նիստին ընթացքին, Եւրասիական տնտեսութեան միութիւնը պիտի ստանայ դէտի կարգավիճակ: Մենք մեր գործընկերներուն հետ կը համակարգենք այդպիսի նախագիծի յառաջխաղացման աշխատանքները ՄԱԿ-ի մէջ», նշած է Լաւրով:
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի դէտի կարգավիճակ ունին ԱՊՀ-ն, ԵԱՀԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնը, Արաբական լիկան: