Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կազփրոմ». «Թրքական Հոսք»-ի Կառուցումը Պիտի Սկսի Յունիսի Վերջը»

June 8, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-04-15_Turkish-stream«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Փարիզի մէջ 3 յունիսին Կազի համաշխարհային խորհրդաժողովին ընթացքին «Թրքական հոսք» նախագիծի մամլոյ քարտուղարը յայտարարած է, որ «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարին կառուցումը, որ պիտի արտօնէ Թուրքիոյ ապահովել ռուսական կազի մատակարարումը, պիտի սկսի յունիսի վերջը:

Երեք տարին անգամ մը տեղի ունեցող խորհրդաժողովին ընթացքին Ռուսիա ներկաներուն ներկայացուցած է նախագիծը եւ ատոր նոր պաշտօնական անուանումը: Անունը «Թրքական հոսք»-էն փոխուած է «ԹուրքՀոսք»-ի:

Նախագիծը կը նախատեսէ կառուցումը 63 միլիառ խորանարդ մեթր հզօրութեամբ կազի խողովակաշարի, որուն հիմնական մասը պիտի անցնի Սեւ ծովուն յատակէն: Կառուցման երթուղին հիմնականին մէջ կը համապատասխանէ նախկին «Հարաւային հոսք» նախագիծի ծիրին մէջ համաձայնեցուած տարբերակին, որ ջնջուած էր 2014-ի աւարտին:

Ներկայ պահուս ռուսական կազը Թուրքիոյ կը մատակարարուի «Երկնագոյն հոսք» եւ Անդրպալքանեան կազի խողովակաշարով:

Նոր նախագիծը կոչուած է Ռուսիոյ այլընտրանքային երթուղի ապահովելու արեւմուտք կազ մատակարարելու համար` շրջանցելով Ուքրանիոյ տարածքը: «Կազփրոմ»-ի նախատեսութիւններով` խողովակաշարին կառուցումը պէտք է աւարտի դեկտեմբեր 2016-ին:

«Սփութնիք» ձայնասփիւռի կայանի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Թաներ Եըլտըզ կը կարծէ, որ Արեւմուտքի տեսակէտը «Թրքական հոսք» նախագիծի հարցին մէջ տարօրինակ ու անտրամաբանական է:

«Ես Արեւմուտքի տեսակէտը տարօրինակ կը նկատեմ: Մէկ կողմէ, անիկա հանդէս կու գայ այդ նախագիծին իրագործման դէմ, միւս կողմէ կը յայտարարէ, որ կը փափաքի կազ ստանալ այդ ծիրին մէջ: Ատիկա անտրամաբանական դիրքորոշում է», ըսած է Եըլտըզ:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Տեսակցութիւն Ունեցաւ Քանատայի Ծերակոյտի Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի, Միացեալ Նահանգներ Թերեւս Եւրոպայի Մէջ Ռուսիոյ Դէմ Ուղղուած Հրթիռներ Տեղադրէ

RelatedPosts

Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ  Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք»  Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը
Միջազգային

«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք» Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.