«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ 9 յունիսին Տիգրանակերտ նահանգին մէջ իսլամամէտ քրտական Նոր գիտութեան, ծառայութեան, համագործակցութեան եւ հետազօտութեան միութեան ղեկավար Այթաչ Պարանի սպանութենէն ետք տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացած է 4-ի:
Պարան զինեալ յարձակումի ենթարկուելով սպաննուած էր, որմէ ետք ծագած բախումներուն ընթացքին յաւելեալ 3 անձեր սպաննուած են եւ վեց ուրիշներ վիրաւորուած: Ձերբակալուած են շուրջ 14 անձեր:
Պարանի փաստաբանը ամբաստանեց ՔԱԿ-ը` աւելցնելով, որ ոստիկանութիւնը 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն 4 կամ 5 օր առաջ Պարանը զգուշացուցած էր, որ կրնայ ՔԱԿ-ի կամ առնչակից Ազգայնական յեղափոխական երիտասարդական շարժումին կողմէ յարձակումի ենթարկուիլ: Սակայն Ազգայնական յեղափոխական երիտասարդական շարժումը հերքեց առնչակից ըլլալ անոր սպանութեան, զոր նկատեց «գրգռութիւն» մը:
Մինչ այդ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներ Սելահեթթին Տեմիրթաշ եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ յայտարարութիւն մը հրապարակելով ցաւակցութիւն յայտնեցին եւ դատապարտեցին յարձակումը` նշելով, որ իրենք կը սպասեն, որ պատասխանատուները բացայայտուին այնպիսի ձեւով մը, որ կասկածներ չի յառաջացներ:


