Միջազգային

Թիֆլիսի Մէջ Ջրհեղեղ Մը  Կը Պատճառէ 12 Զոհ

Թիֆլիսի Մէջ Ջրհեղեղ Մը Կը Պատճառէ 12 Զոհ

Թիֆլիսի մէջ ջրհեղեղի պատճառով զոհուածներուն թիւը հասած է 12-ի: Շաբաթ, 13 յունիսի երեկոյեան տեղացած առատ անձրեւին պատճառով գետը հունէն դուրս եկած է եւ ողողած է Թիֆլիսի կեդրոնական կարգ մը փողոցներն ու տուները: «Կրուզիա օնլայն»-ը, վկայակոչելով երկրի Ճգնաժամային կառավարման կեդրոնը, նշեց, թէ  աղէտէն տուժածներուն, անհետացածներուն եւ մահացածներուն վերջնական թիւը տակաւին յստակ չէ: Աղէտէն տուժած է նաեւ Թիֆլիսի կենդանաբանական պարտէզը: Ճգնաժամային կառավարման...

Կաթողիկէ Եկեղեցին Կրնայ Վերատեսութեան  Ենթարկել Ս. Զատիկի Օրուան Հաշուարկի Ձեւը

Կաթողիկէ Եկեղեցին Կրնայ Վերատեսութեան Ենթարկել Ս. Զատիկի Օրուան Հաշուարկի Ձեւը

Ֆրանչիսկոս պապը ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը յայտարարած է, որ կաթողիկէ եկեղեցին կրնայ վերատեսութեան ենթարկել Ս. Զատիկը նշելու թուականի ձեւը, որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները Յիսուսի յարութեան տօնը նշեն միեւնոյն օրը: Ըստ անոր, կաթողիկէ եկեղեցին պատրաստ է քննարկելու Ս. Յարութեան տօնը նշելու միասնական թուականը, որպէսզի այդ տօնը նշուի նոյն օրը «ե՛ւ Հռոմի մէջ, ե՛ւ Պոլսոյ մէջ, ե՛ւ Մոսկուայի մէջ»: Իտալական «Քորիերէ...

Ազրպէյճանցի Երեսփոխան Մը  Կը Յայտարարէ.  «Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Առանց  Պատասխանի Պիտի Չձգէ Պունտեսթակի  Ոչ Բարեկամական Բանաձեւը»

Ազրպէյճանցի Երեսփոխան Մը Կը Յայտարարէ. «Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Առանց Պատասխանի Պիտի Չձգէ Պունտեսթակի Ոչ Բարեկամական Բանաձեւը»

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու միջխորհրդարանական կապերու հարցերով յանձնախումբի անդամ Ռասիմ Մուսապեկով, Եւրոպական խաղերուն կապակցութեամբ Պաքու գտնուող ռուս երեսփոխաններու պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկրին խորհրդարանը անպատասխան պիտի չձգէ ուրբաթ օր Գերմանիոյ խորհրդարանի` Պունտեսթակի որդեգրած «Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան պահանջ» անունով բանաձեւը: «Մենք դէմ չենք մարդու իրաւունքներու հարցերով երկկխօսութեան եւ պատրաստ ենք այդ...

Միջազգային Դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ը  Ոչնչացնելու Համար  Տասը Տարուան Ժամանակի Կարիքը Ունի

Միջազգային Դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ը Ոչնչացնելու Համար Տասը Տարուան Ժամանակի Կարիքը Ունի

Ռէյմոնտ Օտիեռնօ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային ուժերու ղեկավար Ռէյմոնտ Օտիեռնօ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելու համար պէտք պիտի ունենայ տասը տարուան ժամանակի: «Այս խնդիրներուն լուծման համար թերեւս պահանջուի երեք, հինգ, եօթը, տասը տարի: Կարելի չէ զայն ոչնչացնել մէկ գիշերուան ընթացքին», ընդգծած է զօրավարը: Ըստ անոր, ահաբեկիչներու ոչնչացման մէջ...

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի  Յառաջիկայ 5 Տարուան Ընթացքին Կոլանի Մէջ  100 Հազար Հրեաներ Պիտի Բնակեցուին

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի Յառաջիկայ 5 Տարուան Ընթացքին Կոլանի Մէջ 100 Հազար Հրեաներ Պիտի Բնակեցուին

Նեֆթալի Պենեթ Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի կրթութեան նախարար Նեֆթալի Պենեթ կոչ ուղղած է Կոլանի բարձունքներուն վրայ իսրայէլեան բնակեցման վայրերը ամրապնդելու: Ան իր արտասանած մէկ խօսքին մէջ նշած է. «Նպատակը 5 տարուան ընթացքին Կոլանի մէջ 100 հազար հրեաներ բնակեցնելն է, եւ ազատ աշխարհի ղեկավարները պէտք է ճանչնան Կոլանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը»: Նեֆթալի աւելցուցած է. «Ես աշխարհի երկիրներուն կոչ...

«Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Պիտի Ջնջուին` Անոնց Սահմանման  Պատճառներուն Վերացման Պարագային»  Կ՛ըսէ Մերքել

«Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Պիտի Ջնջուին` Անոնց Սահմանման Պատճառներուն Վերացման Պարագային» Կ՛ըսէ Մերքել

Անկելա Մերքել Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել «Զի.Տի.Էֆ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները պիտի ջնջուին անոնց սահմանման պատճառներուն վերացման պարագային: «Պատժամիջոցները պիտի ջնջուին, երբ չըլլան այն նախապայմանները, որոնց համաձայն անոնք սահմանուած են, եւ խնդիրները լուծուած պիտի ըլլան», ըսած է ան: Անկելա Մերքել անգամ մը եւս պատժամիջոցներուն թուլացման հաւանականութիւնը կապած է Ուքրանիոյ արեւելքին...

Սպանիոյ Սահմանադրական Դատարանը  Հակասահմանադրական Ճանչցած Է Քաթալոնիոյ  Անկախութեան Մասին Հանրաքուէն

Սպանիոյ Սահմանադրական Դատարանը Հակասահմանադրական Ճանչցած Է Քաթալոնիոյ Անկախութեան Մասին Հանրաքուէն

Արթուրօ Մաս Սպանիոյ Սահմանադրական դատարանը անօրինական ճանչցած է Քաթալոնիոյ անկախութեան հռչակման մասին խորհրդանշական հանրաքուէն, որ տեղւոյն իշխանութիւնները կատարած էին 9 նոյեմբեր 2014-ին: Դատարանի որոշումին համաձայն, Սպանիոյ շրջանային իշխանութիւնները իրաւունք չունին կատարելու հանրաքուէ մը, որուն արդիւնքները պիտի ազդեն երկրին բոլոր բնակիչներուն վրայ: Դատարանը նշեց, որ այդ հարցախոյզը կատարելը միայն Սպանիոյ պետութեան իրաւունքն է: «Ատիկա Քաթալոնիոյ իշխանութիւններուն քմահաճոյքը չէ եղած, այլ` ժողովրդավարական...

Բրիտանիան Իր Տարածքին Մէջ Կրնայ  Դարձեալ Տեղակայել  Միացեալ Նահանգներու Հիւլէական Հրթիռներ

Բրիտանիան Իր Տարածքին Մէջ Կրնայ Դարձեալ Տեղակայել Միացեալ Նահանգներու Հիւլէական Հրթիռներ

Ֆիլիֆ Հեմընտ Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Հեմընտ յայտարարած է, որ Բրիտանիա կրնայ իր տարածքին մէջ դարձեալ հիւլէական մարտագլուխներով հրթիռներ տեղակայել` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացման լոյսին տակ: «Մենք այդ հարցը պիտի քննարկէինք, եթէ անիկա ըլլար օրակարգի վրայ: Որոշումը մենք պիտի տայինք Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցաբար: Մեզի անհրաժեշտ է Ռուսիոյ յստակ ազդանշան տալ, որ...

«Թուրքիան Պիտի Չմասնակցի  «Թրքական Հոսք»-ի Շինարարութեան»  Կը Յայտարարէ Եըլտըզ

«Թուրքիան Պիտի Չմասնակցի «Թրքական Հոսք»-ի Շինարարութեան» Կը Յայտարարէ Եըլտըզ

Թաներ Եըլտըզ «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Թաներ Եըլտըզ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան պիտի չմասնակցի «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարի շինարարութեան: Ըստ անոր, կ՛ենթադրուի, որ շինարարութեան աւարտէն ետք, որ ստանձնած է ռուսական կողմը, Թուրքիան պիտի դառնայ ռուս-թրքական միացեալ ընկերութեան համահիմնադիր: Ընկերութիւնը պիտի ստեղծուի Էտիրնէ նահանգին մէջ,...

Ռուսական Կործանիչը Սեւ Ծովուն Վերեւ  Թռչած Է Ամերիկեան Օդանաւէն  3 Մեթր Հեռաւորութեան Վրայ

Ռուսական Կործանիչը Սեւ Ծովուն Վերեւ Թռչած Է Ամերիկեան Օդանաւէն 3 Մեթր Հեռաւորութեան Վրայ

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնեաներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, որ ռուսական կործանիչ մը քիչ մնաց բախէր Միացեալ Նահանգներու օդուժի հետախուզական օդանաւին` Սեւ ծովու միջազգային օդային գօտիին մէջ: Ըստ պատկերասփիւռի տեղեկութիւններուն, դէպքը տեղի ունեցած է 30 մայիսին: Ռուսական կործանիչը նոյն բարձրութեան վրայ թռչած է ամերիկեան օդանաւին հետ երեք մեթր հեռաւորութեան վրայ, որմէ ետք որոշ ժամանակ մը ուղեկցած է ամերիկեան օդանաւին, ապա հեռացած...

Կիւլ Հեռաձայնած Է  Էրտողանին Ու Տաւութօղլուին

Կիւլ Հեռաձայնած Է Էրտողանին Ու Տաւութօղլուին

Թրքական «Փոսթա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք երկրի նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ հեռաձայնած է ներկայ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին Կիւլ իր նախկին երկու կուսակիցներուն կոչ ուղղած է ջանալ կազմելու այնպիսի համախոհական կառավարութիւն մը, որուն մէջ պիտի ըլլայ նաեւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը: Կիւլ նշած է, որ ընտրութիւններուն մասնակցած...

Թուրքիոյ Մէջ.  Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը  Համախոհական Կառավարութիւն Կազմելու Համար  Կը Պահանջէ Վարչապետի  Եւ Խորհրդարանի Նախագահի Պաշտօնները

Թուրքիոյ Մէջ. Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Համախոհական Կառավարութիւն Կազմելու Համար Կը Պահանջէ Վարչապետի Եւ Խորհրդարանի Նախագահի Պաշտօնները

Քեմալ Քըլըճտարօղլու Թրքական «ՀապերԹիւրք» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն կազմելու համար նախապայման ներկայացուցած է: Կուսակցութիւնը պնդած է, որ իր ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուն երկու տարիով ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը: Ընդդիմադիր կուսակցութեան երկրորդ նախապայմանը այն է, որ երկրի խորհրդարանի ղեկավարը եւս պէտք է կուսակցութեան ներկայացուցիչ ըլլայ: Քըլըճտարօղլու նաեւ կը պահանջէ, որ իր...

Սէուտական Օդուժին  Հրամանատարը Սպաննուա՞ծ Է

Սէուտական Օդուժին Հրամանատարը Սպաննուա՞ծ Է

Նիւ Եորքի մէջ եմէնեան աղբիւր մը, հերքելով սէուտական օդուժի ընդհանուր հրամանատարի յանկարծամահ ըլլալու սէուտական պաշտօնական յայտարարութիւնը, իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սէուտական օդուժի ընդհանուր հրամանատար զօր. Մոհամետ պըն Ահմետ Շահլան սպաննուած է, երբ եմէնեան կողմէն արձակուած «Սքոտ» տիպի հրթիռ մը հարուածած է սէուտական օդուժի Խամիս Մաշիթ զօրակայանը: Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ սէուտական օդուժին...

Ուահապ. «Տիւրզիները Գոյութենական  Վտանգ Կը Դիմագրաւեն».  Իսրայէլի Նախագահը Մտահոգութիւն  Կը Յայտնէ Ժապալ Տրուզի  Տիւրզիներու Ճակատագիրին Նկատմամբ

Ուահապ. «Տիւրզիները Գոյութենական Վտանգ Կը Դիմագրաւեն». Իսրայէլի Նախագահը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ժապալ Տրուզի Տիւրզիներու Ճակատագիրին Նկատմամբ

Ռուվին Ռիվլին Իսրայէլի նախագահ Ռուվին Ռիվլին հարաւային Սուրիոյ Ժապալ Արապ շրջանին մէջ գտնուող տիւրզիներուն նկատմամբ իր մտահոգութիւնը փոխանցեց Միացեալ Նահանգներուն` նշելով, որ «Սուրիոյ տիւրզիները վտանգուած են»: «Այն ինչ որ այժմ տեղի կ՛ունենայ ահաբեկում եւ Իսրայէլի սահմանին շատ մօտ գտնուող Ժապալ Տրուզի մէջ կէս միլիոն տիւրզիներու գոյութեան սպառնալիք է», ըսաւ Իսրայէլի նախագահը: Մինչ այդ, ականատեսներ գերմանական լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ...

Էրտողան Կոչ Կ՛ուղղէ Որքան Կարելի Է  Արագ Ձեւաւորելու  Համախոհական Կառավարութիւն Մը

Էրտողան Կոչ Կ՛ուղղէ Որքան Կարելի Է Արագ Ձեւաւորելու Համախոհական Կառավարութիւն Մը

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ բարձրագոյն ուսման հաստատութեանց շրջանաւարտներու հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին կոչ ուղղեց կարելի եղածին չափ արագ ձեւաւորելու համախոհական կառավարութիւն մը: «Համախոհական կառավարութիւնը պէտք է ձեւաւորուի որքան կարելի է արագ: Ոչ ոք կրնայ իր վրայ վերցնել երկիրը առանց կառավարութեան ձգելու պատասխանատուութիւնը: Պէտք է մէկ կողմ ձգել անձնական յաւակնութիւնները: Պէտք է ըսել ոչ...

«Եկեղեցիներու Եւ Պաշտամունքի  Վայրերու Դէմ  Յարձակում Գործողները  Չեն Ներկայացներ Իսլամները»  Կ՛ըսէ Ազհարի Շէյխը

«Եկեղեցիներու Եւ Պաշտամունքի Վայրերու Դէմ Յարձակում Գործողները Չեն Ներկայացներ Իսլամները» Կ՛ըսէ Ազհարի Շէյխը

Շէյխ Ահմետ Թայէպ Ազհարի շէյխ Ահմետ Թայէպ Լոնտոնի մէջ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Եկեղեցիներու եւ պաշտամունքի վայրերու դէմ յարձակում գործողները ահաբեկիչներ են: Անոնք Եգիպտոսի իսլամները չեն ներկայացներ»: Ան շեշտեց. «Ազհարը միշտ ալ աշխարհի վրայ խաղաղութեան ու ընկերային անդորրութեան հասնելու համար երկխօսութիւնը կը դարձնէ իր հիմնական նպատակը»` աւելցնելով. «Քորանը մարդիկ իրարու հաւասար կը նկատէ եւ ներողամտութեան...

«Սուրիան Էր Եւ Պիտի Շարունակէ Մնալ  Բոլոր Սուրիացիներուն Հայրենիքը»  Կ՛ըսէ Ասատ

«Սուրիան Էր Եւ Պիտի Շարունակէ Մնալ Բոլոր Սուրիացիներուն Հայրենիքը» Կ՛ըսէ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ուղղափառ ասորիներու կրօնական ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ամէնէն կարեւոր հարցը հաւատադրժողական գաղափարախօսութեան դէմ դնելն է` աւելցնելով, որ Սուրիան էր եւ պիտի մնայ հայրենիքը բոլոր սուրիացիներուն` ինչ պատկանելիութիւն ալ ունենան անոնք, ինչպէս նաեւ ապաստան մը բոլոր անոնց համար, որ մարդկային արժէքներուն կը հաւատան: Ան շեշտեց, որ ամբողջ շրջանը կ՛ենթարկուի ահաբեկչական յարձակումի մը,...

Եօթներու Խմբակի Անդամները Կրնան  Յաւելեալ Պատժամիջոցներ  Հաստատել Ռուսիոյ Դէմ

Եօթներու Խմբակի Անդամները Կրնան Յաւելեալ Պատժամիջոցներ Հաստատել Ռուսիոյ Դէմ

Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Ճէյք Լիու յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եօթներու խմբակի իր դաշնակիցները պատրաստ են անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ սահմանելու: Ուքրանիոյ վարչապետ Արսենի Եացենեուքի հետ հանդիպումի մը ընթացքին Լիու ըսած է. «Միացեալ Նահանգներն ու Եօթներու խմբակի մեր դաշնակիցները պատրաստ են անհրաժեշտութեան պարագային յաւելեալ պատժամիջոցներ սահմանելու Ռուսիոյ դէմ, որպէսզի պատասխանեն Ուքրանիոյ արեւմուտքին...

Տոնեցք Եւ Լուկանսք Ցանկութիւն Յայտնած Են  Մուտք Գործելու Ռուսիոյ Կազմին Մէջ

Տոնեցք Եւ Լուկանսք Ցանկութիւն Յայտնած Են Մուտք Գործելու Ռուսիոյ Կազմին Մէջ

Ria.ru կը հաղորդէ, որ «Տոնեցքի լուրերու գործակալութիւն»-ը Կապի խմբակին մէջ Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան եւ Մինսքի բանակցութիւններուն մէջ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութեան ներկայացուցիչ Վլատիսլաւ Տէյնեկօ յայտարարած է, որ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւնները Խրիմը Ռուսիոյ մաս կը նկատեն: «Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւնները Խրիմը կը նկատեն Ռուսիոյ մաս: Աւելի՛ն, մեր պետութիւնները նոյնպէս լաւագոյն տարբերակով կը ցանկան մուտք գործել Ռուսիոյ դաշնութեան կազմին մէջ»,...

Լիւքսորի Մէջ Անձնասպանական  Գործողութիւն

Լիւքսորի Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երէկ Եգիպտոսի հնադարեան Լիւքսոր քաղաքի Քառնաք տաճարին կառատան մէջ անձ մը ինքզինք պայթեցուցած է: Անձնասպանական գործողութեան պատճառով վիրաւորուած են չորս եգիպտացիներ, որոնց շարքին են երկու խանութպաններ եւ երկու ոստիկաններ: Զբօսաշրջիկներ չեն վնասուած: Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ձախողութեան մատնած է ահաբեկչական գործողութիւն մը, որուն ընթացքին յարձակում գործողներէն երկուքը սպաննուած են, իսկ...

Page 856 of 881 1 … 855 856 857 … 881

Արխիւներ