Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա Վեթոյի Կ՛ենթարկէ Սրեպրենիցայի Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Հաշտութեան Նախապայման Նկատող Բանաձեւը

Յուլիս 10, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-09-15_Srebrenica

Ռուսիա վեթոյի ենթարկեց Բրիտանիոյ կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած բանաձեւը, որ Սրեպրենիցայի մէջ պատահած ջարդը «ցեղասպանութիւն» կ՛որակէ: Խորհուրդի չորս անդամներ ձեռնպահ մնացին, իսկ մնացեալը թեր քուէարկեցին բանաձեւին:

Միջազգային քրէական դատարանը 1995-ին Պոսնիոյ Սրեպրենիցա քաղաքին մէջ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած «անվտանգութեան գօտի»-ին մէջ պոսնիացի սերպ զինեալներու կողմէ 8000 իսլամ այր մարդոց ու տղոց սպանութիւնը ցեղասպանութիւն կը նկատէ:

Բրիտանիոյ կողմէ ներկայացուած բանաձեւը կը նշէ. «Սրեպրենիցայի ողբերգական իրադարձութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն ընդունիլը հաշտութեան նախապայման է»:

Քուէարկութիւնը մէկ օրով յետաձգուած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ` Ռուսիան բանաձեւը վեթոյի ենթարկելէ տարհամոզելու առիթ ընծայելու համար:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վիթալի Չուրքին յայտնեց, որ բանաձեւին որդեգրումը «ոչ կառուցողական պիտի ըլլայ եւ շրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութեան պիտի առաջնորդէ»: Սերպիոյ նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ քուէարկութեան արդիւնքը իր երկրին համար «հոյակապ օր մը» կոչեց: Սերպիա Ապահովական խորհուրդին անդամ չէ եւ Ռուսիայէն խնդրած էր արգելակել որդեգրումը բանաձեւին` զգուշացնելով, որ ատիկա պառակտում պիտի ստեղծէ: Սերպիա կը մերժէ ճանչնալ ցեղասպանութիւնը:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սամանթա Փաուըր ըսաւ. «Ռուսիոյ կիրարկած վեթոն զոհերուն ընտանիքները կը սրտաբեկէ եւ այս խորհուրդին վարկին վրայ յաւելեալ արատ մըն է»:

Լա Հէյի Միջազգային քրէական դատարանը արդէն իսկ Սրեպրենիցայի մէջ ցեղասպանութեան մեղսակից շարք մը անձերու դէմ վճիռներ արձակած է, սակայն ՄԱԿ-ի կողմէ պաշտօնական ճանաչում մը պետութիւնները պիտի մղէր դատական հետապնդումներ կատարելու:

 

 

Նախորդը

Եւրոյի Գօտիի Երկիրները 11 Յուլիսին Պիտի Գնահատեն Յունաստանին Նոր Վարկ Տրամադրելու Պայմանները

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Յարձակում` Թայլանտի Հիւպատոսարանին Դէմ

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?