Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քըլըճտարօղլու Կասկած Կը Յայտնէ Համախոհական Կառավարութեան Ստեղծման Ջանքերուն Յաջողութեան Նկատմամբ

July 11, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քեմալ Քըլըճտարօղլու
Քեմալ Քըլըճտարօղլու

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, որ կը կասկածի համախոհական կառավարութիւն ստեղծելու բանակցութիւններուն յաջող արդիւնքին:

Ան նշած է, որ բանակցութիւններու առաջին հանգրուանը արդիւնքի չէ յանգած, սակայն հաւանական է, որ լաւ արդիւնքներ արձանագրուին երկրորդ հանգրուանին ընթացքին:

Մէկ օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին պաշտօնապէս յանձնարարած էր ձեւաւորել նոր կառավարութիւն:

Կառավարութեան ստեղծման մասին բանակցութիւնները պաշտօնապէս պիտի սկսին յաջորդ շաբաթ:

Նախապէս Քըլըճտարօղլու կառավարութեան մաս կազմելու համար իր պայմանները ներկայացուցած էր` պահանջելով վարչապետի, արդարադատութեան, ներքին գործոց եւ կրթութեան նախարարներու պաշտօնները:

Թուրքիոյ նշանակեալ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ յայտարարեց, որ ներկուսակցական խորհրդակցութիւնները ցոյց տուած են, որ կարելի է Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կամ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն կազմել: Ան նշեց, որ երկուշաբթի օր հանդիպում պիտի ունենայ Քըլըճտարօղլուի հետ, իսկ երեքշաբթի` Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի հետ:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Կրօնական Պատուիրակութիւն Մը Պելճիքայէն

Յաջորդը

Մահացած Է Աշխարհահռչակ Դերասան Օմար Շարիֆը

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.