Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Կեդրոնական Դրամատունը Կորսնցուցած Է Իր Պահեստի 60 Առ Հարիւրը

July 10, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-09-15_Azerbaijan-central-bank«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ վերջին 10 ամիսներուն ընթացքին Ազրպէյճանի Կեդրոնական դրամատան միջազգային դրամանիշներու պահեստները  շուրջ 60 առ հարիւրով կրճատուած են:

Կը նշուի, որ այդտեղ որոշիչ դեր խաղացած է 21 փետրուար 2015-ին Ազրպէյճանի ազգային դրամանիշի` մանաթի 35 առ հարիւրով արժեզրկումը: Ատկէ մէկ ամիս առաջ` 15 յունուարէն մինչեւ 15 փետրուար նկատուած է օտար դրամանիշներու պահեստի 1,7 միլիառ տոլարով կրճատում, իսկ ատկէ ետք մայիսի կէսերուն համեմատ օտար դրամանիշի պահեստի ծաւալը կրճատուած է 29 առ հարիւրով կամ 2,8 միլիառ տոլարով, ինչ որ կապուած եղած է մանաթի սրընթաց արժեզրկումը կանխարգիլելու գործողութիւններուն հետ:

Moderator.az կայքի հետ զրոյցի մը ընթացքին ազրպէյճանական դրամատուներու կորուստներու հետաքրքրական բացատրութիւն կատարած է Ազրպէյճանի Կեդրոնական դրամատան օրէնսդրական բաժանմունքի նախկին ղեկավար Աքրամ Հասանով:

«Վերջին շրջանին ազրպէյճանական դրամատուները յայտարարեցին, թէ կ՛աշխատին ջնջել` չեղեալ յայտարարել քաղաքացիներուն իրենց ունեցած պարտքերը, սակայն հակառակը տեղի ունեցաւ: Որոշ դրամատուներ յայտարարեցին քաղաքացիներուն մանաթով եւ տոլարով տրուող վարկերու տոկոսները համապատասխանաբար 35-40 առ հարիւրով բարձրացնելու մասին: Դրամատուները մեծցուցած են նաեւ փոխատուութիւններու գծով տոկոսներու համեմատութիւնը, որպէսզի փոխատուութիւն կատարող տուները ետ չվերցնեն իրենց փոխատուութիւնները: Այդ պատճառով ալ ազրպէյճանական դրամատուները մեծցուցած են վարկերու տոկոսներուն համեմատութիւնը: Աճած են նաեւ մեր դրամատուներուն խնդրայարոյց վարկերը: Այդ երեք պատճառներով ազրպէյճանական դրամատուներուն կորուստները կը շատնան: Նոր կորուստները մեր դրամատուները կը փափաքին կապել նոր վարկերու գծով տոկոսներու համեմատութեան հետ: Միւս կողմէ, նոր պարտատէրերուն ալ չեն վստահիր, այս պատճառով ալ տոկոսներու համեմատութիւնները կը մեծցնեն: Ի վերջոյ Ազրպէյճանի դրամատուները յայտնուած են վատ վիճակի մէջ, որուն պատճառով կորսնցուցած են դրամատնային համակարգին եւ մանաթի ապագային նկատմամբ հաւատքը, եւ կ՛աշխատին այդ ճամբով նուազեցնել իրենց ռիսքերը», ըսած է Հասանով:

 

 

Նախորդը

«Բողոքի Շարժումը Անհրաժեշտ Է Դիտել Իբրեւ Սահմանադրութեամբ Նուիրականացած Ժողովրդավարական Արտայայտութեան Միջոց», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

Ազրպէյճանի «Յառաջատար Գիտնականին» Յայտնագործութիւնը, Աշխարհի Վրայ Բնական Աղէտներու Պատճառը Ճինզ Հագնող Կիներն Են

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.