Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Մէջ Յարձակում` Թայլանտի Հիւպատոսարանին Դէմ

July 10, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-09-15_Thailand-consulate

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ շուրջ 200 ցուցարարներ քարերով եւ փայտերով յարձակում գործած են Թայլանտի հիւպատոսարանի շէնքին վրայ եւ ջարդած պատուհաններն ու դռները:

Ամբոխը այդ քայլին դիմած է բողոքելով, որ հիւպատոսութիւնը կը պատրաստուի Չինաստանին յանձնել այնտեղ ապաստանած ույղուր թուրքերը:

Ամբոխը վար առած է նաեւ շէնքի մուտքին բարձրացուած Թայլանտի դրօշը: Ցուցարարները բարձրացուցած են «Կեցցէ՛ անկախ Արեւելեան Թուրքիստանը», «Թուրքիա, տէր կանգնէ՛ եղբօրդ» գրութիւններով պաստառներ: Շէնք ներխուժած խումբ մը մարդիկ ջարդած եւ փշրած են սենեակներուն իրերը:

Ծայրայեղ ազգայնական տրամադրութիւններով ամբոխը իր կատարած աւերէն ետք նամազ կատարած է: Միջադէպի վայր հասած ոստիկանութեան աշխատակիցները ձերբակալած են անոնցմէ 9-ը, իսկ մնացեալները հեռացած են հիւպատոսութեան շէնքին մօտէն:

«Արմէնփրես» կը գրէ, որ Անգարա արհեստականօրէն կը գրգռէ թուրքերը` սուտ լուրեր տարածելով, թէ իբրեւ թէ Չինաստանի իշխանութիւնները Ույղուրական ինքնավար մարզին մէջ բնակող իսլամներուն չեն արտօներ ռամատան ամսուան կապուած նամազ կատարել մզկիթներուն մէջ եւ ծոմ պահել: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ առնչութեամբ յայտարարած է, որ երկրին մէջ կը պաշտպանուին բոլոր փոքրամասնութիւններուն սահմանադրութեամբ նախատեսուած կրօնական իրաւունքները:

«Արմէնփրես» կը նշէ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ թուրքերը Չինաստանի մէջ բնակող ույղուրները իրենց ցեղակիցները կը նկատեն, ույղուրները իրենք զիրենք կը նկատեն իսլամացած չիներ:

Նախորդը

Ռուսիա Վեթոյի Կ՛ենթարկէ Սրեպրենիցայի Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Հաշտութեան Նախապայման Նկատող Բանաձեւը

Յաջորդը

Տաւութօղլու Չէ Բացառած Խորհրդարանական Նոր Ընտրութիւններու Կայացումը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.