Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Դէմ Է Իրաքի Մէջ ՔԱԿ-ի Դէմ Թուրքիոյ Հարուածներուն» Ըսաւ Մետվետեւ

Օգոստոս 7, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տմիթրի Մետվետեւ
Տմիթրի Մետվետեւ

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դիրքերուն դէմ թրքական օդուժի յարձակումները «օրինականութեան տեսակէտէն խիստ կասկածելի են»:

Անդրադառնալով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած դաշինքին ծրագրած աշխատանքներուն` Մետվետեւ կապեր նկատած է Ուաշինկթընի եւ Իրաքի տարածքին մէջ ՔԱԿ-ի դիրքերու դէմ Թուրքիոյ յարձակումներուն միջեւ: «Այդ դաշինքը ստեղծուած է` անտեսելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը եւ իր գործունէութիւնը Սուրիոյ տարածքին մէջ կ՛իրագործէ` առանց Դամասկոսի վարչախումբի արտօնութեան: Այդ տեսակի գործունէութիւնները օրինականութեան տեսակէտէն լուրջ կասկածներ կ՛արթնցնեն: Այս ընթացքին թրքական պատերազմական օդանաւերը եւս յարձակումներ գործեցին Իրաքի տարածքին մէջ: Անոնք եւս նոյնպէս (օրինականութեան տեսակէտէն) կասկածներ կը յարուցեն», ըսած է Մետվետեւ:

Նշելով, որ այս օրերուն Իրաքն ու Սուրիան ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապուած դժուար օրեր կ՛ապրին, Մետվետեւ ըսած է. «ՏԱՀԵՇ սպառնալիք է ոչ միայն Միջին Արեւելքի երկիրներուն համար: Ահաբեկչութեան դէմ պայքարին համար անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի հովանիին տակ միաւորել մեծ թիւով երկիրներու ուժերը: Ռուսիոյ նախագահը եւս առաջարկած էր ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային ճակատ ստեղծել»:

Նշենք, որ Արաբական լիկան երեքշաբթի օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` դատապարտած էր հիւսիսային Իրաքի մէջ Թուրքիոյ յարձակումները եւ Անգարային կոչ ուղղած յարգելու Իրաքի գերիշխանութիւնը:

Մինչ այդ, թրքական իշխանութիւնները Ուրֆայի նահանգի Սուրիոյ սահմանակից Աքչաքալէ գաւառի երեք շրջաններ զինուորական ժամանակաւոր շրջաններ յայտարարեցին` նշելով, որ այս տնօրինումը ի զօրու է 6 օգոստոսի առաւօտէն մինչեւ 21 օգոստոս:

Միւս կողմէ, թրքական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ՔԱԿ-ի դէմ Թուրքիոյ յարձակումներուն ծաւալէն անակնկալի մատնուելէն ետք, Ուաշինկթըն Անգարայէն կը պահանջէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմ շղթայազերծելու իր խոստումի կատարման առնչութեամբ աճապարել:

Նախորդը

Ջրանցքին Բացումէն 146 Տարի Ետք. Եգիպտոսի Նախագահը Բացումը Կատարեց Սուէզի Նոր Ջրանցքին

Յաջորդը

Հարաւային Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?