Մարդկային իրաւանց ասորական դիտարանը յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ Հոմսի նահանգին մէջ, սուրիական անապատին սահմանակից Քարիաթէյն գիւղին մէջ շուրջ 100 ասորի ընտանիքներ գերեվարած է:
Դիտարանը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ ՏԱՀԵՇ չորեքշաբթի օր կառավարական ուժերուն եւ անոնց կողմնակից միլիսներու հետ բուռն բախումներէ ետք գրաւած է գիւղը:
Դիտարանը կ՛աւելցնէ, որ Սատատ գիւղին մօտ գտնուող Հիուարէյն գիւղի` ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւումէն ետք, Հոմսի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ գտնուող ասորական գիւղերու բնակիչներու լայնածաւալ արտահոսք գոյութիւն ունի: