«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու իրաւապահ մարմինները յայտնաբերած են «Սթրատիվարիուս»-ի ջութակը, որ 35 տարի առաջ գողցուած էր յայտնի երաժիշտ Ռոման Թոթենպերկէն:
Վերջինիս ջութակը գողցուած էր 1980-ին, անոր նուագահանդէսէն ետք:
Ջութակահարին դուստրը` Նինա Թոթենպերկ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնած է, որ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը գողցուած ջութակին յայտնաբերման համար իրեն յայտնած է յունիսին, եւ շուտով գործիքը պիտի վերադարձնեն իրենց ընտանիքին:
«Էֆ.Պի.Այ.»-ի գործակալը ինծի ըսաւ, որ միակ բանը, որուն համար կ՛ափսոսայ, այն է, որ չհասան ջութակը վերադարձնել ժամանակին, որպէսզի Թոթենպերկը վերստին տեսնէ զայն եւ նուագէ ատոր վրայ», Նինա Թոթենպերկի խօսքը մէջբերած է «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը:
Ջութակի յափշտակման գործով դատ պիտի չբացուի, որովհետեւ գլխաւոր կասկածեալը արդէն մահացած է:
Ծագումով լեհ ջութակահար Ռոման Թոթենպերկ մահացած է 2012-ին: Ան 101 տարեկան էր: Ան «Սթրատիվարիուս» մակնիշի իր ջութակը, որ ստեղծուած է աւելի քան 280 տարի առաջ, ձեռք ձգած է 1943-ին եւ ելոյթներու ժամանակ կը նուագէր միայն անոր վրայ: