Միջազգային

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան  Նախարարներու Հանդիպում Պոլսոյ Մէջ

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարներու Հանդիպում Պոլսոյ Մէջ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներ Իսմեթ Եըլմազ եւ Զաքիր Հասանով հանդիպում ունեցած են Պոլսոյ մէջ: Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական համագործակցութեան զարգացման, այդ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող հեռանկարներու, միացեալ ռազմափորձերու կատարման վերաբերեալ հարցեր:

«Թուրքիոյ Ներկայ Իշխանութիւններուն Հետ  Համաձայնութիւն Գոյացնելը Գրեթէ Անկարելի Է»  Ըսաւ Փութին

«Թուրքիոյ Ներկայ Իշխանութիւններուն Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելը Գրեթէ Անկարելի Է» Ըսաւ Փութին

Փութին կը պատասխանէ լրագրողներու հարցումներուն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի Միջազգային առեւտուրի կեդրոնին մէջ 1390 ռուս եւ օտար լրագրողներու հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն հետ գործնականին մէջ անկարելի է համաձայնութիւն գոյացնել: «Թուրքիոյ գործող ղեկավարութեան հետ, ինչպէս ցոյց կու տայ փորձառութիւնը, դժուար է համաձայնութիւն գոյացնել կամ գործնականին մէջ անկարելի է: Նոյնիսկ այնտեղ եւ երբ մենք...

«Կը Յուսանք, Որ Թուրք-Եգիպտական  Յարաբերութիւնները Վերադառնան  Իրենց Նախկին Վիճակին»  Կ՛ըսէ Շուքրի

«Կը Յուսանք, Որ Թուրք-Եգիպտական Յարաբերութիւնները Վերադառնան Իրենց Նախկին Վիճակին» Կ՛ըսէ Շուքրի

Սամեհ Շուքրի Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յոյս յայտնեց, որ «թուրք-եգիպտական յարաբերութիւնները վերադառնան իրենց նախկին վիճակին, ուր հիմնուած էին փոխադարձ յարգանքի, ներքին հարցերուն չմիջամտելու, պետութեան գերիշխանութեան ու ուղղուածութեան որոշման մէջ ժողովրդային կամքին վրայ»: «Եգիպտոս չ՛ընդունիր իր շահերուն եւ ժողովուրդի կամքին տիրակալութեան որեւէ տեսակի փորձ», ըսաւ ան: «Թուրքիա միշտ կը ջանայ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ, ուստի նախ եւ առաջ պէտք է...

Թուրքիա Կ՛ուզէ Քաթարի Մէջ  Ռազմակայան Հիմնել

Թուրքիա Կ՛ուզէ Քաթարի Մէջ Ռազմակայան Հիմնել

Քաթարի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ահմեթ Տեմիրոք «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Թուրքիան երկկողմանի համագործակցութեան ծիրին մէջ մտադիր է ռազմակայան հիմնել Քաթարի մէջ: «Թուրքիան եւ Քաթարը կը դիմակայեն հասարակաց խնդիրներ, եւ մենք երկուքս ալ մտահոգ ենք շրջանային զարգացումներով եւ միւս երկիրներուն անորոշ քաղաքականութեամբ: Մենք ունինք ընդհանուր թշնամիներ: Միջին Արեւելքի համար այս ճգնաժամային ժամանակաշրջանին մեր միջեւ համագործակցութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի», ըսած...

Ռուսիա Փոխհատուցում Կը Պահանջէ,  Իսկ Թուրքիա Կը Մերժէ Փոխհատուցել

Ռուսիա Փոխհատուցում Կը Պահանջէ, Իսկ Թուրքիա Կը Մերժէ Փոխհատուցել

Ալեքսէյ Մեշքով Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսէյ Մեշքով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Մոսկուան այն կարծիքը ունի, որ Թուրքիոյ գործողութիւնները «իսկական սպառնալիք» կը ներկայացնեն Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն անվտանգութեան համար: «Թուրքիոյ գործողութիւնները, իսկ կարգ մը պարագաներու անոր անգործութիւնը իսկական սպառնալիք են Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն անվտանգութեան համար», ըսաւ Մեշքով: Ան ընդգծեց, որ ատիկա Ռուսիոյ եւ...

«Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ  Սուրիոյ Հարցով Տարակարծութիւնները Կը Յամենան»  Ըսաւ Զախարովա

«Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Սուրիոյ Հարցով Տարակարծութիւնները Կը Յամենան» Ըսաւ Զախարովա

Մարիա Զախարովա Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. «Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Սուրիոյ հարցով տարակարծութիւնները կը յամենան»: Ըստ անոր, «պէտք է տարեսկիզբին զինադադար հաստատուի»: Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով պիտի մասնակցի այսօր Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած Սուրիոյ շուրջ ժողովին: «Ռուսական ռմբաձիգին վար առնուիլը չազդեց սուրիական տագնապին եւ շրջանի կացութեան նկատմամբ մեր կեցուածքին վրայ», ըսաւ...

Քարթըր Թուրքիայէն Ետք Կ՛այցելէ Իրաք.  Իտալիա 450 Զինուոր Պիտի Ուղարկէ`  Պաշտպանելու Համար Մուսուլի Ամբարտակը

Քարթըր Թուրքիայէն Ետք Կ՛այցելէ Իրաք. Իտալիա 450 Զինուոր Պիտի Ուղարկէ` Պաշտպանելու Համար Մուսուլի Ամբարտակը

Իտալիոյ վարչապետ Մաթէօ Ռենզի յայտարարեց, որ Իտալիա անմիջական կերպով հարիւրաւոր իտալացի զինուորներ պիտի ուղարկէ` պաշտպանելու համար հիւսիսային Իրաքի մէջ Մուսուլի ամբարտակը: Ան նշեց, որ նուազուրդը շահած է իտալական ընկերութիւն մը, «եւ ամերիկացիներուն կողքին մեր զինուորներէն 450-ը պիտի ուղարկենք անոր պաշտպանութեան օժանդակելու համար` աւելցնելով, որ ամբարտակը ՏԱՀԵՇ-ի հետ վտանգաւոր սահմանագիծի մը վրայ է, մեծ վնասներ կրած է եւ փուլ գալու վտանգը...

Մատուրօ Ընդդիմութիւնը Կ՛ամբաստանէ  «Կայունութեան Քայքայման» Յանցանքով

Մատուրօ Ընդդիմութիւնը Կ՛ամբաստանէ «Կայունութեան Քայքայման» Յանցանքով

Նիքոլաս Մատուրօ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ երկրին մէջ վերջին ընտրութիւններուն ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրած աջակողմեան ընդդիմութիւնը ամբաստանեց «կայունութեան քայքայման» յանցանքով: Մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ Վենեզուելայի Ընկերվարական միացեալ կուսակցութեան արտակարգ ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Մատուրօ նշեց. «Այս աջին միակ մտասեւեռումը կայունութիւնը քայքայելու եւ սահմանադրութիւնը օգտագործելով յեղաշրջում կատարելու իր ծրագիրը շարունակելն է»: «Ներկայիս ո՛չ քաղքենիութեան, ո՛չ ալ կայսերապաշտութեան հետ համակեցութեան ժամանակն...

Միացեալ Նահանգներ Եւրոպական Միութեան  Յորդորած Է Երկարաձգել  Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները

Միացեալ Նահանգներ Եւրոպական Միութեան Յորդորած Է Երկարաձգել Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները

«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը Եւրոպական Միութեան գործընկերներուն յորդորած է երկարաձգել Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի փոխնախարարի պաշտօնակատար Ատամ Շուպին յայտնած է. «Պատժամիջոցներու գործողութեան ժամկէտի երկարաձգման օգտին Եւրոպական Միութեան որոշումը Ռուսիոյ ղեկավարութեան յստակ ցոյց պիտի տայ, որ տնտեսական յարաբերութիւններու բնականոնացումը տեղի պիտի չունենայ, այնքան ատեն որ տակաւին ան չէ հրաժարած Ուքրանիոյ մէջ նախայարձակ...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հաշուած Են  Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Ծախսերը

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հաշուած Են Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Ծախսերը

Ամերիկեան «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, Ռուսիա ծրագրած է 2016-ին Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան վրայ ծախսել 1,2 միլիառ տոլար: Աղբիւր մը «Պլումպըրկ»-ին յայտնած է, որ Ռուսիոյ` Սուրիոյ պատերազմին միանալու առաջին շրջանին Մոսկուա կը ծախսէր օրական չորս միլիոն տոլար: Սակայն նոյեմբերին, երբ Փութին հրահանգած է աշխուժացնել ռմբակոծումները, ծախսերն ալ աճած են: «Մետուզա» կը յիշեցնէ, որ Ռուսիան պաշտօնապէս չի հրապարակեր Սուրիոյ...

Մոսկուայի Մէջ Միացեալ Նահանգներ  – Ռուսիա Բանակցութիւններ

Մոսկուայի Մէջ Միացեալ Նահանգներ – Ռուսիա Բանակցութիւններ

Քերրի եւ Լաւրով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ: Նախագահ Փութինի հետ իր հանդիպումէն ետք Քերրի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա լուծումներ կը փնտռեն ամէնէն բարդ տագնապներուն, ներառեալ Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ հարցերուն` աւելցնելով, որ երկու երկիրները կրնան շատ բան ընել Սուրիոյ...

Տաւութօղլու. «Թրքական Ուժերուն Կարիք  Պիտի Չըլլայ, Եթէ Պաղտատ Մուսուլի  Եւ Թուրքիա-Իրաք Սահմանի Ապահովութիւնը Երաշխաւորէ»

Տաւութօղլու. «Թրքական Ուժերուն Կարիք Պիտի Չըլլայ, Եթէ Պաղտատ Մուսուլի Եւ Թուրքիա-Իրաք Սահմանի Ապահովութիւնը Երաշխաւորէ»

Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ յայտարարեց, որ եթէ իրաքեան կառավարութիւնը Մուսուլի եւ թուրք-իրաքեան սահմանի ապահովութիւնը երաշխաւորէ, ապա Իրաքի մէջ թրքական ուժերու ներկայութեան կարիք պիտի չըլլայ: «Սակայն մինչ այդ օրը, Թուրքիա իր ազգային անվտանգութեան ծիրին մէջ պիտի որդեգրէ իր միջոցառումները: Ոչ ոք ժխտական իմաստ մը պէտք է փնտռէ», ըսաւ ան: «Մուսուլի մօտ գտնուող Պաաշիքա ճամբարին մէջ Թուրքիոյ ներկայութիւնը Իրաքին...

Քարթըր. «Թուրքիայէն Կը Պահանջենք,  Որ Ամրապնդէ Սուրիոյ Հետ  Իր Սահմանին Վերահսկողութիւնը»

Քարթըր. «Թուրքիայէն Կը Պահանջենք, Որ Ամրապնդէ Սուրիոյ Հետ Իր Սահմանին Վերահսկողութիւնը»

Աշթըն Քարթըր Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Աշթըն Քարթըր երէկ դէպի Ինճիրլիք իր ճամբորդութեան ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ թրքական ղեկավարութեան հետ պիտի քննարկէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին Անգարայի մասնակցութիւնը ընդլայնելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ Թուրքիոյ վերահսկողութիւնը ամրապնդելու հարցերը: Ան յայտարարեց, որ «Ուաշինկթըն կ՛ուզէ, որ Թուրքիան ամրապնդէ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վերահսկողութիւնը»` աւելցնելով, որ այդ մէկը...

«Իսլամական Պետութիւններու Միացեալ Կեցուածքը  Ահաբեկչութիւնը Իսլամութեան Կապողին  Ուղղուած Ամէնէն Ուժեղ Պատասխանն Է»  Ըսաւ Տաւութօղլու

«Իսլամական Պետութիւններու Միացեալ Կեցուածքը Ահաբեկչութիւնը Իսլամութեան Կապողին Ուղղուած Ամէնէն Ուժեղ Պատասխանն Է» Ըսաւ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ իսլամական երկիրներուն ահաբեկչութեան դէմ որդեգրած միացեալ կեցուածքը ամէնէն ուժեղ պատասխանն է ուղղուած անոնց, որոնք կը ջանան ահաբեկչութիւնը կապել իսլամութեան: «Թուրքիան պատրաստ է իր կարողութեան սահմաններուն մէջ նպաստելու, եթէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ժողով մը ճշդուի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իսլամական պետութիւններուն միջեւ այս ջանքերը ճիշդ քայլեր են»: Նշենք, որ Ռիատի մէջ հրապարակուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար...

Եւրոպական Միութիւնը Խոր Բարեփոխումներու  Ենթարկելու Կարիքին Շուրջ  Բրիտանիա-Իտալիա Համաձայնութիւն

Եւրոպական Միութիւնը Խոր Բարեփոխումներու Ենթարկելու Կարիքին Շուրջ Բրիտանիա-Իտալիա Համաձայնութիւն

Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ իրենք համաձայն են, որ Եւրոպական Միութիւնը կը կարօտի խոր բարեփոխումներու` պաշտպանելու համար Եւրոյի գօտիին մաս չկազմող իր անդամները եւ դիմակայելու համար գաղթականներու ճգնաժամը: Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաոլօ Ճենթիլոնի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իրենց յօդուածին մէջ նշեցին, որ երկու երկիրներուն միջեւ հասարակաց լայն ենթահող...

Թուրքիոյ, Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Արտաքին Գործոց Նախարարները  Պիտի Հանդիպին Թիֆլիսի Մէջ

Թուրքիոյ, Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Հանդիպին Թիֆլիսի Մէջ

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն  հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 21-22 դեկտեմբերին` Թիֆլիսի մէջ: Մեւլութ Չաւուշօղլու, Կէորկի Քվիրիքաշվիլի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկեն օրակարգային հարցեր, մասնաւորաբար երեք երկիրներուն միջեւ ռազմավարական եւ տնտեսական համագործակցութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի նախագիծին ներկայ կացութիւնը:  

Հազարաւոր Պրազիլցիներ Կը Պահանջեն  Երկրի Նախագահին Պաշտօնազրկումը

Հազարաւոր Պրազիլցիներ Կը Պահանջեն Երկրի Նախագահին Պաշտօնազրկումը

«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ հազարաւոր պրազիլցիներ փողոց դուրս եկած են երկրի գործող նախագահ Տիլմա Ռուսեֆը պաշտօնազրկելու` Քոնկրեսին ուղղուած պահանջով: Բազմամարդ ցոյցեր տեղի ունեցած են Պրազիլի տարբեր քաղաքներուն մէջ, ներառեալ` մայրաքաղաք Պրազիլիայի եւ ընդդիմութեան կեդրոններէն Սան Փաուլոյի մէջ: Նախքան բողոքի ցոյցերը, խորհրդարանը արդէն ընթացքի մէջ դրած է նախագահի պաշտօնազրկման ընթացակարգը: Նախապէս ընդդիմութիւնը պահանջած է Ռուսեֆի պաշտօնէն հրաժարումը` զինք մեղադրելով չարաշահումներու,...

Ալիեւ Հիմնած Է Պետական Անվտանգութեան  Եւ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութիւններ

Ալիեւ Հիմնած Է Պետական Անվտանգութեան Եւ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութիւններ

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրած է հրամանագիր` Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան մէջ երկու նոր ծառայութեան հիմնադրման մասին: Այսուհետեւ Ազրպէյճանի Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան մէջ պիտի գործեն պետական անվտանգութեան եւ արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնները: Պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար նշանակուած է Մատաթ Կուլիեւ, իսկ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար` Օրհան Սուլթանով:

Թրքական Ուժերը Մասնակի  Կերպով Հեռացան Մուսուլէն

Թրքական Ուժերը Մասնակի Կերպով Հեռացան Մուսուլէն

Իրաքեան լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական ուժերը մասնակի կերպով հեռացած են Մուսուլի շրջանէն: Թրքական աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեցին, որ Պաաշիքայի ճամբարին մէջ հաստատուած զօրքերուն մէկ մասը փոխադրուած է հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական ինքնավար շրջանի կառավարութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջան: Ըստ աղբիւրներուն, զինուորները 14 դեկտեմբերին հեռացած են ճամբարէն, սակայն ներկայիս Թուրքիա պիտի չվերադառնան: «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը նշէ, որ այդ...

Չաւուշօղլու. «Ռուսիոյ Նկատմամբ Անգարայի  Համբերութիւնը Չափ Ու Սահման Ունի».  Մոսկուա Թուրքիան Կը Զգուշացնէ Թրքական  Անխոհեմ Քայլերու Աղէտալի Հետեւանքներէն

Չաւուշօղլու. «Ռուսիոյ Նկատմամբ Անգարայի Համբերութիւնը Չափ Ու Սահման Ունի». Մոսկուա Թուրքիան Կը Զգուշացնէ Թրքական Անխոհեմ Քայլերու Աղէտալի Հետեւանքներէն

Էրտողան` լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը թրքական իշխանութիւնները զգուշացուց «թրքական անխոհեմ միջոցառումներու աղէտալի հետեւանքներէն»` նշելով, որ Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդին խիստ կերպով բացատրուած են «Սուրիոյ մէջ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու պարտականութիւնը ստացած ռուսական զօրքերուն դէմ Անգարայի անխոհեմ հաւանական միջոցառումներու աղէտալի հետեւանքները»: «Խոր մտահոգութիւն յայտնեցինք թրքական կողմէն Եգէական ծովուն մէջ ռուսական յածանաւին նկատմամբ կատարուած սադրիչ արարքներուն առնչութեամբ,...

Page 816 of 882 1 … 815 816 817 … 882

Արխիւներ